… ԿԻՆԸ

Դարձեալ կանգնած ենք պատերազմի աւերներուն դէմ յանդիման՝ փախստականներ, զոհեր, կռուի գացած զինուորին սպասող եւ զոհուած զինուորին վիշտը սրտին ապրող կին եւ մայր… Պատմութիւնը նոյնն է միլիոնաւոր տարիներէ ի վեր: Թէեւ կը թուի, թէ մարդկութիւնը պատերազմներէն դասեր քաղած է, բայց ամէն ինչ նոյնն է եւ նոյնաբովանդակ: Մինչդեռ պատերազմը ո՛չ մէկ լաւ բան կը բերէ եւ ոչ մէկ սփոփում ունի աշնան տերեւներուն պէս մահաբեր քամիէն ինկող տղոց կորուստը… Կռուողին հետ պատնէշի վրայ է նաեւ կինը՝ մայրը, քոյրը, սիրած աղջիկը, նշանածը, կռուի գացողը մխիթարողը, անոր սիրտը տաքցնողը, իսկ մահէն ետք հերոսաբար ապրիլ փորձող կինը…

«Կինը հիմքն է, եթէ կ՚ուզէք, ցեղի մը ակն ու աղբիւրը ։ Կինը ցեղի մը ներշնչումն է».

Ամերիկացի լրագրող Ալֆրէտ Հենրի Լէուիսի այս խօսքերը մէջբերած է պոլսահայ գրող Զապէլ Եսայեան՝ 1911 թուականին Նիւ Եորքի «Արագած» թերթին համար գրած իր յօդուածաշարին համար:

«Կնոջ դատին նորագոյն երեւոյթները», «Հայրենիքին համար», «Կինը՝ խաղաղութեան համար», «Հայ կնոջ դերը հասարակական կեանքի մէջ», «Հայ կնոջ դերը իր կազմակերպած ընկերութեանց մէջ», «Հայ կինը սահմանադրութենէն ետքը», «Հայ կնոջ դերը մեր օրերուն դէպի երկիր», «Հայ կնոջ դերը ներկայ օրերուն. Փոխադարձ օգնութիւն եւ ոչ բարեգործութիւն» խորագրերով գրուած անոր յօդուածաշարը օրին լայն արձագանգ գտած է հայ հանրութեան մէջ եւ այսօր եւս արդիական կը մնայ:

«Հայրենիքի համար» խորագրով գրութիւնը տաղանդաւոր գրողին գրիչով, այդ օրերուն ծնած եւ «Արագած»ի մէջ լոյս տեսած ստեղծագործութիւններէն մէկն է (ուղղագրութիւնը՝ հեղինակինն է):

ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՀԱՄԱՐ

ԶԱՊԷԼ ԵՍԱՅԵԱՆ

Երկարատեւ եւ սաստիկ ձմեռէ մը ետք գարունը կը յայտնուէր վերջապէս անսովոր շքեղութիւնով մը. ծառերը արագ եւ ուժեղ բողբոջումներով կը պճնուէին եւ հասարակաց պարտէզներու մէջ, նոյն իսկ աւազուտ ճամբաներու վրայ, հովի քմահաճոյքներով մոլորուած սերմեր կը ծլէին եւ իրենց դողդոջուն շիւղերը կը ցցէին արեւին. առաւօտներու զովութենէն ետքը միջօրէի ետքի հեշտագին ջերմութիւնը անսովոր խանդող մը կ՚արբեցնէր թէ՛ մարդիկ, թէ՛ բոյսերը, այնպէս որ աննպատակ, խօլ գրեթէ մանկական զուարթութիւն մը կ՚երեւէր ամենուն վրայ։

Նատիա Ուսթրովոքա բացաւ վերջապէս պատուհանին փեղկերը եւ նայեցաւ դուրսը ծառուղիին վրայ. իր հոգեկան տրամադրութիւնը այնքան գէշ էր որ կարծես գարնանային արեւը չէր թափանցեր իրեն. աւելի եւս, կարծես թէ անիկա զատուած էր կեանքէն ու աշխարհային ուրախութիւնները եւ տխրութիւնները ազդեցութիւն չունէին իր վրայ, որովհետեւ, շաբաթէ մը ի վեր ահռելի մտահոգութիւններու եւ նոյնիսկ սարսափի մէջ կ՚ապրէր։

Որո՞ւն մտքէն կ՚անցնէր, թէ Նատիա՝ Բոլոնիացի գաղթականութեան շփացած աղջիկը բեռնաւորուած ըլլար իր կարողութենէն շատ վեր բարոյական բեռով մը։ Անիկա ազնուական ընտանիքի մը միակ աղջիկն էր, փափկութեամբ մեծցած, եւ որ յանկարծ դիպուածի տարօրինակ խաղով մը գտնուեր էր փախստական քաղաքական յանցաւորներու շարքին մէջ։

