ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ Ս. ԹԱԴԷԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՆ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Ատր­պա­տա­կա­նի Թե­մը, Ի­րան, ան­ցեալ շաբթուան մէջ կազ­մա­կեր­պեց Ս. Թա­դէի  ե­ռօ­րեայ ա­ւան­դա­կան ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը։ Թե­մա­կալ Ա­ռաջ­նորդ Տ. Գրի­գոր Եպսկ. Չիֆթ­ճեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած ուխ­տագ­նա­ցու­թիւ­նը ար­ժե­ւո­րուե­ցաւ բազ­մա­հա­զար ուխ­տա­ւոր­նե­րու ա­ղօ­թա­կան մաս­նակ­ցու­թեամբ։

Ատր­պա­տա­կա­նի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նի աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ.  Գրիգոր Ս. Եպսկ. Չիֆթճեանին, 61-րդ տարին ըլլալով Իրանի տարբեր քաղաքներէն, Հայաստանէն եւ արտասահմանէն մեծաթիւ ուխտաւորներ ժամանեցին Ս. Թադէի վանքը, ժամասացութեամբ, Ս. Պատարագով եւ ազգային ժողովրդային տօնախմբութեամբ կատարելու Ս. Թադէոս առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ կոյսին տօնը:

Ազգային վարչութեան հովանաւորութեամբ եւ Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին ջանքերով, եռօրեայ ուխտագնացութեան յայտագիր պատրաստուած էր, որ գործադրուեցաւ ժողովրդային մեծածաւալ մասնակցութեամբ:

Պետական համապատասխան մարմիններուն հետ համախորհուրդ, ուխտաւորներուն ժամանման թուական նկատի առնուած էր Հինգշաբթի, 23 Յուլիսի օրը, սակայն ուխտաւորներէն շատեր մի քանի օրեր առաջ հասած էին հեռաւոր շրջաններէ, աւելի շատ վայելելու համար Ս. Թադէի սրբացնող միջավայրը: Նախապէս վանքի շրջապատին մէջ լարուած հարիւրաւոր վրաններուն ապահովումը կատարուած ըլլալով Ատրպատականի Հայոց Թեմի Վանքերու յանձնախումբին կողմէ, ուխտաւորները տեղաւորուեցան, նախապատրաստուելով յառաջիկայ երկու օրերու յայտագրերուն:

Հինգշաբթի, 23 Յուլիսի երեկոյեան, ժամը 20.00-ին, վանք ժամանեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան եւ զանգերու ղօղանջին ներքեւ ժողովրդային դիմաւորութեան արժանացաւ, օրհնեց հացն ու աղը, ինչպէս նաեւ տաճարին մէջ կանոնական աղօթքէն ետք իր առաջին պատգամը փոխանցեց ուխտաւոր բազմութեան:

Ուխտագնացութեան գլխաւոր օրը՝ Շաբաթ, 25 Յուլիսին, Ս. Թադէի տաճարին մէջ պատարագեց եւ իր պատգամը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազանը:  Եկեղեցական արարողութեան հանդիսապետեց հիւրաբար Թեմէն ներս գտնուող Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ  Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան: Պատարագիչ Առաջնորդ Սրբազանին կը սպասարկէին Ուրմիոյ եւ Թաւրիզի հոգեւոր հովիւներ՝ Տ. Ներսէս Քհնյ. Պասիլեան եւ Տ. Առաքել Քհնյ. Տմտմեան: Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Թաւրիզի «Կոմիտաս» դպրաց դասը՝ ղեկավարութեամբ Վարդան Վահրամեանի: Ս. Խորանին կը սպասարկէին Թեմի կիսասարկաւագներն ու դպիրները՝ զոյգ բուրվառով, քշոցակրութեամբ, կերոնակրութեամբ եւ մոմակրութեամբ:

Թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքին առանցքը դարձուց իահատակութիւնը, որ մեր ժողովուրդի ու եկեղեցւոյ պատմութենէն անբաժան երեւոյթ մը իբրեւ մեկնաբանեց. «Ս. Սանդուխտ կոյսին նահատակութիւնը եւ անոր հետեւող Ս. Թադէոս առաքեալին նահատակութիւնը, զոհաբերութեան ուղի մը բացին մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ: Նահատակութիւն, որ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ մարմնին վրայ պակաս թողուած բոլոր չարչարանքները ամբողջացուց եւ Գողգոթայի ճանապարհի յաւերժ ճամբորդ դարձուց մեր ազգը՝ հայ ժողովուրդը: Տէր Զօրը, նոր Գողգոթայի մը վերածուեցաւ մեզի համար, ուր՝ նահատակութեան բագինին վրայ ողջակիզուեցաւ մեր ազգը ամբողջ, իր մեծով ու փոքրով, իր հոգեւորականով եւ աշխարհականով, իր ազնուականով ու շինականով», ըսաւ Սրբազանը: Ապա, մեր ժողովուրդի յարութեան սքանչելի կամքին ակնարկելով՝ ան ըսաւ. «Մեր սուրբ վանքերը վկայ, նոյնիսկ արտասահմանի մէջ, հայրենիքէն դուրս գտնուող մեր համայնքները վկայ, թէ մենք վերյառնող ժողովուրդ ենք, մենք փիւնիկի նման մոխիրներու տակէն դուրս եկող ու դարձեալ բոյն հիւսող ժողովուրդ ենք, մենք ընկճուիլ չենք գիտեր, մենք յուսահատութեան հետ բարեկամութիւն չունինք, մենք սատանային հետ ալ մարտնչելու եւ զայն տապալելու ուժ ունինք ու կորով: Փաստը այն է, որ այսօր այստեղ ենք, Ս. Թադէի վանքին մէջ վրանաքաղաք կազմած ենք, ուխտի եկած ենք, չենք ուրացած մեր Տէրը՝ Յիսուս Քրիստոսը, որու անունին համար նահատակուեցանք», ըսաւ Սրբազանը: Իր պատգամի վերջաւորութեան, Առաջնորդ Սրբազանը անդրադարձաւ վերջերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան մայրավանքին մէջ սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան, եւ նոր միւռոնով ջրօրհնէքի ընթացքին խնդրեց հաւատացեալներէն աղօթել մեր եկեղեցւոյ անսասանութեան, հայրենիքի խաղաղութեան, աշխարհի անվտանգութեան եւ ժողովուրդներու ու կրօններու խաղաղ համագործակցութեան համար: Ջրօրհնէքին հանդիսապետեց Թեհրանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան, Անթիլիասի մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ օրհնուած սրբալոյս միւռոնը հեղելով ջուրին մէջ, որ Ս. Պատարագի աւարտին բաշխուեցաւ հաւատացեալ ժողովուրդին:

Արարողութեան աւարտին, եկեղեցականաց թափօրը ուղղուեցաւ դէպի տաճարի զանգակատան տակը, ուր մայր խորանէն բերուած լոյսով վառեցաւ Համահայկական 6-րդ խաղերու ջահը, ներկայութեամբ Համահայկական խաղերու կեդրոնական մարմնի ներկայացուցիչներուն՝ գլխաւորութեամբ Ալֆրէտ Հաւանի, Սփիւռքի նախարարի տեղակալին, ուրկէ փոխադրուեցաւ Աւարայրի դաշտը, խորհրդանշական պատկեր մը ստեղծելու համար:

Ապա, Սրբոց Աջերով գլխաւորուած թափօրով, եկեղեցականաց դասը տաճարին շրջափակին մէջ դարձաւ եւ առաջնորդական յարկաբաժնի բեմին առջեւ երբ հասաւ, դպրաց դասը կատարեց «Կիլիկիա»ն: Ապա, Սեպուհ Սրբազան «Պահպանիչ»ով օրհնեց ժողովուրդը, իսկ Գրիգոր Սրբազան գնահատական իր խօսքը փոխանցեց ազգային իշխանութեան, դպրաց դասուն, կրտսերաց դպրաց դասուն, խնամակալ մարմնին, ու յատկապէս Վանքերու ուխտագնացութեան յանձնախումբին, կատարուած կազմակերպուած աշխատանքին համար։ «Ուխտաւորներու դէմքին ուրախ արտայայտութենէն յայտնի էր ձեր կատարած նուիրեալ գործին արդիւնքը: Ձեր աշխատանքը մեր Թեմին համար առաքելութիւն է, որուն ջահը միշտ բարձր պահենք», շեշտեց Սրբազանը:

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳԻՐ

100-ամեակի ծիրէն ներս, Թեմին կազմակերպած ընդհանուր ծրագրին մաս կը կազմէր նաեւ, Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) Թաւրիզի մասնաճիւղի պարախումբին ելոյթը, որ «Սասունցի Դաւիթ» էպոսէն առնուած երգախառն պարային ու թատերական համոյթով բացառիկ բեմադրութիւն մը ներկայացուց ուխտաւոր բազմութեան, իւրայատուկ ոճով ու ներկայացման մասնաւոր եղանակով, գլխաւոր պարուսոյց՝ Կարինէ Մանուչերեանի բեմադրութեամբ: Լոյսի ու ձայնային սքանչելի համադրութեան ներքեւ, բնագիրը կ՚ասմունքէր թաւրիզահայ տաղանդաշատ ասմունքող Նայիրի Դիլանեան, որ սոյն բեմադրութեան եւ բաժիններու ուսուցման մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած էր, կազմակերպելով երկարաշունչ աշխատանքը:

Ամիսներու վրայ երկարած փորձերով, թաւրիզահայեր կրցած էին քով-քովի գալ, զգեստներու, երաժշտութեան, երգերու, պարերու համաչափ ու ներդաշնակ ելոյթ պատրաստելով:

Առիւծ Մհերէն մինչեւ Սասունցի Դաւիթին ծնունդը, որբացումը, մեծնալը, Մսրայ Մելիքի դէմ կանգնիլը, զայն յաղթահարելն ու իր ժողովուրդը բռնակալին լուծէն ազատելը, մէկուկէս ժամուան տեւողութեամբ մագնիսացուցին հանդիսատեսը, որ համոյթի աւարտին երկարատեւ ծափողջոյններով իր գնահատանքը յայտնեց կազմակերպիչներուն ու մեծ ու փոքր դերակատարներուն:

Աւարտին, հանդիսավար Սեդա Պաղտասարեանին կողմէ, ժողովուրդի գնահատական ծափողջոյններուն ընթացքին բեմ հրաւիրուեցան պարուսոյց Կարինէ Մանուչերեան ու աշխատանքի ընդհանուր կազմակերպիչ պատասխանատու՝ Նայիրի Դիլանեան: Այս վերջինը յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Կարինէ Մանուչերեանին, Թաւրիզի մէջ եւս իր ստեղծած պարախումբին համար, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օգնած էին կազմակերպական աշխատանքին՝ ծնողներուն, Արին Մանուչերեանին, Կարէն Սարգիսեանին, Սեւատա Սաֆարեանին, եւ մեծ ու փոքր մասնակիցներուն:

