Կիրակի 1, Դեկտեմբեր 2024
ՍԱՀԱԿԵԱՆ ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏԻ ՄԷՋ ԵՐԷԿ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԳՀԽ-Ի ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ
Լեռնային Ղարաբաղի Նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ գլխաւորուած Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) անդամները, որոնք ներկայիս կը գտնուին Արցախի մէջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Բակօ Սահակեան ողջունեց Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի ժողովին Արցախի մէջ կազմակերպումը։ Ան ընդգծեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն դերակատարութիւնը ազգային պետականութեան ստեղծման, կայացման ու զօրացման, Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան շարունակական ամրապնդման, հայ ազգային ինքնութեան եւ արժէքներու պահպանման առումով։
Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016