ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՑԱՆՑԵՐՈՒ ՄԷՋ ԿԱՌՈՒՑՈՒԱԾ ԱՆՁՆԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (Դ.)
Մեր այս յօդուածով կ՚եզրափակենք մեր խորհրդածութիւնները ընկերային ցանցերու մէջ ձեւաւորուած անձնաւորութիւններու եւ կերպարներու մասին։
ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՄԱՐԶԱՆՔԻ «ԿՈՒՐՈՒ»ՆԵՐ
Նման հաշիւները առողջ ապրելակերպի եւ ֆիզիքական ուժի մարմնացումն են։ Անոնք իրենք զիրենք կը ցուցադրեն մարզասրահի մէջ, սնունդի առաջարկներով, հանդէս կու գան «Ես այսօր արթնցայ առաւօտեան ժամը 5-ին եւ վազեցի 10 քմ.» բովանդակութեամբ գրառումներով։ «Իմ մարմինը իմ տաճարն է, ես լաւ կը խնամեմ զայն» շեշտադրումը միշտ առաջնագծին է:
Այնուամենայնիւ, ֆիզիքական ուժի միջոցով ներկայացման դաշտ ստեղծելը անվտանգութեան պարզունակ շերտ մըն է: «Անպարտելիութեան կերպարը» լաւագոյն միջոցներէն մին է՝ թաքցնելու համար իրենց թուլութիւնները, վախերն ու անյաջողութիւնները: Այսպիսով, մենք կրնանք կարդալ թաքնուած հաղորդագրութիւնը որպէս «թուլութիւնը եւ վերահսկողութիւնը կորսնցնելը կը վախցնէ զիս»: Այդ իսկ պատճառով կը տեսնենք, որ բազում մարդիկ իրենց կեանքի որոշ ժամանակներու ընթացքին կը դիմեն այս մեթոտին՝ թաքցնելու իրենց յուզական խոցելիութիւնը։ Այսպիսով, անբաւարարութեան զգացումը կը քօղարկուի կարգապահութեան եւ ֆիզիքական կատարելութեան միջոցով։
ԽՈՐՀՐԴԱՒՈՐ ԱՆՁԵՐ
Նման մարդիկ կը ներկայանան որպէս խոր եւ գրաւիչ կերպար, որ դժուար է վերծանել: Ընկերային ցանցերու մէջ անոնք յաճախ կ՚արտայայտուին մութ լուսանկարներու, անուղղակի յայտարարութիւններու եւ վերացական, խորհրդաւոր հաղորդագրութիւններու միջոցաւ։ Անոնք կը նախընտրեն հետաքրքրութիւն յառաջացնել՝ օգտագործելով «ես սովորական մարդ մը չեմ, զիս դժուար է հասկնալ» ուղերձը։ Բայց իրականութեան մէջ նման մարդոց մօտ կը գերիշխէ մերժուելու վախը եւ այդ պատճառոով անոնք կը դիմեն վերացական ինքնութիւն ստեղծելու, քանի որ կը վախնան բացայայտօրէն արտայայտուելէ կամ լքուելէ։
Այսպիսով, խորհրդաւոր ըլլալը խոցելիութենէ պաշտպանուելու միջոց մը եղած է: Նման մարդիկ կրնան թէ՛ իրենք զիրենք պահել անվտանգ տարածքի մէջ եւ թէ բաւարարել ուշադրութիւն գրաւելու իրենց ցանկութիւնը։ Այն խորհրդաւոր պաշտպանիչ վահանը, որ անոնք կ՚օգտագործեն, զանոնք կը դատապարտէ առանձնութեան: Որովհետեւ առեղծուածը մինչեւ որոշ կէտ մը հետաքրքրական է, բայց խոչընդոտ է մտերիմ եւ խոր յարաբերութիւններու ստեղծման համար: Մարդիկ յոյս ունին, որ կը հանեն իրենց դիմակները, քանի որ մօտ են: Հակառակ պարագային ալ կրնան յառաջանալ յարաբերութիւններ, բայց կրնայ երկար չտեւել: Սա չ՚ապահովեր տեւական յուզական բաւարարուածութիւն:
ԱՄԷՆ ԻՆՉԻ ԶՈՀ ՄԱՐԴԻԿ
Նման հաշիւները կը պատկերեն զոհուած կերպար մը, որ կեանքը մշտապէս անարդար կը վերաբերի անոնց: Ողողուած են դժգոհութիւններով, միշտ հանդէս կու գան անձնական տրամաներով լի գրառումներով։ Անոնք կրնան այնքան աղմկոտ ըլլալ, որ նոյնիսկ բեռներու առաքման հետ կապուած խնդիր մը կրնայ վկայել, թէ «որքան դաժան է կեանքը» անոնց համար։
