Հայ Եկեղեցւոյ Առաջաւորաց Պահքը
Առաջաւորաց պահքը սկսաւ երէկ՝ Փետրուարի 6-ին, որ կը տեւէ հինգ օր:
Առաջաւորացը առաջին պահքն է, որ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ եւ այդ իսկ պատճառով կը կոչուի առաջուորաց՝ առաջին:
Աւանդութեան համաձայն՝ Խոր Վիրապէն ելլելէ ետք՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Տիրոջ հրաշքով դարձի եկած Տրդատ արքային, հայոց մեծամեծներուն ու ողջ ժողովուրդին, նախքան մկրտելը՝ վաթսունհինգ օր շարունակ, Քրիստոսի հաւատքը կը քարոզէր եւ այդ օրերէն հինգի ընթացքին պատուիրեց պահեցողութեամբ եւ ապաշխարութեամբ պատրաստուելու Մկրտութեան:
Հին ժամանակներուն պահք ըսելով կը հասկնային մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն՝ ընդհանրապէս ոչինչ կ՚ուտէին (ջուրի սակաւ գործածութեամբ) կամ կ՚ուտէին միայն սակաւ բանջարեղէն: Բայց հետագային, բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագում ունեցող նաեւ այլ կերակուրներն ու մեղրը եւ այս տարբերակը մտաւ պահքի ու ծոմի միջեւ՝ ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակ: Այսօր, Առաջաւորաց պահքը պահելու կերպը՝ ծոմ, թէ սովորական պահք, կը ձգեն հաւատացեալի կամքին:
Առաջաւորաց պահքը կը նախորդէ Ս. Սարգիսի տօնին, սակայն տօնի հետ անիկա որեւէ առընչութիւն չունի:
Իսկ ինչո՞ւ հինգ օր պահք կը պահենք:
Մեր Եկեղեցւոյ Հայրերը ասոր կու տան քանի մը բացատրութիւն:
Ա) Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կարգադրութեամբ՝ ողջ արքունիքը եւ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան պահքի մէջ եղան հինգ օր:
Բ) Քանի որ մարդը հինգ զգայարան ունի՝ տեսանելիք (աչքերը), լսելիք (ականջները), հոտոտելիք (քիթը), ճաշակելիք (բերանը) եւ շօշափելիք (ձեռքերն ու ոտքերը), որոնցմով կը մեղանչէ, ուստի այս պահքի հինգ օրերուն ընթացքին պիտի գղջայ ասոնցմով կատարած իր մեղքերուն համար, խոստովանի զանոնք Աստուծոյ եւ ջանայ այլեւս չկատարել:
Գ) Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհն ու այնտեղ եղած ամէն ինչ ստեղծեց վեց օրուան մէջ: Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը եւ, թէեւ մինչ այդ արդէն ստեղծած էր բոլոր տեսակի կենդանիները, տուած անոնց աճելու ու բազմանալու հրաման, սակայն ուտելու հրաման դեռ չէր տուած: Այդ հրամանը՝ մարդուն ու ամբողջ կենդանական աշխարհին տուաւ միայն վեցերորդ օրը, այսինքն՝ հինգ օր ետք: Ուրեմն աշխարհի ստեղծման առաջին հինգ օրը, կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ամէն ոք ոչինչ կ՚ուտէր:
Դ) Ըստ Եկեղեցւոյ՝ հնգօրեայ պահք սահմանած էին նաեւ Մովսէսէն առաջ եղած նահապետները: Աւանդութիւնը կ՚ըսէ, թէ դրախտէն արտաքսուելէ ետք՝ Ադամ հինգ օր անօթի մնաց: Իրմէ սորվելով՝ անոր որդիներն ալ հնգօրեայ պահք պահած են, օրինակ, Աբէլը՝ զոհ մատուցելէ առաջ, կամ Սէթը, երբ իր հայր Ադամը մեռաւ: Ենովքն ալ հինգ օր պահք կը պահէր ամէն ամսուան սկիզբը, իսկ Նոյը այս պահքը պահած է տապան մտնելէն առաջ եւ այնտեղէն ելլելէն ետք: Աբրահամը, Յակոբը եւ Յովսէփն ալ հնգօրեայ պահք պահած են: Եւ ըստ մեր Եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեան՝ Առաջաւորաց պահքի՝ նաեւ նահապետներէն սահմանուած ըլլալն է պատճառը, որ այս պահքի առաջին չորս օրերուն րնթացքին (Երկուշաբթիէն մինչեւ Հինգշաբթի) Աստուածաշունչէն հատուածներ՝ ընթերցուածներ չեն կարդար եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ այս պահքը հաստատուեցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ չէին գրուած ո՛չ Հին Կտակարանի, ո՛չ ալ առաւել եւս Նոր Կտակարանի գիրքերը: