ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ԿԱՐԷՆ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ ԵՐԷԿ ԱՅՑԵԼԵՑ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանը։ Ողջունելով վարչապետին այցելութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին՝ Վեհափառ Հայրապետը կարեւորեց երկրին առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներու յաղթահարման եւ ժողովուրդը յուզող առկայ խնդիրներու կարգաւորման ուղղեալ կառավարութեան ջանքերն ու ձեռնարկուած ծրագրերը։ Նորին Սբրութիւնը գոհունակութեամբ արձանագրեց, որ Կարէն Կարապետեան մշտապէս աջակից եղած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ անոր կառոյցներուն՝ իր ծառայութեան զանազան փուլերուն մէջ։
Իր կարգին, Կարէն Կարապետեանն ալ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ եւ Հայաստանի կառավարութեան միջեւ ձեւաւորուած յարաբերութիւններուն՝ մեծապէս կարեւորելով պետութիւն-եկեղեցի համագործակցութիւնը։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը վարչապետին ներկայացուց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի գործունէութիւնը։ Խօսուեցաւ նաեւ երկրէն ներս ձեռնարկուած բարեփոխումներու ընթացքին շուրջ։
Վեհափառ Հայրապետը մաղթեց, որ յաջողութիւններով պսակուին հայրենիքի յառաջընթացին եւ ժողովուրդի բարօրութեան ուղղեալ վարչապետի բոլոր նախաձեռնութիւնները։