ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Մոսկուայի Պետական մանկավարժական համալսարանի վերատեսուչ ակադեմիկոս Ալեքսէյ Սեմիոնովի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ վերջերս շփումներ ունեցաւ Հայաստանի մէջ։ Հիւրերուն կ՚ընկերանար Երեւանի «Խաչատուր Աբովեան» Պետական մանկավարժարան համալսարանի վերատեսուչ Փրոֆ. Ռուբէն Միրզախանեան։
Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութեան նկատառման յանձնուեցաւ, թէ այս երկու բարձրագոյն կրթական հաստատութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած է համագործակցութիւն ու մշակուած են զանազան ծրագրեր։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը արտայայտեց իր գնահատանքը այս օգտաշատ նախաձեռնութիւններուն համար ու մեծապէս կարեւորեց կրթական հաստատութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու սերտացումը եւ առաւել արդիւնաւորումը։ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութիւն յայտնեց պետական մակարդակի վրայ կրթական ոլորտէն ներս ձեւաւորուած գործակցութեան կապակցութեամբ։ Ան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պատմական դերակատարութեան շուրջ՝ կրթութեան կազմակերպման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձաւ նաեւ կրթադաստիարակչական ոլորտէն ներս Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ ներկայիս ծաւալուած գործունէութեան։ Զրոյցի տեւողութեան ան նշեց, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը սերտօրէն կը համագործակցի Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարարութեան հետ, կ՚իրականացուին համատեղ ծրագրեր։
Վեհափառ Հայրապետը հիւրերու ուշադրութեան յանձնեց նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական եւ Ռուս Ուղղափառ եկեղեցիներու միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններն ու համագործակցութիւնը, որու շրջանակներէն ներս կը կատարուին ուսանողներու փոխանակումներ՝ հոգեւոր կրթութեան հաստատութիւններուն միջեւ։
Ալեքսէյ Սեմիոնովն ալ ընդգծեց, որ իր ղեկավարած համալսարանը եւս ամուր կապեր ունի Ռուս Ուղղափառ եկեղեցւոյ հետ։