ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ Կ՚ԱՀԱԶԱՆԳԷ

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան բաժինը երէկ երեկոյեան ժամերուն հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը։

*

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խոր անհանգստութեամբ կը հետեւի Հայաստանի Հանրապետութեան արեւելեան սահմանին Ատրպէյճանի կողմէ սանձազերծուած մարտական գործողութիւններուն, որոնք կը սպառնան լայնածաւալ պատերազմի վերածուելու։ Ատրպէյճան, անտեսելով 2020 թուականի նոյեմբերի 9-ի եռակողմանի յայտարարութեան պայմանները, նոր յաւակնութիւններ կը դրսեւորէ այս անգամ Հայաստան պետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ։

Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին կոչ կ՚ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ միջեկեղեցական ու միջկրօնական կառոյցներուն եւ քոյր եկեղեցիներու առաջնորդներուն՝ հասու բոլոր միջոցներով ձայն բարձրացնելու եւ կասեցնելու Ատրպէյճանի հերթական ոտնձգութիւնները՝ յանուն մարդկային կեանքերու փրկութեան եւ հիմնարար իրաւունքներու պաշտպանութեան, յանուն նոր ողբերգութեան կանխման։

Հայոց Եկեղեցին աշխարհասփիւռ իր զաւակներուն կը յորդորէ՝ զօրավիգ ըլլալ հայրենիքին եւ կարելին ի գործ դնել՝ իրենց պետութիւններու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ուշադրութեան յանձնելու համար յիշեալ դատապարտելի գործողութիւնները, որոնք վերստին կ՚ապակայունացնեն իրավիճակը տարածաշրջանէն ներս եւ կը խաթարեն թանկ գինով հաստատուած փխրուն խաղաղութիւնը։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ հոգեւոր դասը կ՚աղօթեն հայոց պետականութեան անսասանութեան, ազգի միասնականութեան ու ամուր կամքի եւ հայրենեաց պաշտպաններու արիասիրտ ոգիին համար՝ յաղթահարելու այս մարտահրաւէրները եւ վերականգնելու խաղաղ, ապահով եւ արժանապատիւ կեանքը մեր ժողովուրդի։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2021