ԱՀԱԶԱՆԳԻ ՎՐԱՅ ԱՀԱԶԱՆԳ
Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կողմէ այս շրջանին ահազանգի վրայ ահազանգ կը հնչէ՝ Սուրբ Քաղաքի հայկական թաղամասի խնդիրներուն կապակցութեամբ։ Երէկ, հայկական լրասփիւռին մէջ ուշադրութիւն գրաւեց Սուրբ Աթոռի դիւանապետ Տ. Աղան Աբեղայ Գոգճեանի կողմէ կատարուած գրառումը, ըստ որու Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանը կը գտնուի իր 16 դարեայ պատմութեան ամենամեծ գոյակցութեան սպառնալիքին ներքեւ։ Այսպէս, գոյութենական-տարածքային վտանգը լիովին կը տարածուի Երուսաղէմի բոլոր քրիստոնէական համայնքներուն վրայ։ Դիւանապետը յիշեցուցած է, որ հայոց պատրիարքարանը վերջերս չեղարկած է կեղծ ներկայացուցչութեամբ, անհարկի ազդեցութեամբ եւ անօրինի օգուտներով պատուած պայմանագիրը։ Խօսքը կը վերաբերի ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածին, որու վարձակալութեան պայմանագիրը չեղեալ համարուած էր Սուրբ Աթոռին կողմէ բոլորովին վերջերս՝ նոյեմբերի 1-ին։
«Չեղարկման օրինական պատասխան տալու փոխարէն՝ կառուցապատողները կը փորձեն շինարարութիւն իրականացնել «Կովերու պարտէզ» կալուածին վրայ։ Անոնք ամբողջութեամբ անտեսած են Պատրիարքարանի օրինական դիրքորոշումը այս հարցին մէջ՝ փոխարէնը ընտրելով սադրանքը, բռնութիւն հրահրող մարտավարութիւն՝ ներառեալ սեփականութեան ոչնչացումը վարձու, զինեալ սադրիչներու միջոցաւ», գրած է դիւանապետը։
Վերջին օրերուն Երուսաղէմի հայկական թաղամասի տարածքէն ներս ասֆալթի ահռելի ոչնչացումն ու հեռացումը իրականացուած է առանց Երուսաղէմի քաղաքապետարանի, կառուցապատողի եւ ոստիկանութեան թոյլտուութեան։ Հակառակ այս հանգամանքին, ոստիկանութիւնը, այնուամենայնիւ, վերջին քանի մը օրերուն նախընտրած է հայ համայնքի բոլոր անդամներէն պահանջել՝ ազատել տարածքը։ «Մենք կը խնդրենք Երուսաղէմի ամբողջ քրիստոնեայ համայնքներուն այս աննախադէպ ժամանակներուն կանգնիլ հայոց պատրիարքարանի կողքին, որովհետեւ սա եւս մէկ յստակ քայլ է, որ առնուած է Երուսաղէմի եւ Սուրբ Երկրի մէջ քրիստոնեաներու ներկայութիւնը վտանգելու նպատակով», նշուած է Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի դիւանապետի գրառման մէջ։