ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ԿՈՂՄԷ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ մը, որ կը վերաբերի Արցախի գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնական իրաւունքներու ոտնահարման դէպքին։ Այսպէս, Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Հայաստանի սրբազաններն ու թեմակալ առաջնորդները հանդէս եկած են յայտարարութիւնով մը՝ Արցախի Հանրապետութեան Ատրպէյճանի կողմէ գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հիմնարար իրաւունքներուն դէմ վերջերս կատարուած ոտնձգութեան կապակցութեամբ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգը երէկ հրապարակեց սոյն յայտարարութեան բնագիրը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։

*

Օրեր առաջ Ատրպէյճանի քարոզչամեքենան յանցաւոր չարախնդրութեամբ եթեր հեռարձակեց Արցախի Հանրապետութեան գերեվարուած ռազմաքաղաքական ղեկավարներու հետ պարտադրուած հարցազրոյցներու հիման վրայ յօրինուած, յառաջիկայ մարտի 28-ին ցուցադրութիւնը նախատեսուած, այսպէս կոչուած «Անթիթերէօր» վերնագրեալ ֆիլմի անոնսը։

Արցախի առեւանգուած ու պատանդ ղեկավարներուն դէմ ցուցաբերուած նման քայլը հերթական անգամ կը բացայայտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան հակահայկական էութիւնը։

Ամօթալի նմանօրինակ գործողութիւններով ուղղակիօրէն կ՚ոտնահարուին եւ կ՚անարգուին միջազգայնօրէն ճանչցուած մարդու հիմնարար իրաւունքները։ Հերթական անգամ կը փորձուի գերեվարուած անձանց խոցելիութիւնը օգտագործելու անբարոյ գործելաոճի միջոցաւ ապակողմնորոշել միջազգային հանրութիւնը եւ տասնամեակներ շարունակ Ատրպէյճանի բռնութիւններու եւ գոյաբանական սպառնալիքներու դէմ Արցախի հայութեան մղած ինքնորոշման արդար պայքարը ներկայացնել՝ որպէս ահաբեկչութիւն։

Գերեվարուած հայորդիները նուաստացնող բացայայտ այս գործողութիւնները կրկին ակներեւ կը դարձնեն խաղաղութեան հասնելու Ատրպէյճանի ղեկավարութեան հաւաստիացումներու կեղծ ու նենգամիտ բնոյթը։

Խաղաղութիւնը չի կրնար կերտուիլ հայ ժողովուրդի արժանապատուութեան ոտնահարման, ատելութեան ու թշնամանքի շարունակական սերմանման եւ արցախահայութեան արդար իրաւունքներուն դէմ անարգալից դրսեւորումներու պայմաններուն ներքեւ։

Հայաստանի իշխանութիւնները «խաղաղութեան դարաշրջան» կերտելու իրենց ձգտումներուն մէջ առաջնայնօրէն պէտք է հասնին Ատրպէյճանի կողմէ նմանօրինակ ակրեսիւ ու թշնամական գործողութիւններու բացառման եւ բոլոր հայ գերիներու անպայմանաւոր ազատ արձակման։

Կոչ կ՚ուղղենք միջազգային հանրութեան, մարդասիրական առաքելութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն՝ համարժէքօրէն արձագանգել հայ գերիներու դէմ Ատրպէյճանի դրսեւորած յիշեալ զազրելի գործողութիւններուն եւ առաւել գործնական ու ազդու միջոցներ կիրառել հայ գերիներու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ հայրենիք շուտափոյթ վերադարձին ուղղութեամբ։

Կ՚աղօթենք երկնաւոր Տիրոջ, որպէսզի զօրացնէ բոլոր նեղեալներն ու գերեալները՝ յաղթահարելու համար մարդկային չարիքի ու արհաւիրքի պատճառած զրկանքներն ու տառապանքները։

Թող ամենազօր Աստուած օրհնէ մեր երկիրն ու ժողովուրդը եւ խաղաղութիւն սփռէ համայն աշխարհին ու մեր տարածաշրջանին մէջ։

Շաբաթ, Մարտ 16, 2024