ԲԵՐԿՐԱԼԻ ՏԱՂԱՒԱՐ
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ տօնեց Քրիստոսի Հրաշափառ Սուրբ Յարութիւնը՝ մեծ շուքով։ Բերկրալի տաղաւարին առթիւ համայն հայութեան ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի վրայ։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը նախագահեց Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարէն ներս տեղի ունեցած տօնակատարութիւններուն, մատոյց տաղաւարի մեծահանդէս Ս. Պատարագը եւ տուաւ համայն հայութեան ուղղեալ պատգամը։
Երէկ առաւօտ Մայր Տաճարի զանգերը ղօղանջեցին տօնական աւետիսով։ Նորին Սրբութիւնը ծանրաշուք թափօրով մը առաջնորդուեցաւ Մայր Տաճար՝ հայրապետական լրիւ հանդերձանքի մէջ։ Ամպհովանիին տակ Վեհափառ Հայրապետին հետ էին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ կողակիցը՝ Ռիթա Սարգսեան։ Ս. Պատարագի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին առընթերակայ էին լուսարարապետ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Վարչատնտեսական բաժնի տնօրէն Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապաեան։
Հայաստանի Հանրային հեռուստաընկերութեան կողմէ ուղիղ եթերով տեսասփռուած տաղաւարի մեծահանդէս Սուրբ Պատարագը կեդրոնացուց Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտին ուշադրութիւնը։ Ս. Զատկի տօնին առթիւ հաւատացեալներու ծովածաւալ բազմութիւն մը այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին։ Օրուան ողջ տեւողութեան շարունակուեցաւ հաւատացեալներուն հոսքը։
Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Մայրավանքի «Ալեք եւ Մարի Մանուկեան» գանձատան երդիքին տակ սարքուեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն։ Այս առթիւ Վեհափառ Հայրապետը վերստին բոլորը ողջունեց Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութեան աւետիսով եւ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած աշխարհի եւ Հայաստանի խաղաղութեան համար։