ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԱՆԹԱՔՈՅՑ ԵՂԵՌՆԱԳՈՐԾՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը երէկ հերթական անգամ ահազանգ հնչեցուց՝ 44-օրեայ պատերազմէն վերջ Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներէն ներս հայկական պատմամշակութային ժառանգութեան ոչնչացման հարցին շուրջ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութիւնը երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որու մէջ ըսուած է հետեւեալը։

*

Օրերս Ատրպէյճանի իշխանութիւնները, ի դէմս մշակոյթի նախարարի, հանդէս եկած են հերթական հակահայ նախաձեռնութիւնով։ Ըստ անոր յայտարարութեան, Ատրպէյճանի մէջ ձեւաւորուած է տեղացի եւ օտարերկրեայ մասնագէտներէ կազմուած «Աղուանական պատմութեան եւ ճարտարապետութեան մասնագէտներու աշխատանքային խումբ», որու նպատակն է, այսպէս կոչուած, աղուանական կրօնական տաճարներէն հեռացնել «հայերու թողած կեղծ հետքերը»։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը խստօրէն կը դատապարտէ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու սոյն նախաձեռնութիւնը եւ զայն կ՚որակէ՝ որպէս հակամարդկային ու հակաքաղաքակրթական գործողութիւն՝ Հայաստանի, Արցախի եւ հայ ժողովուրդի դէմ շարունակական թշնամանքի եւ ատելութեան ընդգծուած դրսեւորումներով։

Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ անցած Արցախի քրիստոնէական սրբավայրերու հայկական ինքնութիւնը գիտականօրէն հաստատուած իրողութիւն է եւ չի կրնար վիճարկման առարկայ դառնալ խելամիտ ու առարկայական մտածողութեան շրջանակներէն ներս։

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը կը դիմէ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ներգրաւուած բոլոր երկիրներուն, առաջին հերթին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւններուն, քոյր եկեղեցիներուն ու կրօնական կառոյցներուն, միջազգային մասնագիտացեալ կազմակերպութիւններուն՝ խստագոյնս արձագանգելու համար Ատրպէյճանի կողմէ իրականացուող մշակութային եղեռնագործութեան անթաքոյց այս փաստին՝ կասեցնելու եւ կանխելու համար վանտալիզմի այս ու նմանօրինակ դրսեւորումները։

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022