ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Սուրիոյ եւ Լիբանանի Աստուածաշնչային ընկերութեան նախագահ Ամին Խուրին եւ Պէյրութի «Սուրբ Յովսէփ» համալսարանի վերատեսուչ Հայր Սելիմ Տաքաշը։ Ողջունելով հիւրերուն այցելութիւնը հայոց հոգեւոր կեդրոն՝ Վեհափառ Հայրապետը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Կաթոլիկ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցիներուն միջեւ ձեւաւորուած են ջերմ յարաբերութիւններ եւ զանազան ոլորտներէ ներս համագործակցութիւն։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի տեւողութեան անդրադարձաւ նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ յայտնուած տարածքներէն ներս հայկական հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման եւ անոնց իւրացման քաղաքականութեան։

Իր կարգին, Ամին Խուրի շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ ընդունելութեան համար։ Ան ընդգծեց, որ իրենց այցելութիւնը եզակի հնարաւորութիւն մը ընձեռած է՝ հաղորդ դառնալու համար քրիստոնէական հնագոյն երկիրներէն մէկուն սրբավայրերուն եւ հոգեւոր արժէքներուն։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 25, 2022