ՊՏՈՅՏ ՄԸ ՄՏՔԵՐՈՒՍ ԱՆԴԱՍՏԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

- Երբեւէ ոեւէ մէկուն միտքով անցած է, թէ օդակայանները երկու ծայրայեղութիւններու հանդիպման վայր են։ Ուրախութիւն՝ հարազատ մը կամ սիրելի մը դիմաւորելնուս համար, եւ՝ տխրութիւն, հարազատ մը կամ սիրելի մը ճանապարհորդելնուս համար…

- Իւրաքանչիւր մարդ որ դժուարութեան մէջ ըլլայ, կը կարծէ, թէ իր այդ ունեցած դժուարութիւնը ամենէն մեծն է. բայց իրականութեան մէջ այդպէս չէ, որովհետեւ երբեմն այնպիսի մեծ դժուարութիւններու կը հանդիպի մարդ, որ բաղդատած նախկինին հետ, աւելի ու աւելի ծանր եւ մեծ կ՚ըլլայ։ Հետեւաբար, փոխանակ մեր ունեցած դժուարութեան չափով զբաղինք, աւելի լաւ պիտի ըլլայ այդ դժուարութիւնը դնենք Ամենակարող Աստուծոյ առջեւ եւ խնդրենք Աստուծմէ, որ Ի՛նք օգնէ մեզի յաղթահարելու այդ դժուարութիւնը։

- Մարդիկ կը ծաղրե՞ն Քեզ՝ ժպտայ անոնց: Կը բամբասե՞ն՝ աղօթէ անոնց համար: Կը չարախօսե՞ն՝ բարեխօսէ անոնց համար, եւ վստահ եղիր շատ աւելի հանգիստ պիտի ըլլաս, թեթեւ, խիղճդ հանգիստ, քան եթէ փորձես նոյն կերպով հակադարձել անոնց։

- Առանց պատճառի սառիլն ու հեռանալը ծանօթներէ, ընկերներէ կամ բարեկամներէ, անմարդկային է։ Իսկ ուղղակիօրէն ըսելն ու խօսիլը, թէ բարեկամ, ընկեր, եղբայր, այս ինչ բանը լսած եմ մասիդ, կամ քու ըրած այս ինչ բանը ճիշդ չեմ տեսներ, ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ է եւ ճիշդ քայլ։ Որովհետեւ, եթէ իրապէս կը սիրենք ու կը յարգենք մեր ծանօթը, բարեկամը, ընկերը, եղբայրը, անկեղծօրէն կ՚արտայայտուինք. ընդունիլը կամ չընդունիլը կը մնայ անոր։ Կարեւորը մեր քայլն է։ Մարդկային փոխյարաբերական կեանքի յաջողութեան գաղտնիքը սա է։

- Մարդո՞ց է, որ վստահած ենք։ Անյայտ է մեր յետագան։

Աստուծո՞յ է, որ վստահած ենք։ Մեզի կը սպասէ խոստացուած յաւիտենականութիւնը. իսկ գրաւականը՝ բոլոր անոնք որոնք հաւատացին ու վստահեցան Աստուծոյ իրենց կեանքի ամէն մէկ հանգրուանին՝ արժանացան Աստուծոյ օրհնութեան, օգնութեան ու առաջնորդութեան։

- Մարդիկ ինչո՞ւ համար իրենց ձախողութիւններուն համար Տէրը կը մեղադրեն։

Շարտերը իրենց ամբողջ կեանքի ընթացքին, մոռնալով Տէրը, անօրէն կապանքներու տակ ապրելով, երբ օրին մէկը յանկարծ դժուար փորձութեան դիմաց յայտնուին, ձախողութիւններու փոսը իյնալով, կը սկսին մեղադրել զԱստուած։ Սակայն, չէ՞ որ մեր Տէրը Յիսուս Քրիսոս, միշտ կը յիշեցնէ մեզի.-