Գեղեցիկ էր եւ դեռատի. իր կապոյտ լուսահեղ աչքերը կը զարմացնէին սքանչացումով, իր ժպիտին մանկական թարմութիւնը յոյսի պէս կ՚ամոքէր ընկերներու եւ գործիչներու դաժան խստութիւնը, իր թեթեւ եւ սիրալիր շնորհը կը փայփայէր ամենքը առանց խորապէս ազդելու մէկու մը հոգեկան տրամադրութիւններուն վրայ. անիկա պատրաստուած էր անշուշտ ընտանիքի մը սահմանափակ շրջանակին մէջ, գեղեցկութեան, շնորհի եւ անսպառ զուարթութեան միջոցաւ ժպիտ եւ երջանկութիւն յառաջ բերելու, ա՛լ աւելի…։

Նատիա հրապուրուած եւ գինովցած էր սակայն արտակարգ եւ յանկարծական սիրով մը։ Օր մը երկրին մէջ իր աղախինը -ուրկէ անբաժան էր- առաջնորդած էր զայն ժողովրդական հաւաքոյթի մը: Նատիա սրտանց փափաքած էր այդ բանին՝ որովհետեւ, վտանգաւոր էր, որովհետեւ գաղտնի էր եւ մանաւանդ որ իր զգայնոտ երեւակայութեամբը շատ գեղեցիկ եւ հրապուրիչ երեւակայած էր իր ազնուականուհիի սիլուէթը ժողովրդական հաւաքոյթի մը մէջ։

Այդ երեկոյթը ճակատագրական ազդեցութիւն մը ունեցած էր իր վրայ. աղախին անհանգիստ եւ երկչոտ հոգածութեան վստահած՝ մտեր էր ան սրահ իր շփացած աղջկան աչքերը պտտցնելով շուրջը, բայց այդ աչքերը սեւեռեր էին ահա դիմացը ատենախօսին առնական եւ թուխ կիսադէմքին վրայ… Նատիա զայն սիրեց ու հետեւեցաւ անոր, առանց վարանելու թողուց ամէն բան, պերճ եւ հանգիստ կեանքը ու մտաւ ժողովրդական ամենէն խոնարհ խաւերու մէջ մերձենալու համար անոր։

Փախուստ, վտանգ, գիշերային յանկարծական ճամբորդութիւններ զինքը կը զուարճացնէին եւ կ՚ոգեւորէին. կարծես յուզումնալից վէպի մը մէջ կ՚ապրէր. իր պատահական ընկերուհիներէն ոմանք զինքը կը սիրէին մանկան պէս, իսկ ոմանք կ՚արհամարհէին իր անձնուիրութիւնը եւ անխոնջ եռանդը, որովհետեւ, անիկա բղխած էր ո՛ չ թէ սրբազան աղբիւրէն, այլ անձնական զգացումներէ։ Նատիա իր անսպառ զուարթութեան մէջ մխիթարութիւն կը գտնէր, նրբօրէն կը հեգնէր մոլեռանդները, կը մխիթարէր տխուրները իր սքանչելի եւ անզուգական ձայնով, որով կ՚երգէր ճնշուած հայրենիքին ժողովրդական երգերը ու վերջապէս ընտանեզուրկ կիներու, զաւակներէն հեռու ապրելու հարկադրուած մայրերու թանկագին առիթը կ՚ընծայէր անոնց գորովի եւ խնամելի պահանջքը սպառելու իր փափուկ եւ խնամքի կարօտ մանկութիւնը տալով անոնց։

Անիկա քաղցրօրէն զգացուած էր Նատիայի սէրէն ու ինքն ալ կը սիրէր զայն ու արդէն կը խորհէին եզրակացութեան մը հասնիլ, երբ փոթորիկը պայթեցաւ. ոստիկանական խուզարկութիւններ, ձերբակալութիւններ ցրուեցին խումբը. Նատիա իր մէկ բարեկամուհիին հետ գեղեցկուհիի տարազով անցաւ սահմանագլուխը եւ գնաց Բարիզ, մինչ ուրիշներ, ինչպէս իր նշանածը, կը բանտարկուէին եւ ի վերջոյ աքսորի կը դատապարտուէին։

Կազդուրուած՝ ընկերներու ցոյց տուած անվեհեր քաջութենէն Նատիա շատ փոյթ չըրաւ. վստահ էր որ կուսակցութիւնը պիտի ազատէր իր ամենէն թանկագին գործիչներն ամէն գնով. Բարիզի մէջ, եւ ուրիշ եւրոպական քաղաքներ, բոլոր քաղաքական ապաստանեալները, բոլոր փախստականները ցաւագին ցնցումներ կրած էին. բայց տխրութեան երկար եւ դաժան ժամերէն դուրս եկած էին ա՛լ աւելի ամրացած իրենց հաւաքական կամքին մէջ։ Ջանքերը կը բազմապատկուէին եւ արդէն կը ձեռնարկէին միջոցներու՝ դրամ հայթայթելու, վերջնական փորձ մը կատարելու համար։

