ԱՐՑԱԽԸ ՃԱԿԱՏԱԳՐԻՆ ՀԵՏ ՄԻԱՅՆԱԿ. ԶՐԿԱՆՔՆԵՐՈՒ ԵՒ ԱՆՈՐՈՇՈՒԹԵԱՆ ՃԻՐԱՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

Երբ կը գրեմ այս տողերը, 2023 թուականի յունիսի 20-ն է՝ մարդկութեան մեծ մասին համար 21-րդ քաղաքակիրթ դարու պայծառ օրերէն մին, իսկ մարդկութեան մաս կազմող Արցախին համար՝ մղձաւանջի, տանջանքի եւ դէպի անդունդ քայլելու յաջորդական մէկ օրը: Ատրպէյճանական զրահամեքենաները գոցած են Հայաստանը Արցախին կապող միակ ճանապարհը: Այդ ճանապարհը այլեւս «կեանքի ճամբայ» անուանումը ստացած է:

Ութ օրէ ի վեր՝ Արցախի 120 հազար բնակիչ կրկին յայտնուած է լրիւ մեկուսացման եւ պաշարման մէջ: Չկայ որեւէ մատակարարում դէպի Արցախ՝ նոյնիսկ Միջազգային Կարմիր խաչի ու ռուս խաղաղապահներու կողմէ: Մինչ այդ՝ Կարմիր խաչն ու ռուս խաղաղապահները ձեւով մը կ՚իրականացնէին սնունդի, դեղերու փոխադրումը Արցախ եւ կ՚ուղեկցէին Արցախի բնակիչներուն՝ Հայաստանի հիւանդանոցներ հասնելու, իսկ Հայաստանէն ալ Արցախի բնակիչներուն կ՚օգնէին Արցախ մտնելու…

Այսօր այդ հնարաւորութենէն ալ զրկուած է Արցախը: Այսքանը չի բաւեր՝ Ատրպէյճանը նաեւ Արցախի զանազան հատուածներու ուղղութեամբ անվերջ կը խախտէ հրադադարը՝ խոչընդոտելով գիւղատնտեսական աշխատանքները եւ վախի մէջ պահելով բնակիչները:

21-րդ քաղաքակիրթ նկատուող դարուն, երբ մարդը կը պատրաստուի տիեզերք ղրկելու հերթական անօդաչու տիեզերանաւը, երբ առանց վարիչի ինքնաշարժները կ՚երթեւեկեն Սան Ֆրանսիսքոյի եւ այլ քաղաքներու մէջ, երբ եւրոպական երկիրներու մէջ վեր կը խոյանան մարդու իրաւունքները պաշտպանող լուսաւոր նորանոր գրասենեակներ, երբ մարդամեքենաները հիւանդ կը բուժեն հիւանդանոցներու մէջ եւ մարդկութիւնը գիտութեան, քաղաքակրթութեան այսօրինակ զարգացումներով կը պարծենայ՝ վեց ամիսէ ի վեր՝ նոյն աշխարհին մաս կազմող Արցախը ապրելու, գոյատեւելու պայքար կը տանի՝ հեռու գիտութեան, քաղաքակրթութեան, մարդու իրաւունքներու բոլոր նուաճումներէն:

120 հազար արցախցիներ վեց ամիսէ ի վեր՝ կարօտ են կանոնաւոր կազի, ելեկտրականութեան, պատշաճ բժշկական օգնութեան, իրենց կենցաղային ամենատարրական կարիքները հոգալու: Տարեցները, յղիները, երեխաները եւ նորածինները զրկուած են խնամքի անհրաժեշտ պարագաներ ու դեղօրայք ձեռք բերելու հնարաւորութենէ եւ, ամենասարսափելին այն է, որ արցախցիները չունին իրենց ապագան տնօրինելու, իրենց հարցերը լուծելու իրաւունք:

Մինչեւ այս քանի մը օրը դէպի Արցախ կատարուող մարդասիրական բեռնափոխադրումներ կը կատարուէին, բայց անբաւարար էին եւ ատոնց միջոցով ընդամէնը ջանք կը գործադրուէր՝ բնակչութիւնը սովէն փրկելու եւ տարրական բուժօգնութիւն ցուցաբերելու: Անբաւարար ըլլալու այդ հանգամանքը նկատելի էր նաեւ ռուս խաղաղապահներուն եւ Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի ներկայացուցիչներուն համար: Այդ պատճառով Կարմիր խաչի աշխատակիցները տեւական ժամանակ կը բանակցէին ատրպէյճանական կողմին հետ, որպէսզի մարդասիրական բեռնափոխադրում իրականացնող բեռնատարներու կարգին գործածեն նաեւ արցախեան 5-6 բեռնատար:

Ի վերջոյ ստացան ատրպէյճանական կողմին համաձայնութիւնը: Հերթական մարդասիրական բեռնափոխադրումը կազմակերպելու համար Արցախէն Հայաստան մեկնող ռուսական բեռնատարներուն միացած էր նաեւ 5 արցախեան բեռնատար, սակայն մինչեւ Հակարի գետին վրայ տեղակայուած կամուրջը հատելը սադրանք տեղի ունեցաւ եւ ատրպէյճանցիները արգիլեցին անցնիլ կամուրջը: Ատկէ ետք բեռնատարները վերադարձան Ստեփանակերտ:

Արցախին մէջ իրավիճակը կրկին սրուեցաւ… Բազմաթիւ երեխաներ, տարեցներ, նորածիններ այս պահուն ճգնաժամային վիճակի մէջ կ՚ապրին: 2020 թուականի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի ժողովուրդը աշխարհի աչքի առաջ գոյաբանական պայքարի մէջ է: Արցախցին երեք տարիէ ի վեր՝ իր հողին վրայ բնականոն կեանք չ՚ապրիր: Խախտուած են անոր բոլոր իրաւունքները՝ պարզ մարդկային իրաւունքէն մինչեւ անվտանգութեան իրաւունքը եւ ինքզինք իր բնօրրանին մէջ զգալու պատմական իրաւունքը: 44-օրեայ պատերազմէն ետք Ատրպէյճանին անցած տարածքներէն աւելի քան 15 հազար տեղահանուածներ նոյնպէս Արցախի մէջ են, եւ անոնք նոյնպէս կ՚ապրին ինչպէս տեղահանութեան, այնպէս ալ շրջափակման հետեւանքները։ Արցախի շրջափակման հետեւանքով, այդ տեղահանուածներուն համար նախատեսուած շուրջ 3700 բնակարաններու կառուցումը կասեցուած է՝ Արցախ ներկրուող շինանիւթի բացակայութեան պատճառով։ Տեղահանուածները կը շարունակեն ապրիլ ժամանակաւոր կացարաններու, պանդոկներու եւ այլ յարմարեցուած վայրերու մէջ:

Շրջափակումը ուրիշ կերպով ալ նոյնպէս ազդած է տեղահանուածներուն վրայ: Արցախի պետական պիւտճէին առջեւ ծառացած խնդիրներու պատճառով թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի մէջ ժամանակաւոր կացարանի կարիք ունեցող շուրջ 30 հազար տեղահանուած անձինք հնարաւորութիւն չունին ժամանակին ստանալ իրենց բնակարանի վարձքի ամսական փոխհատուցումը, որու հետեւանքով անոնց ընկերային վիճակն ու բնակարանային պայմանները զգալի կերպով վատթարացած են:

Իրաւունքներու այսպիսի խախտումները տեղի կ՚ունենան մարդկութեան աչքին առջեւ, եւ քաղաքակիրթ աշխարհը վաղ թէ ուշ պատասխան պիտի տայ այս ամէն ինչի համար: Ողջ աշխարհի հայութիւնը նոյնպէս մտածելու տեղ ունի…

Անկարելի է այլեւս համակերպիլ եւ հանդուրժել իր բնօրրանին մէջ հոգեկան եւ ֆիզիքական չարչարանքներու ենթարկուող մարդոց տառապանքը:

Ասիկա 21-րդ դարն է… Անհասկնալի դարձած է աշխարհը, խճճուած են գերտէրութիւնները, որոնք այսօր կ՚որոշեն ո՛չ միայն իրենց երկիրներու, այլեւ՝ պզտիկ ու իրենցմէ շատ հեռու գտնուող երկիրներու ճակատագիրը: Արցախը մարզ եղած է խորհրդային տարիներուն, սակայն յետոյ դարձած է փոքր աշխարհ մը համայն հայութեան համար, եւ պատահական չէ, որ Արցախի մասին այսօր կը գործածենք «Արցախ աշխարհ» արտայայտութիւնը: Արցախի մասին բոլոր երգերու մէջ քաղցրօրէն կը հնչեն «Արցախ աշխարհ» բառերը: Այսօր այդ աշխարհը պզտիկցած, կուչ եկած է չորս կողմէ զինք շրջապատած զրահամեքենաներու, զինուորներու սպառնալից հսկողութեան, անբացատրելի աղմուկի ներքոյ:

Այսօր բացայայտ է, որ արցախցիները կ՚ենթարկուին ցեղային զտման։ Ատրպէյճանը ջանք կը գործադրէ՝ տարածաշրջանը միատարր դարձնելու ուղղութեամբ:

120 հազար հայու զրկանքներու գինով կը պարտադրուի հպատակեցում, 120 հայու այսօր կը հարկադրուի կա՛մ ապրիլ ուրիշի սուրին տակ կա՛մ լքել հայրենիքը: Այս է այլեւս բացայայտ ճշմարտութիւնը: Առաջ ասոր մասին կը խօսէինք շշուկով, վախով, չհաւատալով, բայց այսօր արդէն՝ ամէն մարդ կ՚աղաղակէ այս դառն իրականութիւնը…

