ՀԵԵՄ-Ի ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԸ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի օրհ­նու­թեամբ, ե­րէկ, Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ սկսաւ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ե­րի­տա­սար­դաց միա­ւոր­ման (ՀԵԵՄ) եր­րորդ պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վը։ Մայ­րա­վան­քի «Վա­չէ եւ Թա­մար Մա­նու­կեան» Մա­տե­նա­դա­րա­նի դա­հի­լի­ճին մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ հա­մա­գու­մա­րը՝ նա­խա­գա­հու­թեամբ Հայց. Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղեց­ւոյ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Արեւմտեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեա­նի։

Հա­մա­գու­մա­րը սկսաւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով եւ շա­րա­կան­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ Ս. Գրա­կան ըն­թեր­ցում­նե­րով։ Ող­ջոյ­նի խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան, որ ինն­սու­նինն ե­րի­տա­սարդ պատ­գա­մա­ւոր­նե­րուն խօսք ուղ­ղե­լով մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րեց ՀԵԵՄ-ի ստանձ­նած ա­ռա­քե­լու­թեան եւ անց­նող շուրջ տասն­հինգ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին ա­պա­հո­ված ձեռք­բե­րում­նե­րուն։ Ան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­նուա­նեց որ­պէս նոր ժա­մա­նակ­նե­րու դես­պան­ներ, ո­րոնք կը շա­րու­նա­կեն Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան մատ­նան­շեց, որ ՀԵԵՄ նուի­րա­կա­նա­ցուած է այն օ­րե­րէն ի վեր, երբ 1700-ա­մեա­կի տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րը սկիզբ ա­ռին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ կեան­քին մէջ։ «Անհրա­ժեշտ է, որ հո­գե­ւոր ու վար­չա­կան ի­մաս­տով կազ­մա­կեր­պուին, որ­պէս­զի մեր Սուրբ Ե­կե­ղե­ցին մշտա­պէս ըլ­լայ կեանք հա­ղոր­դող ներ­կա­յու­թիւն մը։ Ձեր հա­ւատքն ու յոյ­սը պէտք է հաս­տա­տէք Աս­տու­ծոյ վրայ։ Սա է մեր պատ­գա­մը՝ ուղ­ղուած Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ հայ ե­րի­տա­սար­դին։ Հայ Ե­կե­ղե­ցիէն հե­ռու մնա­ցած իւ­րա­քան­չիւր հայ ե­րի­տա­սար­դի բա­ցատ­րե­ցէք, թէ ի՛նչ նպա­տա­կի կը ծա­ռա­յէ Հայ Ե­կե­ղե­ցին։ Դուք մեր ե­կե­ղեց­ւոյ վա­ղուան յոյսն էք, բայց որ­պէս­զի ձեր զա­ւակ­նե­րը օր մը ու­նե­նան ա­ղօթ­քի հաս­տա­տուն տուն, ձե­զի կը վի­ճա­կի ըլ­լալ Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Սուրբ Ե­կե­ղեց­ւոյ վա­ղուան հո­գե­ւոր ճար­տա­րա­պե­տը», ը­սաւ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեան։

Ե­ռօ­րեայ ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ՀԵԵՄ-ի ընդ­հա­նուր ու­ղե­ցոյ­ցի, միջ­թե­մա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ծրագ­րե­րու եւ կա­ռոյ­ցի ա­պա­գայ գոր­ծու­նէու­թեան վե­րա­բե­րեալ տե­ղի կ՚ու­նե­նան քննար­կում­ներ։

 

Ուրբաթ, Յուլիս 3, 2015