Նատիա գործունէութեան յարմարագոյն դաշտ մը գտած էր։ Ինքը դարձած էր ծաղիկը բոլոր կազմակերպուած երեկոյթներուն, իր ձայնին գեղեցկութիւնը հրաշք մըն էր… երբ իր երգին թրթռուն ոլորդները կ՚ելեւջէին, բոլոր կամաւոր աքսորականները, բոլոր յանցաւորները եւ բոլոր փախստական զաւակները դժբաղդ Բոլոնիա՝ կարօտով եւ ցաւով կը յուզուէին. ոչ ոք կարող էր հեռաւոր եւ ճնշուած հայրենիքը ոգեկոչել, որքան Նատիա իր սքանչելի ժողովրդական երգերովը։ Զինքը կը սիրէին ու կը պաշտէին, եւ նոյնիսկ դողդոջուն ծերունիները խենթեցած կը մեկնէին սրահէն: Երբ Նատիա մասնակցէր նուագահանդէսի մը, յաջողութիւնը անտարակուսելի կը դառնար, ու այդ էր պատճառը որ իր ժամանակը գրաւուած էր գրեթէ ամբողջապէս։

Այդ շաբթուան մէջ ինքը մասնաւոր լուր էր ստացեր իր նշանածէն. երկու ընկերներ, չսպասելով իրենց տրուելիք նշանին, յարմար դատած էին օգուտ քաղել ներկայացած առիթէ մը, եւ որովհետեւ իրենց փախուստը կրնար արթնցնել ոստիկանութեան ուշադրութիւնը ուրիշ աքսորավայրեր ղրկուած բանտարկեալներու վրայ, պէտք էր աճապարէին զանոնք ալ ազատելու. այդ երեկոյ իսկ տեղի պիտի ունենար վերջին երեկոյթը ու Նատիա, ճիշտը ըսելով, անկարող կ՚զգար ինքզինքը երգելու։

Բոլոր շաբաթը անցուցեր էր իր կարողութենէն գեր ի վեր անձկութիւններու մէջ. իր միտքը կ՚երթար հեռուն դէպի սիրելիին, կ՚ընկերանար անոր վտանգալի փախուստին հանգրուաններուն ու սարսափով կը խորհէր թէ թերեւս այդ պահուն արդէն ամէն բան անտանելի եւ անդարմանելի կերպով վերջացած էր։

Իր նախազգացումները սխալ չէին, գոյժը հասած էր արդէն Բարիզ նոյն այդ գարնանային միջօրէին եւ Բոլոնիացի յեղափոխական ուսանողներու խմբակը արագ եւ հապճեպ ժողովի մը մէջ վճռեր էր որ հակառակ երկու ընկերներու մահուան սուգին, երեկոյթը տեղի ունենար, որովհետեւ, մնացեալ աքսորեալները այդ անխոհեմ փորձի հետեւանքով իսկ ալ աւելի մեծ նիւթական նպաստի կարօտ էին…

Երբ երեք հոգիէ ընտրուած պատգամաւորութիւն մը եկաւ Նատիային սենեակին դուռը զարնելու, դեռատի աղջիկը հասկցաւ անմիջապէս։ Երեք անցած դիմակներու վրայ աչքերը կը վառէին անշէջ հրայրքով. սրտերու մէջ անգամ մըն ալ արծարծուած էր դարաւոր եւ անհաշտ ատելութիւնը. մարդիկ իրենց դժբաղդութեան համեմատութիւնով բարձրացեր էին բարոյապէս եւ այդ նրբադէմ եւ ասպետական Բոլոնիացիները գերմարդկային երեւոյթ մը ստացեր էին։ Իրենց շրթունքը սովոր այդ կարգի գոյժեր արտասանելու, առանց շփոթութեան հաղորդեցին Նատիային պատահածը։

-Փախուստի միջոցին զարնուեր են պահակներու կողմէ հրացանի գնդակներով…։

Նատիա կը լսէր, բայց չէր հասկնար, իր կապոյտ բիբերը կ՚ընդլայնէին զարմացումով եւ սարսափով սիրտը կը սեղմուէր եւ կարծես կը մերժէր ընդունիլ դառն իրականութիւնը եւ իր դէմքը իր կամքէն անկախ ձգտումով մը կարծես կը ժպտէր հեռաւոր եւ խուսափող յիշատակներու. իր դեռատի աղջկան շնորհալի գեղեցկութիւնը գթութիւն կը ներշնչէր ու կարծես չէր պատշաճեր այդ աղէտի միջավայրին. իր շրթունքը կը դողդոջէին բայց չէր կրնար խօսիլ մինչ բիբերը կը շարունակէին ընդլայնուիլ զարմացական սարսափի մը մէջ…։

