ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով եւ աւանդական ցնծութեան մթնոլորտի մէջ նշեց Սուրբ Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը։ Խաղողօրհնէքի խորհուրդը այս տարի եւս հաւատացեալները ի մի բերաւ հոգեւոր ցնծութեամբ ու բերկրանքի սրտաբուխ մաղթանքներով։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարին մէջ երէկ տաղաւարի առթիւ ստեղծուեցաւ հոգեւոր ցնծութեան մթնոլորտ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի խաղողօրհնէքի մեծահանդէս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Ս. Տրդատի բաց խորանին վրայ։ Տ. Ոսկան Արք. Գալփաքեանի հանդիսապետութեամբ կատարուած խաղողօրհնէքէն վերջ օրհնուած ողկոյզները բաժնուեցան հաւատացեալ ժողովուրդին։
Պոլսոյ մէջ ալ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնը նշուեցաւ մեծ շուքով։ Քաղաքիս բոլոր եկեղեցիներուն մէջ զգալի էր տաղաւարի յուզումը։ Ինչպէս ամէն ամառ, այս տարի եւս Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ խուռներամ բազմութեան մասնակցութեամբ տեղի ունեցան տօնակատարութիւնները։ Զուգահեռաբար՝ Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ ալ տաղաւարի առթիւ կազմակերպուեցաւ քէրմէս մը, որ նոյնպէս այցելու հաւատացեալներու ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։ Տաղաւարը առիթ հանդիսացաւ նաեւ Գարթալի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ պատմական աւանդութիւններու վերակենդանացման։ Խնդրակատար սուրբի անունին ձօնուած մեր այս գողտրիկ եկեղեցին դռները լայն բացած էր հաւատացեալներուն համար։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախագահեց Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ տօնակատարութիւններուն։ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան հանդիսապետեց Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ տօնախմբութեան։ Ծանօթ է, որ քաղաքիս մէջ կան բազմաթիւ հայկական եկեղեցիներ, որոնք կը կոչուին Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր անունով։ Բոլորն ալ երէկ հանդիսացան մեր հաւատացեալներու ժամադրավայրը՝ ինչպէս քաղաքիս հայահոծ թաղերու եկեղեցիները, ուր անդաստաններով, թափօրներով եւ խաղողօրհնէքով պայմանաւորուած բարձր տրամադրութեան պայմաններու ներքեւ առ Աստուած աղօթքները միախառնուեցան աշխարհի խաղաղութեան, մեր երկրի անդորրութեան, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պայծառութեան, մեր համայնքի բարեկեցութեան ու բերկրառատ օրերուն համար։
ՎԱՔԸՖԼԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Վաքըֆլըգիւղի մէջ ալ Ս. Աստուածածնի տօնակատարութիւնները ստեղծեցին մեծ խանդավառութիւն։ Գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց հոգեւոր հովիւ Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան։ Հոծ թիւով հաւատացեալներ հետեւեցան խաղողօրհնէքին։ Օրհնուած աւանդական հարիսան ալ բաժնուեցաւ ժողովուրդին։ Տօնակատարութիւններուն զուգահեռ գիւղին մէջ շաբաթավերջը ընդհանուր առմամբ բնորոշուեցաւ խրախճանքով։ Համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեանն ալ հանդէս եկաւ երաժշտական կատարումներով։