ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԻՇԽԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՋԵՒ ԿԱՊԸ ԽԶՈՒԱԾ

Հայաստանի զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ կը շարունակէ մշտական քննարկման նիւթ մնալ երկրի այժմու ղեկավարութեան եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններու առկայ ընթացքը։ Այսօր «Հրապարակ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած է գրութիւն մը, որով հերթական անգամ անդրադարձ կը կատարուի այս խնդրին։ Յօդուածին մէջ նշուած է, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն եւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ կապը պատերազմէն յետոյ անդառնալիօրէն խզուած է։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պետական կառոյցներու արժեւորումը, անոնց դերակատարութիւնը, փաստօրէն, կը դիտարկէ սեփական, նեղանձնական պրիսմակով։

Յօդուածին մէջ ուշադրութիւն կը հրաւիրուի, որ այս տարի եւս Փաշինեան Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի ծննդեան տարեդարձը չէ շնորհաւորած։ Անցեալ կիրակի՝ օգոստոսի 21-ին Վեհափառ Հայրապետի տարեդարձն էր եւ ըստ ընկալեալ սովորութեան Հայաստանի պետական աւագանին շնորհաւորականներ կ՚ուղարկէր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Այս տարի այդ աւանդութիւնը շարունակուեցաւ միայն Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ։ Ըստ «Հրապարակ» թերթին, իշխանութեան գլուխ գալէն վերջ Նիկոլ Փաշինեան երեք տարի անընդմէջ «ջերմօրէն» շնորհաւորած էր Վեհափառ Հայրապետը, կարեւորելով ժողովուրդի կեանքէն ներս Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ «մեծ կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը»։ Աւելին, վարչապետը վստահութիւն կը յայտնէր, թէ Նորին Սրբութիւնը պիտի շարունակէ այդ ուղղութեամբ արդիւնաւէտ գործունէութիւնը։

Պատերազմէն յետոյ, երբ Վեհափառ Հայրապետը սկսաւ հրապարակաւ քննադատել իշխանութիւնները, դարձաւ Փաշինեանի աչքի փուշը։ Թերթը կը գրէ, որ ըստ որոշ տեղեկութիւններու, իշխանական վերահսկողութեան տակ գտնուող լրատուամիջոցներուն, նոյնիսկ Հանրային հեռուստատեսութեան հրահանգ տրուած է՝ որեւէ կերպով չլուսաբանել Կաթողիկոսի գործունէութիւնը։

Հարկ է յիշեցնել, որ պատերազմէն վերջ Վեհափառ Հայրապետը եւ Նիկոլ Փաշինեան, ըստ էութեան, հիմնական մէկ առիթով հանրութեան առջեւ տեսնուեցան նոյն մթնոլորտին մէջ՝ այդ ալ Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի երդման արարողութիւնն էր։ Նորին Սրբութիւնը այդ արարողութեան ընթացքին նորընտիր նախագահին տուած էր իր օրհնութիւնը։ Յամենայնդէպս, յաջորդ քայլափոխին աւանդութիւնը եւ նախընթացները յարգելով Վահագն Խաչատուրեանն ալ չայցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ մինչ իրմէ կ՚ակնկալուի չէզոք վերաբերմունք՝ պետութեան գլխաւորը ըլլալու հանգամանքին բերումով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 24, 2022