ՆԵՐՔԻՆ ԹԵՄԵՐՈՒ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԸ ԱՂՈՒԵՐԱՆԻ ՄԷՋ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնին նախաձեռնութեամբ վերջերս տեղի ունեցաւ կիրակնօրեայ դպրոցներու ուսուցիչներու համաժողովը։ Աղուերանի մէջ, «World Vision» բարեգործական կազմակերպութեան աջակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս համաժողովը, որուն մասնակցեցան շուրջ հարիւր կրթական մշակներ՝ ներքին թեմերէն։
Հնգօրեայ համաժողովի իւրաքանչիւր օրը սկսաւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեամբ եւ աւարտին հասաւ հաւաքական աղօթքով։ Համաժողովի շրջագծով մասնակիցներուն ներկայացուեցաւ նաեւ Ս. Պատարագի խորհուրդը՝ իր ամբողջութեան մէջ։
Համաժողովի հինգ օրերու ընթացքին բանախօսութիւններով հանդէս եկան Տաւուշի Թեմակալ Առանջորդ Տ. Բագրատ Եպսկ. Գալստանեան, Արթիկի Թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Նարեկ Վրդ. Աւագեան, Քրէակատարողական հիմնարկներու հոգեւոր ծառայութեան պատասխանատու Տ. Ռուբէն Վրդ. Զարգարեան, Եպիսկոպոսաց ժողովի գրասենեակի տնօրէն Տ. Զաքարիա Վրդ. Բաղումեան, Արարատեան Հայրապետեական Թեմէն Տ. Նշան Քհնյ. Ալավերտեան, Տ. Աբգար Քհնյ. Մարգարեան եւ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ծրագրերու պատասխանատու Արշաւիր Գաբուճեան։
Խմբային աշխատանքները ուղղորդուեցան Աննա Խաչատրեանի եւ Շիրակի Թեմէն Տ. Նշան Քհնյ. Պանֆիորովի կողմէ։ Խմբային աշխատանքներու արդիւնքին կրթական մշակները պատրաստեցին զանազան ստեղծագործութիւններ, որոնք կը ներկայացնեն կիրակնօրեայ դպրոցներու առաքելութիւնը։
Համաժողովի ընթացքին՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոց Վարդապետի յիշատակութեան օրը, մասնակիցները Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան Աղուերանի 12-րդ դարու Ս. Աստուածածին խոնարհուած եկեղեցւոյ մէջ։ Պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Քրիստոնէական դաստիարակութեան կեդրոնի տնօրէն Տ. Վարդան Եպսկ. Նաւասարդեան։
Համաժողովի աւարտին, արդէն տարիներու ընթացքին ձեւաւորուած աւանդութեան համաձայն, մասնակիցները՝ շնորհակալ զգացումներով հաւաքական աղօթք յղեցին առ Աստուած Ամենայն Հայոց Հայրապետի կենաց արեւշատութեան եւ երկարամեայ արդիւնաշատ գահակալութեան համար։
Հարկ է նշել, որ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը ներքին թեմերու մէջ թափով յառաջ կը տանի կիրակնօրեայ վարժարաններու ծրագրերը՝ նոր սերունդը հաղորդ պահելու համար կրօնաբարոյական գիտելիքներուն։