ՊԻԼՊԱՈՅԻ ԱԶԴԵՑՈՒԹԻՒՆԸ. ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃԱՐՏԱՐԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆ
Ճարտարապետութեան եւ զբօսաշրջութեան փոխյարաբերութիւններու մէջ կան փոխազդեցութիւններ: Զբօսաշրջութեան պահանջը կրնայ կրօնական շէնքերը վերածել պատկերասրահներու, խորհրդարանները՝ զբօսաշրջութեան վայրերու, երկնաքերերը՝ համայնապատկերային աշտարակներու կամ մասնաւոր բնակավայրերը՝ թանգարաններու:
Պատմական կամ ներկայ ճարտարապետական աշխատանքները կը նկարագրեն ներուժ մը, որ կը խթանէ կամ կ՚աջակցի զբօսաշրջութեան՝ իրենց վկայութեան, ներկայացուցչականութեան, ուրոյնութեան, ինքնատիպութեան արժէքներով։ Ճարտարապետական գործը կրնայ վայր մը դարձնել միջազգային գրաւչութեան կէտ։ Այսպէս, Պիլպաոյի Կուկենհայմի թանգարանի պարագային իրավիճակը սահմանուած է՝ որպէս «Պիլպաոյի ազդեցութիւն», երբ քաղաքը դարձած է զբօսաշրջային վայր եւ տնտեսութիւնը փոխակերպուած է թանգարանի բացումով ու ներկայութեամբ։
Ճարտարապետական զբօսաշրջութիւնը կը ներառէ որոշ միջոցառումներ (ճարտարապետական փառատօներ, համաժողովներ, շէնքերու տօնավաճառներ, միջազգային դասընթացքներ եւ այլն) ճարտարապետական մասնագիտութեան համատեսքին մէջ: Պատմական եւ ժամանակակից ճարտարապետական գործերու, ճարտարապետական թանգարաններու, ճարտարապետութեան միջազգային ուժեղ լրատուամիջոցներու եւ կարեւոր ճարտարապետական համալսարաններու գոյութիւնը կրնայ որոշիչ ըլլալ այս միջոցառումներու կատարման վայրի ընտրութեան պարագային:
Ճարտարապետական աշխատանքները կապուած են զբօսաշրջութեան մշակութային եւ պատմական հարթութեան հետ։ Զբօսաշրջութիւնը բաւական երկար տարիներէ ի վեր կարեւոր տեղ կը գրաւէ քաղաքներու տնտեսութեան մէջ եւ զբօսաշրջային գործունէութեան շարունակականութիւնը յառաջ կը բերէ քաղաքներու մշտապէս թարմացման կարիքն ու պահանջը։ Ներկայ ճարտարապետութեան համատեսքին մէջ նման ակնկալիքը որոշիչ է առանձին շէնքերու եւ քաղաքային ներդրումներու պարագային։ Քաղաքային վերափոխման նախագծերու մէջ «բազմակողմանի օգտագործման» հայեցակարգը մասամբ կը ներառէ զբօսաշրջային գործունէութիւնը։
Մարդաբան Էտրիըն Ֆրանքլին «Զբօսաշրջութիւն. ներածում» անուանեալ իր գիրքով կ՚առանձնանայ զբօսաշրջութեան ուսումնասիրութիւններու մէջ, կը կեդրոնանայ արդիւնաբերութեան վրայ եւ կ՚անդրադառնայ զբօսաշրջութիւնը որպէս մշակութային գործունէութեան մաս դիտարկելու անհրաժեշտութեան։ Զբօսաշրջութիւնը մեծ մասամբ համարկուած է քաղաքներու առօրեայ կեանքին: Այլ խօսքով, աշխարհի բազում քաղաքներու մէջ առօրեայ կեանքը հետզհետէ անբաժան կը դառնայ զբօսաշրջային աշխարհէն։
Պիլպաոյի ազդեցութեամբ ներդրողները նման պահանջներ կը ներկայացնեն գրեթէ բոլոր տեսակի շէնքերու համար՝ գիտակցելով քանդակագործական ոճի տնտեսական տրամաբանութիւնը։ Հակառակ զանազան վերապահութիւններու, խորհրդանշական շէնքերու նկատմամբ հանրութեան ցանկութիւնը կը մեծնայ։ Այսինքն՝ ժամանակակից ճարտարապետութեան տարօրինակ ձեւերը ճանապարհ կը հարթեն զբօսաշրջային տեսարաններ ստեղծելու համար։
Անկասկած, անորոշ պատկերագրութիւններով խորհրդանշական շէնքերու նախագծումը ժամանակակից ճարտարապետութեան կողմէ ընտրուած միակ մօտեցումը չէ համաշխարհայնացած աշխարհի զբօսաշրջիկները եւ զբօսաշրջային հոսքերը գրաւելու համար: Ժամանակակից ճարտարապետութեան նախագծերը, իրենց տեսարան դառնալու ներուժով, կը տարբերին խորհրդանշական շէնքերէն:
Ճարտարապետութեան մէջ անհատական կամ խմբային կրթական շրջագայութիւնները շատ հին ժամանակներէն ի վեր կը շարունակուին։ Մեր օրերուն բազմաթիւ ճարտարապետական դպրոցներ կը շարունակեն աշխատիլ վայրի մը ճարտարապետութիւնը փորձարկելու եւ կարճ ժամանակով կամ ուսուցման համար նախագծեր կազմելու ուղղութեամբ: Ճարտարապետական աշխատանքներու պատկերները կը հրապարակուին ինչպէս ճարտարապետական եւ հանրամատչելի մամուլի, այնպէս ալ համացանցի մէջ եւ անոնք մեծ դեր ունին ուսանողներու ճարտարապետական ճաշակի ձեւաւորման գործին մէջ։ Տեղւոյն վրայ քաղաքաշինական եւ ճարտարապետական նախագծերու փորձը ճարտարապետութեան ուսանողներուն հնարաւորութիւն կու տայ քննադատօրէն ընկալել կառոյցները եւ ինքնուրոյն ոճով կառուցել շէնքեր, որոնք նաեւ կ՚ազդեն զբօսաշրջութեան, ինչպէս նաեւ երկրի տնտեսութեան վրայ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