ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԹԵՄԻ ՀԱՍՏԱՏՄԱՆ 125-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հաստատման 125-ամեակը յոբելենական բացառիկ հանդիսութիւններով նշուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։ Ս. Վարդան առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ այս առթիւ մատուցուեցաւ գոհաբանական Ս. Պատարագ, որմէ վերջ տեղի ունեցաւ աշխարհիկ հանդիսութիւն։ Ս. Պատարագը մատոյց Թեմակալ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վարդապետ Պարսամեան։ Հարկ է նշել, որ 1898 թուականին երանաշնորհ Խրիմեան Հայրիկի սրբատառ կոնդակով հաստատուած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ այս առաջին թեմը նոր աշխարհին մէջ։ Գոհաբանական Ս. Պատարագին ներկայ գտնուեցան թեմի հոգեւորականաց դասը, ինչպէս նաեւ Տ. Կոմիտաս Քահանայ Զօհրապեան՝ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն։

Օրուան քարոզին մէջ առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեան մեկնաբանեց Արեւելեան թեմի անցած ուղին, ծաւալած գործունէութիւնը եւ ապագայի վերաբերեալ տեսլականը։

Յաջորդած աշխարհիկ հանդիսութիւնն ալ տեղի ունեցաւ Առաջնորդարանի համալիրէն ներս։ Եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ արդէն տօնական մթնոլորտ ստեղծուեցաւ։ Առաջնորդ հայր սուրբը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ զրուցեց հաւատացեալներուն հետ եւ անոնց հետ բաժնեց թեմի ապագային վերաբերեալ իր տեսլականը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 6, 2023