ՊԱՊԷՍԵԱՆԻ «ՀԱՆՐԱԳԻՏԱԿ»Ը

Այսօր, երբ համացանցային որոնողական համակարգերը լեցուն են զանազան նիւթերով, տեղեկատուութիւն հաղորդող զանազան կայքէջերով, կան տակաւին գիրքեր, որոնք կը շարունակեն մնալ սեղանի վրայ եւ մրցակից ըլլալ համացանցի անսպառ շտեմարաններուն:

Այդ գիրքերէն է 1922 թուականին Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած «Հանրագիտակ»ը՝ հեղինակութեամբ քարտէսագիր Յովհաննէս Պապէսեանի, որ հեղինակն է նաեւ «Հայ ատլաս»ին:

«Հանրագիտակ. Շտեմարան պատանի գիտելեաց ամենահետաքրքրական գիրքը անհրաժեշտ ամէն տարիքի, սեռի եւ ասպարէզի հաճելի եւ օգտակար» խորագրով առաջին անգամ 1922 թուականին Պոլսոյ մէջ տպագրուեցաւ եւ գրեթէ առանց հասնելու արտասահման՝ սպառեցաւ մէկ տարուան մէջ: Բոլոր կողմերէն խնդրանքները այնքան շատ էին, որ նոյնիսկ ջուր ծախող խանութներէն պահանջուեցաւ զայն, վաճառելու համար: Այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ հեղինակը «Հանրագիտակ»ի երկրորդ տպագրութեան առթիւ, որ 1961 թուականին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ:

Հեղինակը որոշ պատճառներով հեռացած է Պոլիսէն եւ ահաւասիկ քառասուն տարի ետք միայն յաջողած է երկրորդ անգամ հրատարակել գիրքը՝ մղուած «Հանրագիտակ»ին հանդէպ երեւան եկած աննախընթաց հետաքրքրութենէն եւ մանաւանդ արեւմտահայերէնի կրող հանրութեան անվերապահ գնահատանքէն:

Գիրքին առաջին հրատարակութեան տարին՝ 1922 թուականի վերջաւորութեան, Պապէսեան քաղաքական պատճառներով հեռացած է Պոլիսէն եւ յետագային տնտեսական աննպաստ պայմանները, զանազան երկիրներու մէջ առժամեայ եւ անհաստատ բնակութիւնը, մանաւանդ Բ. Աշխարհամարտը թոյլ չեն տուած, որ գործին երկրորդ հրատարակութիւնը աւելի կանուխ ըլլայ:

Պապէսեանի յետագայ հանգրուանը եղաւ Միացեալ Նահանգները, ուր, տպագրութեան գործին սղութիւնը համարձակութիւն չտուաւ անոր՝ տարիներէ ի վեր փայփայած երազանքը իրականացնելու: Միակ միջոցը, որ կար, «Հանրագիտակ»ին տպագրութեան հետ ուրիշ գործերու ալ նպաստաւոր գինով հրատարակութեան համար, Լիբանանը ընտրելն էր, ուր հնարաւոր էր խիստ նպաստաւոր պայմաններով լոյս ընծայել զանոնք: Պապէսեան, հակառակ իր յառաջացած տարիքին, Գալիֆորնիայէն կը ժամանէ Լիբանան եւ 1961 թուականին «Հանրագիտակ»ը կրկին կը տպագրէ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան տպարանին մէջ։

Ինք՝ Պապէսեան, թէ՛ առաջին, թէ՛ երկրորդ հրատարակութեան առթիւ «Հանրագիտակ»ի յառաջաբանին մէջ գրած է.

