ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ Ս. ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՇՔԱՆՇԱՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆՄԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ շքանշաններու յանձնման արարողութիւն մը։ Մեծարանքի հանդիսաւոր հաւաքոյթը նախատեսուած էր «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ։ Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Սահակ-Սուրբ Մեսրոպ» պատուոյ բարձր շքանշանը շնորհեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ճարտարապետական խորհուրդի անդամներէն Հրաչ Պօղոսեանին, Աշոտ Ալեքսանեանին եւ Կորիւն Ղաֆատարեանին։ Բաց աստի, Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» պատուոյ բարձր շքանշանը շնորհեց բարերար Կառլէն Գէորգեանին՝ ի գնահատութիւն Հայ Եկեղեցւոյ մատուցած երկարամեայ, նուիրեալ եւ օգտաշատ ծառայութիւններուն համար։

Պարգեւատրման արարողութեան ընթացքին Հայրապետական սրբատառ կոնդակները վերաբերուեցան հանդիսաւորապէս եւ ընթերցուեցան՝ մինչ Վեհափառ Հայրապետը մեծարեալներուն կուրծքը զարդարեց շը-քանշաններով։ Հաւաքոյթը աւարտին հասաւ Նորին Սրբութեան օրհնութեան խօսքով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 18, 2023