Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ

Այսօր, Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը յիշատակէ Ս. Ստեփանոսը՝ առաջին սարկաւագը, քրիստոնէութեան նախավկան։ Աւանդական տօնակատարութիւններով կը խնդրուի սուրբին բարեխօսութիւնը։ Մինչ այդ, երէկ երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ նախատօնակի հանդիսաւոր արարողութիւն, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 25, 2023