ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՍՈՒՐԲ ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ՏԱՃԱՐԻ ՅԱՏԱԿԻ ՆՈՐՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻ
Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը, որ միշտ համաքրիստոնէական ուշադրութեան առարկայ է, այս շրջանին յաւելեալ հետաքրքրութեան կ՚արժանանայ՝ վերանորոգման աշխատանքներու բերումով։ Արդարեւ, Տէր Յիսուս Քրիստոսի լոյս գերեզմանին վրայ կառուցուցած հոյակերտ սրբավայրի յատակի նորոգութիւնը ընթացքի մէջ է տեւական ժամանակէ ի վեր։ Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցին, Յոյն Ուղղափառ եկեղեցին եւ Կաթոլիկ եկեղեցին, որոնք կը տնօրինեն Տէրունակոխ սրբավայրերը, նախագիծը կը վերահսկեն ամենայն բծախնդրութեամբ։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութիւնը, Յունաց Պատրիարքութիւնը եւ Ֆրանսիսքեան միաբանութիւնը միշտ կը համագործակցին՝ այս նախաձեռնութեան ի կատար ածման ծրագրին։
Սուրբ Քաղաքի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը նախընթաց օր իրենց հերթական այցելութիւնը տուին Սուրբ Յարութեան տաճարը, ուր տեղւոյն վրայ հետեւեցան յատակի վերանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին։ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Տ. Թէոդորոս Եպսկ. Զաքարեան, որուն ընկերացան Սամուէլ Ծայրագոյն Վարդապետ Աղոյեան, Տ. Վազգէն Վրդ. Ալեքեան եւ Տ. Արտակ Աբեղայ Սարուխանեան։
Բոլոր իրաւատէր յարանութիւններու պատուիրակութիւնները մանրամասն տեղեկութիւններ ստացան վերանորոգման աշխատանքին եւ նախագծի թեւակոխած փուլին շուրջ։
Եկեղեցական
- 11/27/2024