ԷՍԱԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԻՋՆԱԿԱՐԳԻ ԲԱԺՆԻ ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍԸ

Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջնակարգի բաժնի տարեվերջի հանդիսութիւնը։ Խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, վարժարանի լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն ներկայացուցիչներ, ծնողներ եւ հիւրեր։

Երեկոյթին յայտագիրը գործադրուեցաւ հանդիսավարութեամբ Սեսիլիա Մաշալըի եւ Սայաթ Քուշի։ Ութերորդ դասարանը աւարտած աշակերտներուն անունով արտայայտուեցան Պարէտ Սերգիսեան, Քրիս Չաղլըեան եւ Լարիսսա Պէյլէր։ Շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ Առլին Եշիլթեփէ, որ միեւնոյն ժամանակ բաժնեց աշակերտներուն վկայականներն ու նուէրները։ Տղաքը խմբերգներ ալ կատարեցին գլխաւորութեամբ երաժշտութեան ուսուցիչ Յակոբ Մամիկոնեանի։ Ծափողջոյններու մթնոլորտին մէջ հատուեցաւ շրջանաւարտներուն ի պատիւ պատրաստուած կարկանդակը եւ տղաքը զուարճացան երաժշտութեան ընկերակցութեամբ մինչեւ ուշ ժամերը։

Մինչ այդ այս հանդիսութեան ընթացքին Էսաեանի ընտանիքի յարգանքին ու համակրանքին առարկայ դարձաւ բազմավաստակ կրթական մշակ Սաթենիկ Ալեանաքկիլ, որ երկար տարիներ անշահախնդիր ծառայութիւն բերած է դպրոցին։ Իրեն յուշանուէր մը յանձնեցին եւ Էսաեան ընտանիքի երախտագիտական զգացումներուն թարգման հանդիսացան Առլին Եշիլթեփէ եւ ուսուցչուհիներ։

Միւս կողմէ, հանդիսութեան աւարտին յուշանուէրներով մեծարուեցան նաեւ վարժարանի ծնողաց միութեան անդամուհիները։ 

    

Հինգշաբթի, Յունիս 15, 2017