ՎԵՐԱՆՈՐՈԳԵԼ ՈՒԽՏԸ

Հայաստանի մէջ վաղը պաշտօնապէս պիտի սկսի 2022-2023 կրթական շրջանը։ Վերամուտի օրը՝ 1 սեպտեմբերը երկրին մէջ կը նշուի նաեւ որպէս Գիտելիքի օր։ Վերամուտի ընդառաջ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ կրթական մշակներու օրհնութեան կարգը։ Ըստ 2010 թուականին սկիզբ առած աւանդութեան՝ ամէն տարի կրթական ոլորտի երախտաւորներուն Վեհափառ Հայրապետը կու տայ իր օրհնութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։ Երէկուան օրհնութեան կարգը Ս. Գայիանէ վանքի պատմական կամարներուն ներքեւ տեղի ունեցաւ։ Արարողութեան ներկայ էին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նախագահ Աշոտ Սաղեան, կրթական կառոյցներու ներկայացուցիչներ, համալսարաններու վերատեսուչներ, մարզային կրթութեան վարչութիւններու ղեկավարներ, Հայաստանի շարք մը դպրոցներու տնօրէններ եւ մանկավարժներ։

Օրհնութեան կարգի աւարտին Նորին Սրբութիւնը հայրապետական օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց կրթութեան ոլորտի երախտաւորներուն՝ նշելով, որ այսօր անոնց համար հաւատքի վերանորոգութեան, մեր սուրբ հայրերու հոգեմտաւոր վեհ գործին հանդէպ հաւատարմութեան վերահաստատման եւ ուխտի օր է։ Ան շարունակեց.

«Աստուածահաճոյ եւ գովարժան է ձեր աշխատանքը, սիրելի մանկավարժներ, կրթական գործի սիրելի մշակներ, քանզի հակառակ ժամանակի բազում խոչընդոտներուն եւ դժուարութիւններուն, անմնացորդ սիրով եւ անօրինակ նուիրումով կը շարունակէք մեսրոպաշունչ ձեր առաքելութիւնը՝ հաւատալով գիտելիքի ուժին, աշխարհը վերափոխող ու գեղեցկացնող կրթեալ, բանիմաց եւ առաքինի անհատներու պատրաստութեան կարեւորութեան»։

Ան ապա յորդորեց, որպէսզի կրթութեան մշակները ամենայն պատասխանատուութեամբ եւ բարձր գիտակցութեամբ շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, ներշնչող ու խանդավառող օրինակ ըլլալ սաներու համար եւ հայորդիներուն մէջ սերմանել սէր իրարու հանդէպ, բարիի եւ արդարութեան հանդէպ, կրթել աստուածապաշտութեան եւ հայրենասիրութեան ոգիով։

Նորին Սրբութիւնը հաստատեց, որ Հայոց Եկեղեցին հոգեփրկչական իր ծառայութեան համընթաց պիտի շարունակէ ազգապահպան առաքելութիւնը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս՝ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի բոլոր համայնքներուն մէջ մշտապէս զօրավիգ ըլլալով նաեւ կրթօճախներուն, մանկավարժներուն եւ կրթական բարեփոխումներուն, որոնք ուղղուած կ՚ըլլան կրթելու եւ դաստիարակելու ազգային ինքնութեան բարձր գիտակցութեամբ եւ բարոյական ամուր նկարագրով սերունդներ։