Իր գնահատական խօսքը փոխանցելու հրաւիրուելով, Ատրապտականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան հոգեշունչ պատգամ մը տուաւ, Ատրպատականի մէջ ապրող, պայքարող ու յաղթանակող հայութեան անմար յոյսը շեշտելով. «Բոլոր անոնք, որոնք թերահաւատութեամբ, կասկածամտութեամբ, անյուսութեամբ կը նային Ատրպատականի Հայոց Թեմին, այսօր այս Թեմը, իր երիտասարդութեան այս սքանչելի կատարումով բոլորը ամօթի մատնող պատասխան տուաւ, ըսելով՝ մենք կանք, պիտի լինենք ու դեռ շատանանք»: Ապա մեկնաբանելով ներկայացումը, Սրբազանը ըսաւ. «Դաւիթներ միշտ ալ եղած են մեր հերոսական պատմութեան ընթացքին: Ամէն անգամ, երբ զուլումի ենթարկուած է մեր ազգը, անպայման բռնապետներու դիմաց կանգնած են մեր հերոսները: Այսօր մեր կեանքէն չեն բացակայիր Մսրայ Մելիքներ, որոնք տարբեր անուններ ունին: Հայաստանի մէջ՝ արտագաղթն է նոր օրերու Մսրայ Մելիքը, Սփիւռքի մէջ՝ ապահայացնող հոսանքներն են, եւ այսպէս շարունակաբար ինչ-ինչ Մսրայ Մելիքներու դիմաց կանգնած ենք: Սակայն Դաւիթները անպակաս են նաեւ: Անոնք կը մարմնաւորեն հայու ոգին, որ չի՛ մեռնիր, այլ միշտ պիտի վերյառնի մեր պատմութեան քառուղիներուն վրայ»:

Առաջնորդ Սրբազանը բարձր գնահատեց պարուսոյց Կարինէ Մանուչերեանը, Նայիրի Դիլանեանը, ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ բոլոր մասնակիցները:

ՀՍԿՈՒՄԻ ԺԱՄԵՐԳՈՒԹԻՒՆ

Ուրբաթ երեկոյեան, ժամը 20.00ին, տաճարին մէջ կատարուեցաւ գիշերային ժամերգութիւն, մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասուն եւ բարեպաշտ ուխտաւոր ժողովուրդին: Այս տարի եւս, եկեղեցւոյ մէջ զետեղուած գամերով լեցուն հսկայ խաչին վրայ ուխտաւորներ իրենց սրտի փափաքները արձանագրեցին ու դրին, խնդրելով Ս. Թադէոս առաքեալին եւ Ս. Սանդուխտ կոյսին բարեխօսութիւնը: Ուխտաւորներէն շատեր ծնրադիր հետեւեցան խորհրդաւոր արարողութեան, աղօթելով աշխարհի խաղաղութեան, Հայ Եկեղեցւոյ անսասանութեան ու մեր ժողովուրդի յաւերժութեան համար:

Իսկ Շաբաթ, 25 Յուլիսի առաւօտուն, Վանքի ճամբուն վրայ կանգնած հսկայ տաղաւարին տակ, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ՝ գլխաւորութեամբ Չալտըրանի կուսակալ Հոսէյնզատէի, յատուկ յարգանք ընծայեցին մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ուխտագնացութեան այս առիթով:

Պաշտօնական սոյն հանդիսութեան ներկայ գտնուեցան Ատրպատականի Հայոց Թեմի առաջնորդը, Թեհրանի Հայոց Թեմի առաջնորդը, Ատրպատականի Հայոց Թեմի Պատգամաւորական ժողովի եւ Ազգային վարչութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետներ՝ Տքթ. Արա Մելիքեանի եւ Ռուբիկ Ջանանեանի, Վանքերու յանձնախումբի անդամներ, պետական տարբեր կազմերու ներկայացուցիչներ եւ յատուկ հրաւիրեալներ: Պաշտօնական խօսքեր փոխանակուեցան Ատրպատականի եւ Թեհրանի առաջնորդներուն եւ պետական պատասխանատուներու միջեւ, որոնք թարգմանուեցան Ազգային վարչութեան ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանի կողմէ:

Ս. Թադէի ուխտագնացութիւնը այս տարի եւս բացառիկ առիթ հանդիսացաւ քրիստոնեայ-իսլամ սերտ գործակցութիւնը Իրանի մէջ վերաշեշտելու առումով, ինչպէս նաեւ ու մանաւանդ հայ ուխտաւորին առիթ ընծայեց վերարժեւորելու իր սեփական պատմութիւնը:

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29, 2015