«Երկար ատենէ ի վեր կը մտածէի ընթերցող հասարակութեան մատուցանել գիրք մը, որ ո՛չ միայն անոր հաճոյքները փայփայէր, այլ նաեւ անոր հայթայթէր օգտակարն ու շահաբերը, քանի որ այլեւս բացորոշ կերպով հասկցուած է, որ մարդկային ցեղին նիւթական գոյութիւնը յաւերժացնող եւ օրուան հրամայական պահանջքը դարձող օգտակարին եւ շահաբերին՝ հաճելիին հետ յաւէտ անբաժանելիօրէն եւ զուգահեռաբար ընթանալու խնդիր մը կայ մէջտեղը: Խնդիր մը, որուն առջեւ խորունկ կերպով պիտի մտածենք, գոյութեան պայքարը մինչեւ վերջ մաքուր եւ յաջողապէս տանելու համար:

«Իմ առջեւ ունենալով այս անյետաձգելի խնդիրը եւ առաջնորդուելով մանաւանդ ընթերցողին օգտակար ըլլալու միակ ցանկութենէս, համարձակութիւնը կ՚ունենամ այս համեստ գործս դժուարահաճ գիտութեան սեմէն ներս նետելու, յուսալով, որ անոր մատուցանելիք օգտակարութիւններուն հետ միասին ընթերցողը չի վարանիր նաեւ մատնանշել անոր թերութիւնները, որոնք կրնան ի հարկէ ապագային սրբագրուիլ եւ չքմեղանքի արժանանալ, երբ նկատի առնուին գործին անշահախնդրութիւնը եւ ծայրայեղ անկեղծութեամբ առաջադրուած նպատակը, որ միակ խարիսխը կը կազմէ ներկայ գործը հրապարակ հանելու հեղինակին ցանկութեան»:

Տակաւին անցեալ դարասկիզբին լոյս տեսած «Հանրագիտակ» գործին նշանաբանը եղած է՝ հաճելիին հետ օգտակարով հետաքրքրել ամէն սեռի եւ տարիքի ընթերցողները: Եւ այդ իսկ պատճառով, այս անգամ, աւելի քան կրկնապատկուած է այդ գործին ծաւալը, տալով լայն տեղ մը մեր առօրեայ կեանքին մէջ գոյութիւն ունեցող պիտանի գիտելիքներուն, որոնք անկասկած պիտի հետաքրքրեն նոր սերունդի երիտասարդները, պատանիները եւ նոյնիսկ փոքր տղաքը, որոնք պիտի գիտնան օգտուիլ անոնցմէ եւ թերեւս իրենց ապագայ կեանքին ուղղութիւն տալու կոչուած անոր գիտական պարզ նիւթերը դառնան կեանքի մէջ կարեւոր զբաղումներուն հիմքը եւ որոնք թերեւս զիրենք առաջնորդեն դէպի աւելի լուրջ գիտական դաշտեր, ուր անոնք հետզհետէ կրնան հասնիլ տեղ մը՝ շնորհիւ իրենց ուշիմութեան, յարատեւութեան, պրպտող ու հետաքրքիր ոգիին եւ աստիճանական վերելքին:

Օրին, հեղինակը համոզուած է, որ ծնողները իրենց զաւակներուն նուէր մը ընելէ առաջ կրնան նկատի ունենալ «Հանրագիտակ»ը, համոզուած ըլլալով, որ անոնք իրենց ազատ ժամերը փոխանակ յատկացնելու դատարկ մնացողներու յատուկ մոլութեանց, ինքզինքնին կը նուիրեն գիրքին թելադրած մտաւոր եւ ձեռնտու ազնուացուցիչ զբաղումներուն:

Բազմաթիւ են «Հանրագիտակ»ին բաժինները:

Հեղինակը առանձին նիւթերով անդրադարձած է մելանի պատմութեան եւ մելանաշինութեան, ցոյց տալով մելանի բազմաթիւ տեսակներ եւ գոյներ, ծածկագիր մելաններ եւ անոնց պատրաստութիւնը զանազան քիմիական նիւթերով, նոյնիսկ առանց ծախսի՝ առտնին պատրաստութիւններով: Նոյն ձեւով ան ներկայացուցած է նաեւ սոսինձներուն, ջրդեղներուն, ջնարակներուն ծագումը, պատրաստութիւնը, գործածութիւնը:

Առտնին գիտելիքներ կան ամփոփուած արդուկի աշխատանքին, աղտահանութեան, մետաքսին, բամպակին եւ բուրդին խարդախութիւնները երեւան հանելու եւ այլ հարցերու շուրջ: Յատկանշական է, որ տակաւին 1920-ականներուն այս կենցաղային հարցերը արդիական էին եւ կը հետաքրքրէին մարդիկը:

Գծագրութիւնը երեխաներուն սիրցնելու, սորվեցնելու ուղղութեամբ, նոյնիսկ տան մէջ՝ առանց ուսուցիչի, շատ դիւրին գիտելիքներ հաղորդած է Պապէսեան իր «Հանրագիտակ»ին մէջ եւ ի յաւելումն ներկայացուցած է գծագրութեան բազմաթիւ օրինակներ:

Ընթերցողը կրնայ ծանօթանալ նաեւ քիմիական նիւթերով փորագրութեան, որ մետաղներու վրայ կը կատարուի եւ նաեւ՝ թէ ինչպէս կարելի է մետաղներուն գոյն տալ առանց ներկի:

Հետաքրքրական բաժին մըն է «Հանրագիտակ»ի «Հայկական հին դրամներ» բաժինը, որ կը սորվեցնէ նաեւ դրամներուն վրայ եղող յունարէն անուններուն ընթերցումը: Ներկայացուած են Նախքան Քրիստոս 260-240 թուականներէն ծագած հայկական դրամներու պատմութիւններ, ինչպէս Քարասպես, Քսերքսես թագաւորներուն օրով թողարկուած պղինձէ դրամները եւ 1918 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան տպած թղթադրամները:

Զարդագրութիւնը, թռչնագիրները եւ գիրի զանազան տեսակներ միշտ եղած են հայ արհեստաւորներու, մասնաւորապէս ոսկերիչներու գործածութեան տակ: Ահաւասիկ, «Հանրագիտակ»ին մէջ հեղինակը կը ներկայացնէ գեղարուեստական հարիւրաւոր նմոյշներ, վաճառատան ճակատը գրուելիք անուններու եւ կանացի ձեռագործներու զարդագիրներ: Ան կը նկատէ, որ այդ բաժինը կրնայ գանձարան մը դառնալ ոսկերիչներուն համար, որոնք իրենց ձեռքին տակ կ՚ունենան մատանիներու, ապարանջաններու եւ մանեակներու վրայ փորագրուելիք անուններու սկզբնատառերու աննախընթաց ճոխ հաւաքածոյ մը: Այդ գիրերէն շուրջ չորս հարիւր տեսակ (հայերէն եւ եւրոպական) դրուած են գիրքին մէջ, ոմանք՝ գունաւոր եւ ոսկեզօծ:

Ինքնին հետաքրքրական եւ մինչ գիրքին տպագրութիւնը կը ներկայացուի նաեւ հայ հրատակութեան մէջ տակաւին չփորձուած գործ մը «Հանրագիտակ»ին մէջ՝ մեռեալ եւ կենդանի լեզուներուն այբուբենը, մօտ հազար ցեղերու անուններ՝ իրենց թիւերով: Միեւնոյն ատեն օգտակար են հայերէն բառերուն դրացի օտար բառեր՝ ասո-րերէն, պարսկերէն, յունարէն, մեծ մասամբ այլ լեզուներու գիրերով ցոյց տրուած:

Պատանիները կրնան գիրքին մէջ գտնել առանց գործիքի բնագիտական փորձեր՝ տան եւ դպրոցական պարզ առարկաներով՝ պնակ, գաւաթ, պատառաքաղ, շիշ, մատիտ եւ այլն: Այս փորձերը իրենց պարզութեամբ կրնան հետաքրքրել նոյնիսկ գիտութեան հանդէպ անտարբեր եղող տղաքը եւ անոնց մէջ արթնցնել գիտութեան սէրը:

«Ինչո՞ւ»ներու բազմաթիւ հարցարան մը եւ անոնց պատասխանները նոյնպէս ներառուած է «Հանրագիտակ»ին մէջ:

Ուտեստեղէնի, բոյսերու եւ պտուղներու, թէյի, սուրճի, կարագի, պղպեղի, ծիրանի եւ այլ ուտելիքներու պատմութիւնը, որ հեղինակը հաւաքած է բազում գիրքեր կարդալով, թերթելով, օտար եւ հայրենի աղբիւներ համադրելով, զատ բաժինով եւ հետաքրքրական ոճով ներկայացուցած է:

Նմանապէս հաւաքած եւ գիրքին մէջ զետեղած է գիւտերու թուականներ եւ հայոց պատմութեան ժամանակագրութիւն, իւրաքանչիւր թուականին առջեւ դնելով պատմական դէպքերու եւ դէմքերու մասին կարճ յիշատակութիւններ:

Եւ վերջապէս, մեծ բաժինով մը ընթերցողը կրնայ վայելել ընտանեկան ժամանցի խաղեր:

Յովհաննէս Պապէսեանի «Հանրագիտակ»ին մէջ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց «Հայ անունը գիտութեանց եւ արուեստի մէջ» բաժինը, որուն առանձին կ՚ուզենք անդրադառնալ: Ոչ միայն գիտութեանց եւ արուեստի մէջ, այլ նաեւ հայկական յորջորջումով աշխարհագրական անուններ ներկայացուցած է հեղինակը, աւելի քան յիսուն հայկական բոյսեր, կենդանիներ, երկու Ամերիկաներուն մէջ Հայաստան անունով չորս քաղաքներ, աշխարհի ամէն կողմը Հայաստան կամ հայկական անունով կարգ մը փողոցներ, պողոտաներ, հայկական կամուրջ, հարիւրէ աւելի հայկական հիմք պարունակող անուններ, որոնց մասին տրուած են հակիրճ տեղեկութիւններ: Յատկանշական է, որ մինչեւ գիրքին տպագրութեան թուականը՝ 1922-ը, այդ անուններուն ցանկը բազմաթիւ եղած է, աւելցնենք, որ ատկէ ետք ալ աշխարհի տարածքին բազում վայրեր անուանակոչուած են, որոնց ընկերացած են «հայկական» կամ «Հայաստան» ածականները:

Պապէսեան այդ անունները, ինչպէս կը նշէ, հաւաքած է երեսուն եւ հինգ տար-ւան պրպտումներով եւ հետազօտութեամբ, աչքէ անցուցած է 87 տեսակ համայնագիտարաններ, գիտական գիրքեր՝ զանազան լեզուներով եւ իբրեւ արդիւնք այդ աշխատանքին, պատրաստած է 200 էջնոց ձեռագիր մը՝ «Հայկականք» անունով, որուն մէջ «հայկական» յորջորջումով յիշուած բոյսերուն անունները կը հասնին շուրջ 55 տեսակի:

Գալով ճարտարուեստին մէջ գործածուող, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական հայկական անուններով յորջորջուած բառերուն, զորս, եթէ աւելցնենք 55 տեսակ բոյսերուն վրայ, կ՚ունենանք 125 հայկական անուանակոչութիւններ, որոնց ոչ մէկ մըր-ցանիշ կը հաւասարի, անշուշտ, թիւերու համեմատութեամբ:

«Հանրագիտակ»ին մէջ հայերէն անուանումներուն համառօտագրութիւնը տըր-ւած է միայն, բայց անմիջապէս հետաքըրք-րութիւն կը յառաջացնէ ընթերցողին մօտ:

ՀԱՅ ԱՆՈՒՆԸ

(Բաժին՝ «Հանրագիտակ»էն)