Ինքնութեան ու ազգային դիմագիծի պահպանման գործին մէջ կարեւորելով ժամանակին համահունչ կրթութիւնն ու ազգային, հոգեւոր դաստիարակութիւնը՝ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շարունակեց. «Այս հաստատ համոզումով դարերու հոլովոյթին մէջ Հայ Եկեղեցին կեանքի կոչած է կրթադաստիարակչական իր առաքելութիւնը՝ բիւրեղացնելով մեր ժողովուրդի հոգին, որ մշտապէս բաց եղած է աշխարհի առջեւ, բայց միեւնոյն ժամանակ կառչած իր հաւատքին ու նախնիներու աւանդներուն։ Նոյն առաքելութեան կոչուած է նաեւ ժամանակի փորձութիւնները յաղթահարած «Հայոց Եկեղեցւոյ պատմութիւն» առարկան, որ անկախութենէն յետոյ կրթական ասպարէզի ամենակարեւոր ձեռքբերումներէն է՝ ազգօգուտ բարի պտուղը եկեղեցի-պետութիւն գործակցութեան եւ հետեւողական բազմամեայ աշխատանքի։ Առարկայի միջոցով ջամբուած արժէքները բոլոր ժամանակներու մէջ եղած են մեր ժողովուրդի գոյութան եւ յարատեւութեան յենասիւն, երբեմն աներեւոյթ, սակայն մշտապէս ամուր եւ անխորտակելի պատուարը ազգային ինքնագիտակցութեան։ Այս առարկայի ամբողջական դասաւանդումը հանրակրթական դպրոցներուն մէջ, ազգային կրթութեան պարտադիր տարրի պատշաճ ապահովումը բարձրագոյն կրթութեան մէջ պէտք է դառնայ ամէնքիս եւ յատկապէս՝ հայրենի պետութեան հոգածութեան առարկան, եթէ կը կամենանք ունենալ իրական արժէքներով սնուցուած անկախ պետականութիւն, կառուցել մեր նախնիներու երազած շէն ու հզօր հայրենին, որու զաւակները հասակ կ՚առնեն հոգեմտաւոր մեր ժառանգութեան համակարգային իմացութեամբ եւ ճանաչողութեամբ։ Միայն այս ճանապարհով պիտի կարողանանք պահպանել ազգային մեր դիմագիծը եւ երաշխաւորել ազգիս երթը դէպի նոր հազարամեակներ»։

Վերջաւորութեան Վեհափառ Հայրապետը կրթական մշակներուն մաղթեց բարի, խաղաղ եւ պտղաբեր ուսումնական նոր տարի մը։ Ան Երկնաւորէն հայցեց, որ այս նոր տարին դառնայ յաջողութիւններու եւ նորանոր ձեռքբերումներու ժամանակաշրջան, որպէսզի Տիրոջմով զօրացած՝ անսպառն եռանդով, նուիրումով եւ պատասխանատուութեամբ շարունակեն լուսաւորել, կրթել եւ դաստիարակել մեր ժողովուրդի զաւակները։

Օրհնութեան կարգի աւարտին սարքուեցաւ նաեւ հրաւիրեալներուն ի պատիւ ընդունելութիւն մը։

Միւս կողմէ, այս արարողութեան զուգահեռ՝ Նորին Սրբութիւնը երէկ վեհարանի մէջ առանձնապէս հիւրընկալեց Աշոտ Սաղեանը։ Զրուցակիցները գոհունակութեամբ անդրադարձան Հայ Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի Գիտութեան ազգային ակադեմիային միջեւ ձեւաւորուած գործակցութեան։ Անոնք արձանագրեցին ակադեմիայի մեծ դերակատարութիւնը՝ Հայաստանէ ներս հիմնարար գիտութիւններու զանազան ճիւղերու զարգացման ուղղութեամբ։ Վեհափառ Հայրապետը բերաւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը Աշոտ Սաղեանին, ակադեմիայի անդամներուն եւ գիտութեան նուիրեալներուն, որոնք կը շարունակեն ազգային գիտական այս հաստատութեան լաւագոյն աւանդութիւնները եւ իրենց գիտելիքներն ու փորձառութիւնը կը ծառայեցնեն ի նպաստ հայրենիքի շէնացման ու հզօրացման։

Զրուցակիցները կարեւորեցին առկայ մարտահրաւէրներու պայմաններուն ներքեւ երիտասարդ սերունդի մէջ ազգային-հոգեւոր արժեհամակարգի ամրապնդումը, հայրենիքի հանդէպ պատասխանատուութեան բարձրացումը նաեւ երիտասարդ գիտնականներու ներուժի բացայայտումը եւ գիտական գործունէութեան խթանումը։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 31, 2022