ԱԹՈՌԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁ
Շաբաթավերջին հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ նշուեցաւ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան տարեդարձը։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Հոգեգալստեան տօնի շաբաթավերջին կը նշուի Պատրիարքութեան հաստատումը։ Որպէս Պատրիարքարանի հիմնադրութեան թուական ընդունուած խորհրդանշական տարին է 1461-ը։ Ուստի, շաբաթավերջին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ գոհաբանական աղօթքով նշուեցաւ Աթոռի 563-րդ տարեդարձը։
Արարողութեան նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ քարոզին մէջ հակիրճ արժեւորեց Պատրիարքութեան՝ աւելի քան 560 տարուան առաքելութիւնը։ Նորին Ամենապատուութեան կողքին էին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները։
Հուսկ, խորանին առջեւ կատարուած նկարահանումէն վերջ, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հոգեւորականաց դասու անդամներուն նուիրեց «Պոլիսը՝ հին եւ նոր» գիրքը։
Եկեղեցական
- 11/27/2024