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍԱԼՈՐ

Ըստ շուէտցի բնապատում Կարոլոս Լիննէոսին, հայերէն ծիրանին լատիներէն անունն է prunus armeniaca, որ կը նշանակէ հայկական սալոր, որ սալոր չէ: Որովհետեւ բուսաբանութեան մէջ գիտականօրէն սալոր կը կոչուին ծիրանը, դեղձը, կեռասը, բալը: Հռոմէացիները ծիրանենին Հայաստանէն փոխադրած են Հռոմ, անոր մասին հռոմէացի բնապատում՝ Պլինիոսի խօսելէն շուրջ 39 տարի առաջ: Արաբները զայն կոչած են «թուֆֆահ ալ էրմէնի» (հայկական խնձոր), իսկ Կիլիկիոյ Անազարբա քաղաքը ծնած (Յետ Քրիստոս 40 թուին) Դիոսկորիտէս կ՚ընէ անոր յիշատակութիւնը հայկական կանխահաս խնձոր (Միլոն Արմենիաքոն Բրէքոքքիոն) անունին տակ, լատիներէն Armenia mala precocia, որուն հետեւելով ֆրանսացիները ժամանակին զայն անունանած են Հայաստանի վաղահաս խնձոր: Հռոմէացիներն են, որ զայն տարածած են Սպանիա եւ Ափրիկէ: Իսկ ԺԴ. դարէն սկսեալ ան մշակուած է Ֆրանսայի մէջ: Անգլիոյ Հենրկոս Ը.-ի պարտիզպան Վուլֆը զայն ներմուծած է Անգլիա՝ 1524 թուականին:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՐՄԱՏ

Բուսաբանութեան մէջ ծանօթ տորոն անունով ներկատու բոյսին արմատն է, որով հայաբնակ նահանգներու հայերը Զատկուան հաւկիթը կը ներկէին:

Այս բոյսը 1756 թուականին Ֆրանսա մտցուցած է պարսկահայ Յովհաննէս Ալթունեան, որ ծանօթ է Ֆրանսայի մէջ Ժան Ալթըն անունով: Այս բոյսին մշակութեամբ Ֆրանսայի Վոքլիւզ նահանգը հարստացած է եւ ի նշան երախտագիտութեան, Ալթընի մահէն 72 տարի վերջ, ֆրանսացիները կանգնեցուցին անոր պղնձեայ երկու արձանները Աւինիոն քաղաքին մէջ: Բայց Բ. Համաշխարհային պատերազմին, երբ գերմանացիները գրաւեցին Ֆրանսան եւ Ալթընի երկու արձանները օգտագործեցին Պերլինի մէջ թնդանօթ ձուլելու համար, ինչ որ կը հաստատուի Աւինիոնի քաղաքապետին 18 Հոկտեմբեր 1957 թուակիր նա-մակով, զոր հեղինակին՝ Պապէսեանին ղրկած էր ի պատասխան վերջինիս նամակին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՓԻՂ

Արդի փիղի ընտանիքէն՝ մամութ անունով բրածոյ փիղին մէկ տեսակն է հայկական փիղը, որուն բրածոն գտնուած է Հայաստանի Խնուս քաղաքին մօտ: Այս անունը տրուած է անոր՝ անգլիացի երկրաբանական խումբին կողմէ: Իսկ մամութի մնացորդներ գտնուած են Հայաստանի Աղեքսանդրապոլ (այժմ՝ Կիւմրի) քաղաքին եւ Լոռի եւ Տէպէտա գետերուն մօտ: Նախապատմական այս հսկայ փիղը՝ մամութը, որուն բարձրութիւնը կը հասնի 7 մեթրի, ապրած է նաեւ Սիպերիոյ մէջ, ուր սառնամանիքներուն տակէն կը հանուին անոր անվթար մնացած միսը, որ շուներու կը տրուի, որովհետեւ սառոյցին տակ միսը երբեք չ՚ապականիր, հակառակ անոր որ տասնեակ հազարաւոր տարիներ սառոյցին տակ մնացած են մամութները:

Փիղերը եւ անոնց նախապատմական տեսակները շատ տաք երկիրներու յատուկ կենդանիներ ըլլալով՝ երբ գտնուած են այս տարածութեան մէջ, կ՚եզրակացուի, թէ Հայաստանը եւ Սիպերիան շատ տաք կլիմայ ունեցած են ժամանակին, ուր կրցած են ապրիլ այդ կենդանիները, որոնք ջնջուած են սաստիկ տաք կլիմային յաջորդող սաստիկ ցուրտ կլիմայի շրջանին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՉԱՄԱՆ

