ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ 2021 ԹՈՒԱԿԱՆԻՆ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ 70 ՏԱՐԵԿԱՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը 2021 թուականի օգոստոսի 21-ին կը դառնայ 70 տարեկան։ Այս նոր տարին յոբելենական է Վեհափառ Հայրապետին համար։ Թէեւ հայ իրականութիւնը այնպիսի ցնցումով մը համակուած է, որ յոբելեաններու, տօնակատարութիւններու մթնոլորտէն բոլորովին հեռու է, սակայն, սա մակերեսային տարեդարձ մը չէ։ Հայոց Հայրապետի օրհնութիւնը, աղօթքի զօրութիւնը անհրաժեշտ նախապայման մըն է՝ ամէն տեսակ փորձութիւն յաղթահարելու ճանապարհին ինքնավստահութիւն գտնելու, սեփական ուժերուն նկատմամբ վստահութիւնը վերանորոգելու տեսակէտէ։ Ուստի, աշխարհացրիւ հայութեան այս տարեմուտի աղօթքներուն եւ բարեմաղթանքներուն մէջ միշտ բաժին մը կայ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի կենաց արեւշատութեան, ծաղկուն գաւազանին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի անսասանութեան համար։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 31, 2020