Անոնք նաեւ իրենց անձնական շփումներու մէջ շատ կ՚օգտագործեն «Ես վատ վիճակի մը մէջ եմ» գրառումը։ Շատ կարեւոր է, որ ուրիշները իմանան իրենց դժգոհութիւններու մասին: Որովհետեւ նման հաշիւներու ստուերի տակ սեփական սխալները ընդունելէ խուսափելու եւ արտաքին աշխարհը մեղադրելու միտում կը նկատուի։ Ուստի, անոնք զոհի դեր կը ստանձնեն։ Այս համատեսքին մէջ զոհի դերը ճանապարհ մըն է, որուն կը դիմէ մարդը, երբ կը կորսնցնէ հաւատը սեփական ուժերու հանդէպ: Ժամանակի ընթացքին այս վերաբերմունքը կը դառնայ սովորութիւն եւ կը վերածուի անհատականութեան հիմնական օրինակի: Այսպիսով, անոնք կը սկսին արտաքին տեսքի բերել իրենց ապրած գրեթէ բոլոր դժուարութիւնները: Կ՚ըսեն՝ կեանքը անոնց միշտ վատ կը վերաբերի։ Սակայն, այս իրավիճակը կը գործէ որպէս վահան ազնուութեան դէմ՝ պատասխանատուութիւն ստանձնելէ խուսափելու եւ անբաւարարութեան դիմակայելու համար: Որովհետեւ խնդիրներ լուծելը աւելի դժուար է, քան բողոքելը: Այդպիսով անոնք արտաքին աշխարհէն կը ստանան իրենց պահանջած օգնութիւնը:
Այնուամենայնիւ, անոնք այսպէսով աւելի կախեալ կը դառնան ուրիշներէն։ Անոնք կը կարծեն, որ սա հոգեբանական ուժային դաշտ կը ստեղծէ, բայց թոյն մըն է, որ ժամանակի ընթացքին կը սպառէ զանոնք: Անոնք նոյնիսկ մանիփիւլաթիւ կերպով կ՚օգտագործեն ուրիշներու կարեկցանքը։ Սակայն որոշ ժամանակ անց անոնց շրջապատը կը սկսի զգալ այն, ինչ որ կ՚անուանենք «կարեկցանքի յոգնածութիւն»: Քանի որ ոչ ոք կ՚ուզէ մնալ անընդհատ դժգոհող մարդու մը կողքին: Այսպէսով անոնց առանձնութեան զգացումը կ՚ամրապնդուի եւ կը յայտնուին արատաւոր շրջանակի մը մէջ։
*
Մէկ խօսքով, ընկերային ցանցերու հաշիւներու ոչ բոլորը՝ բայց մեծամասնութիւնը աշխարհին կը ներկայանան՝ երազային կերպով, նոյնիսկ իրականութենէն ամբողջութեամբ հեռացած։ Այստեղ կատարելութեան իւրաքանչիւր որոնում կը թաքցնէ անբաւարարութեան վախը, իւրաքանչիւր ծիծաղը՝ վրդովմունք, իսկ ազատութեան համար ամէն ջանք կը թաքցնէ պատկանելիութեան կարօտը: Սակայն, բոլոր դիմակներու ետին տակաւին կայ մարդ մը՝ վախով, ցաւով, յոյսով եւ հիասթափութեամբ. յուսալով հասկնալ, ընդունիլ եւ սիրել մարդը, որ ժամանակին անմեղ երեխայ մըն էր։
Թէեւ բոլորս տարբեր տեսք ունինք, բայց ձեւով մը կը նմանինք իրարու։ Թաքնուելու մեր բոլոր փորձերու եւ ստանձնած դերերու ետին կայ խոր վախ մը, որ առկայ է բոլորիս մէջ. մենք կը վախնանք մերժուելէ եւ բացառուելէ, քանի որ բաւարար չափով հասկացութեամբ չենք վարուիր իրարու:
Մեզմէ ո՞վ անմեղ է կամ անթերի։ Արդեօք կատարեա՞լ ենք։ Լաւագոյն պարագային մենք մեր ետին կը թողենք արձագանգ մը, հետք մը։ Եկանք ու կ՚երթանք։ Պէտք է աւելի հասկացող ըլլանք, մի գուցէ այդ ժամանակ դիմակներու ետին թաքնուելու կարիք չենք ունենար։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
•վերջ
Ընկերամշակութային
- 01/13/2025