Այս մէկը ճապուռի հայկական անունն է: Մասնաւորապէս կը մշակուի Հոլանտայի մէջ եւ իբրեւ համեմ իր հունտերը կը գործածուին հացը համեմելու, գերմաներէն սիրելի չամանօղլի (քիւմմել) պատրաստութեան եւ ծաղարարութեան մէջ: Արաբները հայկական չամանը կը ճանչնան «քէմմուն ալ էրմէնի» անունով:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՇԱՂԱԽ ԿԱՄ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԱԶՏԱՔԷ

Գոհարեղէնները փակցնելու համար գործածուող մածուցիկ մազտաքէ մը, որ հայկական անունով ծանօթ է: Կը գործածուի նաեւ փակցնելու համար ապակիէ եւ յախճապակիէ նուրբ առարկաները: Ունի երկար ատեն ջուրին ազդեցութեան դիմադրելու յատկութիւն:

ՀԱՅԿԱՒ

Այս կաւը, որ կոչուած է նաեւ հայկական կաւ, մութ կարմիր գոյնով կաւաքար մըն է, որ կը գործածուէր հին բժշկութեան մէջ, իբր ցամքեցուցիչ կամ սպիացուցիչ վէրքերու, արիւնարգել, զօրացուցիչ: Ատենին հայկաւը կ՚արտադրուէր Հայաստանի եւ Պարսկաստանի մէջ: Այժմ ան կը գտնուի Իտալիոյ Թոսքանա գաւառը եւ Ֆրանսայի Սոմիւռ եւ Պլուա քաղաքներուն շրջակայքը: Ֆրանսայի մէջ հայկաւով պատրաստուած դեղահատերը ծանօթ էին հայկաւի դեղահատեր անունով:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՎԱՐԴ

Արեւելեան վարդի եւ բրդոտ վարդի մերձաւոր նմանութեամբ վարդ մըն է հայկական վարդը, որ կ՚աճի Բաբերդ (Մեծ Հայք): Առաջինը կ՚աճի Ասլան տաղ (Փոքր Հայք), իսկ երկրորդը՝ Պոնտոս եւ Կիլիկիա: Նոր պայէզիտցիները Հայաստան իրենց գործածած հայերէն մաքուր բառերուն մէջ ունին հայավարդ բառը, որ անտարակոյս հայկական վարդն է:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՍՕՍԻ

Հռոմայեցիներ հայկական սօսի կոչած են պատմական Արմաւիրի Սարտարապատի դաշտին սօսիները, որոնք ձեւացուցած էին հայ պատմութեան մէջ խիստ ծանօթ եւ ժողովրդական Սօսեաց անտառը, որուն ծառերը հեթանոսական շրջանին կը պաշտէին հայերը:

ՀԱՅՔԱՐ

Կապոյտ քար մը, որ իբրեւ գոհարաքար, յաճախ լազուարթի հետ նոյնը նկատուած, թէեւ անոնք իրարմէ տարբեր են, բայց առեւտուրի մէջ խարդախութեամբ մը մին միւսին տեղ ծախուած է:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԱԿԱՉ

Կ՚աճի Վան, Կարին, Բաղէշ եւ Եփրատ գետի ափերուն վրայ: Պէյքըր, առանց վարանումի հայկական կակաչ անունը կը վերագրէ նաեւ բուն կակաչին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹՈՒՂԹ

Ֆրանսացիներ Հայաստանի թուղթ կամ հայկական թուղթ կոչած են մասնաւոր պատրաստութեամբ ձեռք ձգուած այն թուղթը, որմէ փոքրիկ կտոր մը այրելով՝ կ՚արձակէ անուշաբոյր հոտ մը: Փարիզի փողոցներուն մէջ կը ծախուի ան երիզներու վերածուած, եւ ունի բաց սրճագոյն գոյն մը: Երբ անոր մէկ ծայրը կրակին դպի, կը սկսի այրիլ դանդաղօրէն, առանց բոց արձակելու:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱԿԻՆԹ

Յակինթներուն մէջ ամենէն ընտիրը, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ ծաղիկներու հունտեր եւ կոճղէզներ ծախող ընկերութեանց կողմէ եղած յայտարարութեանց մէջ մասնաւոր կերպով կը շեշտուի հայկական յակինթ անունը, իբրեւ ամենաընտիրը յակինթներու բազմազան տեսակներու շարքին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՈՐԴԱՆ ԿԱՐՄԻՐ

