ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի մէջ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» շարժանկարի միջազգային փառատօնը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ 16-րդ անգամ։ «Մոսկուա» շարժանկարի դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ փակման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որու ընթացքին կատարուեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը։ Ներկայ էր Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան։ Ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ «Ոսկէ ծիրան»ի հիմնադիր-նախագահը՝ Յարութիւն Խաչատրեան։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, լիաժամկէտ ժապաւէններու միջազգային մրցոյթին մէջ «Ոսկէ ծիրան» մրցանակը նուաճեց «Ռէյ եւ Լիզ»ը, որու հեղինակն է Ռիչըրտ Պիլինկհեմ։ «Արծաթէ ծիրան»ը շնորհուեցաւ Քանտեմիր Պալաքովի «Լողլողը» ժապաւէնին։ Դատակազմի յատուկ յիշատակման արժանի համարուեցաւ Հասան Ֆազիլիի «Կէս գիշերային ճամբորդը» ժապաւէնը։

Մրցոյթի դատակազմի նախագահ, յայտնի բեմադրիչ ու բեմագիր Ալեքսանտր Մինտածէ «Ոսկէ ծիրան»ի փակման հանդիսութեան ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց փառատօնի հիմնադիրներուն։ Ան յայտնեց, որ այս փառատօնը իրեն համար հաճելի եղած է ծրագրի բազմազանութեամբ ու որակեալ գործերու առատութեամբ։

Կարճաժամկէտ ժապաւէններու տարածքաշրջանային մրցոյթին մէջ առաջին հանդիսացաւ Մարզիէ Ռիահիի «Վարորդական դասեր» ժապաւէնը։ Այս դասաւորման մէջ երկրորդ հանդիսացաւ Ռատի Ցիթելածէի «Հասարակութեան գերին» ժապաւէնը։

Տարածքաշրջանային համայնապատկեր որակեալ մրցոյթին մէջ ալ շարժանկարի քննադատներու մրցանակը յանձնուեցաւ Թինաթին Քաճիրիշվիլիի «Հորիզոնը» ժապաւէնին։

Երկուշաբթի, Յուլիս 15, 2019