ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՂՈՐԴՈՒԹԻՒՆ

Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը երէկ առաւօտ Վատիկանի մէջ հիւրընկալեց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ նորընտիր Կաթողիկոս-Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.-ը, որուն կ՚ընկերանային Ս. Սինոդի անդամները։ Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նորընտիրին յանձնեց եկեղեցական հաղորդութեան վաւերագիրը, որ կը կրէ իր իսկ ստորագրութիւնը։ Վաւերագրին մէջ նշուած է, որ պատրիարքի ընտրութիւնը զուգադիպած է այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ մարդիկ մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը գտնուին՝ յատկապէս Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, ուր Հայոց Տանն Կիլիկիոյ եկեղեցին ներկայ է։ Քահանայապետը շեշտած է, որ ինք լաւ կը ճանչնայ հայ ժողովուրդը, անդրադարձած է անոր աւելի քան 1700 տարուայ քրիստոնէական վկայութեան ու շեշտած է, որ հայ ժողովուրդը մասնագէտ է «տառապելու» մէջ։ Սրբազան Պապը շեշտած է անոր անսպառ կարողութիւնը՝ վերածաղկելու եւ պտուղ տալու, իր սուրբերուն ու նահատակներու սրբութեան եւ իմաստութեան միջոցաւ, իր վարդապետներու եւ հոգեւորականներու մշակոյթին միջոցաւ եւ շնորհիւ իր արուեստին, որ գիտէ ժայռին մէջ քանդակել խաչը՝ որպէս կեանքի ծառ, որ հաւատքի յաղթանակի վկայութիւնն է, աշխարհի որեւէ հակառակ ուժին վրայ։

Վաւերագրին մէջ Սրբազան Քահանայապետը առանձնապէս կարեւորած է նոր սերունդներու նկատմամբ ցուցաբերուելիք խնամքը։ Այս ամբողջին մէջ յատկապէս անդրադարձ կատարուած է իմաստուն ներդաշնակութիւն որոնելու տարբեր միաբանութիւններու միջեւ՝ մասնաւորապէս Անարատ Յղութեան քոյրերու, Մխիթարեան միաբանութեան եւ Զմմառի պատրիարքական միաբանութեան միջեւ։

Վաւերագիրը եզրափակուած է նորընտիրին համար հայոց սուրբերու բարեխօսութեան հայցով։ Սրբազան Պապը այս ամբողջին մէջ առանձնացուցած է Ս. Գրիգոր Նարեկացին՝ վերյիշելով, որ ինք ուրախութիւնը ունեցած է զայն հռչակել Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ։ Քահանայապետը յորդորած է նաեւ մասնաւորապէս ցոյց տալ եղբայրութեան եւ համամիասնութեան երկխօսութեան ճանապարհը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ եղբայրներուն հետ։  

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2021