Այս միջատին լատիներէն անուան հայերէն թարգմանութիւնն է հայկական ծիրանաբեր: Փոքր միջատ մըն է, որ կը վերածուի ծիրանագոյն ներկի: Կ՚ապրի Արարատի ստորոտը եւ Երասխի ափերը:

Բուն որդան կարմիրը ծանօթ էր հին եգիպտացիներուն, յոյներուն, հռոմայեցիներուն, պարսիկներուն: Հայկական որդան կարմիրը յիշուած է պարսիկ պատմաբան Իսթախրիի, Մովսէս Խորենացիի, Ղազար Փարպեցիի կողմէ: Շնորհալի զայն կը յիշէ իր «Ողբ Եդեսիոյ» գիրքին մէջ: Հայաստանի հին մայրաքաղաքը՝ Դուին, նշանաւոր էր որդան կարմիրով ներկուած բուրդով: Նշանաւոր էր նաեւ Հայաստանի առաջին մայրաքաղաքը՝ Արտաշատը, զոր արաբներ կը կոչէին «Գարիէթ-ալ-Քիրմիզ» (որդան կարմիրի քաղաք): Սպանացիք եղան առաջին անգամ որդան կարմիրը ճանչցողները Մեքսիկայի մէջ, ուր կը բուծանուին իբրեւ ներկատու միջատ, զոր Մեքսիկան գրաւող Ֆերնանտօ Քորթէզ Սպանիա ղրկեց նաւերով: Անկէ վերջ որդան կարմիրը ճանչցուեցաւ Եւրոպայի մէջ, ուր ան ներմուծուեցաւ 1518 թուականին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՄԵԿՈՆ

Ափիոն արտադրող բոյսը, որուն մէկ տեսակը հայկական մեկոնն է: Ափիոն արտադրող տեսակը, որ կը մշակուի, քնաբեր յատկութիւն ունեցող ափիոնին համար, գիտականօրէն կը կոչուի քնաբեր մեկոն կամ ժողովրդական լեզուով՝ խաշխաշ, որ կը մշակուի Մեծ Հայքի, Փոքր Ասիոյ, Պարսկաստանի եւ Չինաստանի մէջ: Հայերէն մեկոն բառը կու գայ յունարէն միքոն բառէն: Մեկոնի մշակութիւնը արգիլուած է Անհատներու Ազգերու ընկերակցութեան կողմէ եւ ենթակայ է կառավարութեան հակակշռին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՏԵՐԵՓՈՒԿ

Ցորեններու մէջ բուսնող եւ շքեղ կապոյտ ծաղիկով բոյսը ամէնուն ծանօթ, կը կոչուի տերեփուկ կամ կապուտիկ, իր հունտերը խառնուելով ցորենի հատիկներուն հետ, իր բոյսը տարածուած է աշխարհի ամէն կողմը: Բաղադրեալներու ընտանիքին պատկանող այս բոյսը կը պարունակէ 400 տեսակ, որոնցմէ մին է հայկական տերեփուկը, որ կ՚աճի Պոնտոս եւ Երզնկա: Միւս տեսակները կ՚աճին Եւրոպա, Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներ եւ միայն մէկ տեսակ՝ Աւստրալիա կղզին:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԲԱՐՁՄԵՆԱԿ

Ճճեհալած կամ հակաճճի ծաղիկները, որոնք հունտ կարծուած են, ծանօթ է հայկական ծագումով: Արաբներու մէջ ծանօթ է «Շիհ-ը-էրմէնի» անունով:

Իրապէս հետաքրքրական նիւթերով լեցուն հատոր մըն է Յովհաննէս Պապէսեանի կազմած այս գիրքը, որ 1922 թուականին, առանց համացանցի առկայութեան, բծախնդրօրէն հայթայթուած անգին տեղեկութիւններով, այսօր ալ, համացանցի պայմաններուն, կը մնայ արժէքաւոր ու փնտռուած սեղանի գիրք մը:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Յունուար 16, 2018