Ես եմ Լոյսը, սակայն դուք չէք տեսներ զիս…
Ես եմ Ճանապարհը, սակայն դուք չէք հետեւիր Ինծի…
Ես եմ Ճշմարտութիւնը, սակայն դուք չէք հաւատար Ինծի…
Ես եմ Կեանքը, սակայն դուք չէք փնտռեր զիս…
Ես եմ Ուսուցիչը, սակայն դուք չէք լսեր զիս…
Ես եմ Տէրը, սակայն դուք չէք հնազանդիր Ինծի…
Ես եմ ձեր Աստուածը, սակայն դուք չէք աղօթեր Ինծի…
Ես եմ ձեր լաւագոյն Ընկերը, սակայն դուք չէք սիրեր զիս…։

- Մարդ ինքն իրմէ չի չարանար, որովհետեւ մարդ բնութեամբ բարի է եւ բարիին ձգտող։ Մարդ կը չարանայ երկրորդ կողմի մը պատճառով, որ ընդհանրապէս աներեւոյթ է, իսկ շատ յաճախ երեւելի՝ իր նմանը կրնայ ըլլալ։ Մարդ, որպէսզի չչարանայ, սիրով պէտք է լսէ իր նմաններուն խօսքերը «թելադրութիւն»ները, բայց ինքզինքին պէտք չէ դաւաճանէ, այլ՝ հաւատարիմ պէտք է ըլլայ իր սկզբունքներուն եւ համոզումներուն։

Իսկ հաւատքի կեանքին մէջ, ունինք անզուգական Բարեկամ մը՝ մեր Տէրը Քրիստոս, Որ Աստուածաշունչը տուած է մեզի, որպէս անդաւաճան ընկերակից եւ որու միջոցաւ ամէն օր կը խօսի մեր հետ, եթէ մենք դուռը թակենք եւ ուզենք ներս մտնել։ Եթէ ամէն օր այդ դուռը թակելով ուզենք ներս մտնել, բնականաբար չարանալու առիթ չենք ունենար, ընդհակառակը բարերարելու շնորհք կը ստանանք, որ իւրաքանչիւրիս պարտաւորութիւնն է։

Արդարեւ, ըլլանք այն, ինչ որ ենք, ուրիշները թող մեզ չառաջնորդեն իրենց մութ ու խաւարային հաշիւներով, եւ թող որ մեր միակ Առաջնորդը՝ Քրիստոս Ինք ըլլայ։

- Եղիր այն՝ ինչ որ ես ինքդ քեզի հետ։ Եթէ փորձես տարբեր ձեւանալ եւ ներկայանալ, միեւնոյնն է, այսօր կամ վաղը դիմակը պիտի իյնայ եւ պիտի երեւիս այն՝ ինչ որ ես։

- Ոչ մէկուն իր արժէքէն աւելի մի՛ տար։ Որովհետեւ իր անարժանութեան մէջ կը կարծէ, թէ ինք մեծութիւն է։ Յարգէ՛ բոլորը անխտիր, բայց զգուշացիր չարժող մարդուն իր արժէքէն աւելի արժէք տալէ։

- Երբ մարդոց իրենց արժէքէն աւելին կը տրուի, կը կարծեն, թէ իրենք առիւծներ են, մոռնալով սակայն որ իրականութեան մէջ մրջիւնի չափ անգամ չկան։

- Անտարբերութիւնը, անհոգութիւնը եւ անպատասխանատուութիւնը մարդ արարածին մեծագոյն թերութիւններէն են։ Եթէ մարդուն մէջ այս երեքէն մէկը կայ, դիւրին է սրբագրելը։ Եթէ երկուքը կան, քիչ մը դժուար կ՚ըլլայ սրբագրութեան գործընթացը, բայց վերջ ի վերջոյ կարելի է սրբագրել։ Իսկ եթէ երեքը կան մարդուն մէջ, չափազանց դժուար կ՚ըլլայ սրբագրելը, որովհետեւ այդպիսին գրեթէ ինքզինք այդ թերութիւններուն գերին դարձուցած կ՚ըլլայ։

