ՈՉ ԵՒՍ Է ՇԱՄԻՐԱՄ ՍԵՒԱԿ

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է հայ­կա­կան սփիւռ­քի խորհր­դան­շա­կան դէմ­քե­րէն մին՝ Շա­մի­րամ Սե­ւակ։ 102 տա­րե­կան հա­սա­կին կեան­քէ հե­ռա­ցած Շա­մի­րամ Սե­ւակ դուստրն էր նա­հա­տակ մտա­ւո­րա­կան Ռու­բէն Սե­ւա­կի։ Ֆրան­սա­յի մէջ մա­հա­ցաւ Շա­մի­րամ Սե­ւակ, որ քա­նի մը ան­գամ այ­ցե­լած էր նաեւ Հա­յաս­տան։ Ան միշտ ե­ղած էր մղիչ ուժ մը՝ իր հօր ժա­ռան­գու­թեան ար­ժե­ւոր­ման հա­մար։
Այս տխուր առ­թիւ մեր խո­րազ­գած վշտակ­ցու­թիւն­նե­րը կը յայտ­նենք սփիւռ­քա­հայ ե­րէց սե­րուն­դի մտա­ւո­րա­կան­նե­րէն Յով­հան­նէս Չի­լին­կի­րեա­նին, ինչ­պէս նաեւ Ա­ւա­գեան, Սըր­մա­քէշ եւ Չի­լին­կի­րեան ըն­տա­նիք­նե­րու­ն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 19, 2016