ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՇԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հայրապետական տնօրինութեամբ կատարուեցան կարգ մը նշանակումներ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը հաղորդեց, որ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեան նշանակուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան հարցերով գրասենեակի տնօրէն, իսկ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան այսուհետեւ կը դառնայ նոյն գրասենեակի վարիչը։

Մինչ այդ, Տ. Սահակ Վրդ. Շաքարեան ծառայութեան կոչուած է Սիւնեաց թեմէն ներս՝ առաջնորդական տեղապահի իշխանութեան ներքեւ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 20, 2023