Իսկ եթէ փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ է պատճառը այս թերութիւններուն յայտնուելուն, պատասխանը մէկն է, ԱԱՏՈՒԾՄԷ ՀԵՌՈՒ ԸԼԼԱԼՆ ՈՒ ԶԱՍՏՈՒԱԾ ՉՃԱՆՉՆԱԼԸ։ Որովհետեւ կարելի չէ Աստուծոյ հետ ըլլալ եւ անտարբեր, անհոգ եւ անպատասխանատու ըլլալ։ Աւելին, կարելի չէ զԱստուած ճանչնալ եւ անտարբեր, անհոգ եւ անպատասխանատու ըլլալ նախ եւ առաջ սեփական անձին նկատմամբ եւ երկրորդ մեր նմանին նկատմամբ։ Աստուած սէր է եւ խնամարար սէր, եթէ կը ճանչնանք զԻնք, չենք կրնար այլ կերպ ըլլալ, քան այն ինչ որ Ան է։

- Հաւատալ եւ չհաւատալ:

Յուսալ եւ չյուսալ:

Սիրել եւ չսիրել:

Աստուածային երեք առաքինութիւններ, որոնց դրական եւ ժխտական ընկալումը ձգուած է մեզի: Դրականը եթէ ընտրենք, մեր կեանքը ամբողջութեամբ դրական կ՚ըլլայ՝ հակառակ տեսակ-տեսակ դառնութիւններուն, ձախողութիւններուն, փորձութիւններուն, եւ այլն: Ժխտականն ընտրենք, մենք մեզ դժբախտութեան մատնած կ՚ըլլանք՝ հակառակ ամէն տեսակի դիրք նուաճած ըլլալնուս կամ մեծ հարստութեան տէր ըլլալնուս: Երկու պարագաներուն ալ ընտրութիւնը մերն է:

- Մեծահոգութիւն եւ հպարտութիւն: Երկու տարբեր երեւոյթներ:

Մեծահոգի է ան՝ որ ինքզինք լաւապէս ճանչցած է եւ գիտէ իր բոլոր թերութիւններն ու լաւութիւնները:

Հպարտ է ան՝ որ ինքզինք լաւապէս ճանչնալով հանդերձ, ինքզինք ամբողջութեամբ տարբեր ձեւով կը ներկայացնէ հանրութեան: Նախ ինքզինք կը համոզէ՝ հաւատալով իր սուտին, ապա իր շրջանակին ու ընկերութեան:

Իւրաքանչիւրս գիտենք, թէ ո՛ր խումբին կը պատկանինք, պարզապէս քաջութեան կը կարօտինք համոզուելու եւ ընդունելու: Եթէ առաջին խումբին կը պատկանինք, պիտի աշխատինք չկորսնցնել մեր ունեցածը: Իսկ եթէ երկրորդ խումբին կը պատկանինք, պիտի աշխատինք ձերբազատուիլ այդ մեղքէն:

- Պնակալէզ: Տհաճ բառ է: Բայց ինչքա՜ն շատցած են այսօր պնակալէզները, որոնք ո՛չ արժանապատուութիւն ունին եւ ո՛չ ալ նկարագիր:

- Մարդը արժէք է այնքանով, ինչքանով աշխարհիկ այս կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքին համաձայն եւ Աստուածահաճոյ կեանք կ՚ապրի: Ատկէ դուրս, ինչ դիրքի, ինչ պաշտօնի, ինչ աստիճանի ալ հասնի, առանց Աստուծոյ՝ պարզապէս ոչնչութիւն մըն է եւ ոչ աւելին:

- Մարդիկ, շատ յաճախ վստահ ըլլալով դիմացինին տոկունութենէն, առաւել եւս ազնուութենէն եւ մանաւանդ աստուածավախ ըլլալէն, ամէն կերպ կ՚աշխատին մրոտել, սակայն ապարդիւն, որովհետեւ ոսկին ինչքան ալ ցեխին մէջ նետուի, ՈՍԿԻ կը մնայ, մանաւանդ երբ ունի Աստուծոյ հովանաւորութիւնն ու առաջնորդութիւնը:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յուլիս 10, 2021