ԱՄՈՒՐ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

Երուսաղէմի մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ աննախընթաց հաւաք մը, որ մէկտեղեց Սուրբ Քաղաքի հոգեւոր առաջնորդներն ու դիւանագիտական շրջանակներ։ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոս Նիքոլաս Քասիանիտէսի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ այս հանդիպումը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Նուրհան Ս. Արք. Մանուկեան։ Յոյն Ուղղափառ եկեղեցւոյ Թէոֆիլոս Գ. Պատրիարքն ու Լատին Կաթոլիկ եկեղեցւոյ կողմէ կարտինալ Փիէռպաթիստա Փիցցապելլա եւս մասնակցեցան Երուսաղէմի Ֆրանսական պալատին մէջ կազմակերպուած հաւաքին։

Սուրբ Քաղաքի համաքրիստոնէական սրբավայրերը տնօրինող երեք եկեղեցիներու տեղւոյ հոգեւոր առաջնորդներուն առընթեր ներկայ էին նաեւ շարք մը այլ երկիրներու դիւանագէտներ, որոնք կը պաշտօնավարեն Երուսաղէմի մէջ. օրինակ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, Իտալիա, Յունաստան, Պելժիա եւ Սպանիա։

Ֆրանսական կողմը տեղեկացուց, որ այս նախաձեռնութեամբ Սուրբ Երկրէ ներս քրիստոնէական ներկայութեան ի նպաստ ամուր զօրակցութեան պատգամ մը տրուած է՝ մանաւանդ առկայ բացառիկ դժուարին ժամանակաշրջանին։

Իսրայէլի իրադարձութիւնները լուրջ վիճակ ստեղծած են Ս. Երկրի քրիստոնեաներու եւ քրիստոնեայ արեւելքին տեսակէտէ։ Հայ Երուսաղէմն ալ այս ամբողջին մէջ բազմապատկուած մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւէ «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածով պայմանաւորուած տագնապին հետեւանքով։

Երկուշաբթի, Յունիս 3, 2024