ԽԱՉՎԵՐԱՑԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ

Խաչվերացի տօնին առթիւ երէկ աւանդական արարողութիւններ տեղի ունեցան Գնալի բարձունքին։ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագեց եւ քարոզեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Արարողութիւններու աւարտին ռեհանով զարդարուած թափօրի մեծ խաչը հանդիսաւորապէս բարձրացուեցաւ խորան, ուր յատուկ օրհնութեան կարգ տեղի ունեցաւ պատարագիչ հայր սուրբին ձեռամբ։ Ներկայ հաւատացեալները հոգեւոր մեծ բաւարարութիւն զգացին՝ տաղաւարի օրով ստանալով ամենայաղթ Սուրբ Խաչի օրհնութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 16, 2024