Ուրեմն իրեն համար ալ հնչած էր այն մահուընէ սաստիկ ժամը, որուն մասին լսեր էր եւ որուն ցնցումէն բոլոր կեանքերնին թունաւորուած մարդերու հանդիպեր էր, կարծես մէկը հանդիսաւոր դանդաղութիւնով մը սիրտը կը հանէր եւ տեղը կապարի պէս ծանր բան մը կը դնէր։

-Վիշտը՜, խորհեցաւ, Նատիա, մտածումներու շփոթութեան մը մէջ։ Այդ պահուն իր ցուրտ քրտինքէն պաղած ճակատին վրայ գաղջութիւն մը զգաց, փափուկ եւ թեթեւ շօշափում մը… ձեռքը տարաւ եւ զգաց մազի խոպոպիք մը. այս ըստ երեւոյթին ոչինչ մանրամասնութիւնը թուլցուց զինքը … անսահման տկարութիւն մը ջլատեց իր անդամները, բոլոր մարմինը հովահար տերեւի մը պէս կը դողդոջէր եւ ահա սկսաւ արտասուել առատ եւ տաք արցունքներով եւ հեկեկալ երկայն ու երգող հեծկլտանքներով…։

Ընկերները լուռ ներկայ էին ցաւի այս արտայայտութեան եւ ընդունելով ու յարգելով անոր մեծութիւնը, չէին միջամտեր, չէին իսկ փորձեր զինքը մխիթարել։

Նատիա կը շարունակէր տղու պէս լալ, իր խեղճ փոքրիկ մարմինը կը ցնցուէր գալարումներով, երբեմն կը փորձէր խօսիլ, աղաղակել, անդրադառնալ իր դժբաղդութեան։

-Իրեն համար հեռացայ տունէս եւ ծնողքէս… աշխարհիս մէջ միակ էի իրեն հետ ու հիմա… հիմա…։

Յանկարծ ընկերներէն ամենէն տարեցը ընդհատեց զինքը։

-Նատիա՛, ուրիշ ըսելիք ա՛լ ունինք… երեւոյթը տեղի պիտի ունենայ այս գիշե՜ր…։

-Երեկոյթը՜… ա՜ն… ի՞նչ փոյթս աշխարհ սեւցեր է ինծի համար, շաբաթէ մը ի վեր արդէն դադրած եմ ապրելէ…

-Ժամը եկած է որ ապացուցանես թէ արժանի էիր անոր սիրոյն… Նատիա՛, միւս աքսորեալները, իր կռիւի ընկերները նպաստի պէտք ունին… Նատիա՛, պէտք է երգես այս գիշեր…

-Երգե՞լ… խենդեցեր է՞ք արդեօք…երգե՞լ… բայց ո՞վ կարող է իմ կոկորդիս մէջ խուժող հեծկլտանքները ետ դարձնելու… երգե՞լ. ինչպէ՜ս, ինչպէ՜ս… կարող էք ինծի այդպէս բան ըսելու, սիրտ ու զգացում չունի՞ք դուք, ի՞նչ բան եւ ո՞վ կը հարկադրէ զիս արդեօ՜ք, ի՞նչ վայրագութիւն է ընկերնե՜ր…

-Ընկերները իրենց արտասովոր ժողովին մէջ որոշեցին որ հակառակ մեզ դժբաղդացնող սուգին՝ երեկոյթը տեղի ունենայ, եւ ջերմապէս հաւատացած էին որ դուք կարող էք բարձրանալ մինչեւ ձեզմէ պահանջուած զոհողութիւնը…։

Ձայնը ցածցաւ ու գրեթէ Նատիայի ականջն ի վար մրմնջեց.

-Հերոսութիւնը… Նատիա, հայրենիքին համար…։

Երեկոյթը տեղի ունեցաւ ու Նատիա երգեց իր վերջին երգը… այդ գիշերուան երաժշտական յուզմունքը ցաւագին եւ անմոռանալի յիշատակի մը պէս մնացած է Բոլոնիացի ուսանողներու սրտին մէջ։ Մեծամասնութիւնը տեղեկութիւն չունէր Նատիայի հոգեկան դրութեան մասին ու զարմացեր էին անոր մահատիպ տժգունութեան վրայ։

Ահաւասիկ թէ ինչո՞ւ քանի մը օր ետքը ուղեղի տագնապէ մեռաւ Նատիա. հիւանդանոցի սրահի մը մէջ եւ ոչ թէ երեկոյթէ վերադարձին ցրտառութենէ մը՝ ինչպէս կարծեր էին իր ծանօթներէն շատերը։

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 20, 2020