ԱՐՑԱԽԱՄԱՅՐ

Հայոց հին պատմական ժամանակներուն Արցախը՝ Մեծ Հայքի 10-րդ նահանգը կոչած են նաեւ «Արցախամայր»: Այդ մէկը իր մէջ հոգեւոր մեծ խորհուրդ ունի: Արցախը իր նախամարզպանական շրջանի պատմաաշխարհագրական դիրքով, վարչական կառուցուածքով եւ քաղաքական կարգավիճակի յետագայ փոփոխութիւններով վառ ձեւով ներկայացուած է «Աշխարհացոյց»ին մէջ։ Մովսէս Խորենացիի կազմած եւ Անանիա Շիրակացիի շարունակած աշխարհագրական այդ երկասիրութեան մէջ կը գրուի, որ Արցախը Մեծ Հայքի նահանգներէն է եւ ունի տասներկու գաւառ։ Ապա թուարկելով ատոնք, կ՚աւելացուի, որ վերջիններս անցած են Աղուանքին՝ օտարուելով Մեծ Հայքէն։

«Աշխարհացոյց»ի տուեալներով՝ Արցախը ունէր հետեւեալ գաւառները.

Միւս Հաբանդ - կեդրոնը՝ Ամարաս

Սիսական-ի-Կոտակ կոչուած է նաեւ Սիսական-ի-Ոստան - կեդրոնը՝ Թաղեր

Վայկունիք - կեդրոնը՝ Վակունիս

Բերդաձոր - կեդրոնը՝ Բերձոր

Մեծ Առանք կոչուած է նաեւ Մեծիրանք - կեդրոնը՝ Գանձասար

Մեծ Կուենք, կոչուած է նաեւ Մեծ Կողմանք

Հարճլանք

Մուխանք - կեդրոնը՝ Գիշ

Պիանք - կեդրոնը՝ Վարարակն

Պարզկանք կոչուած է նաեւ Պարծկանք

Քուստ-ի-Փառնէս - կեդրոնը՝ Փառնէս

Կողթ

Հայկական այս անուանումները սիրտ կը շոյեն, հոգի կը լեցնենք, բայց, ցաւօք, այլեւս հեռաւոր անցեալի մէջ են: Անոնց կը հանդիպինք բազում հնագոյն աղբիւրներու մէջ: Նոյնիսկ յունահռոմէական եւ հայ հին ու վաղ միջնադարեան պատմիչներն ու աշխարհագէտները իրենց տարալեզու եւ տարատեսակ, ուղղակի ու անուղղակի հաղորդումներով միանգամայն պարզորոշ ու առանց երկմտանքի ցոյց տուած են, որ Արցախը Մեծ Հայքի մարզերէն մէկն էր, անոր 10-րդ նահանգը՝ իր բնիկ հայ բնակչութեամբ, որ խօսած է հայերէնի արցախեան չքնաղ բարբառով եւ գործուն մասնակցութիւն ունեցած՝ մայր երկրի ներքին ու արտաքին յարաբերութիւններուն: Արցախի հայկական պատկանելիութիւնը առաւել ցայտուն ձեւով ներկայացուած է հայ հեղինակներու երկերուն մէջ։ Այդ իմաստով ուշագրաւ են Կուրի՝ որպէս Մեծ Հայքի ու բուն Աղուանքի միջեւ սահմանային գետ ըլլալուն մասին Փաւստոս Բուզանդի ու Անանիա Շիրակացիի մէկէ աւելի հաղորդումները։ Աւելին, ցոյց տալով, որ Կուրը սահման էր Հայոց եւ Աղուանից միջեւ, Փաւստոս Բուզանդ կը մատնանշէ, որ այն այդպիսին էր վաղ ժամանակներէ ի վեր։ Խօսելով 4-րդ դարու իրադարձութիւններու մասին, երբ Աղուանքը, օգտուելով Հայաստանի ժամանակաւոր թուլութենէն, յարձակած էր անոր վրայ եւ նուաճած սահմանամերձ քանի մը շրջաններ։ Պատմիչը կը գրէ, որ 371 թուականին, Ձիրավի ճակատամարտէն յետոյ, հայերը սպարապետ Մուշեղ Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ կռուի կ՚ելլեն Աղուանքի դէմ եւ ետ խլելով գրաւուած տարածքները, Կուր գետը, ինչպէս առաջ էր, կրկին սահման կը դարձնեն իրենց երկրի ու Աղուանքի միջեւ:

Արցախի այս փառաւոր պատմութիւնը այլեւս անցեալ է: Այսօր իր պատմութեան ու արմատներուն կառչած արցախցին մէկ բան կ՚երազէ միայն՝ խաղաղ ու անվտանգ ապրիլ իր պապական հողին վրայ՝ պահելով ինքնութիւնը, հայկականութիւնը եւ հարուստ աւանդութիւնները:

ԽՄԵԼՈՒ ՋՈՒՐԻ ՏԱԳՆԱՊ… ԵՒ ԽՆԱՅՈՂՈՒԹԻՒՆ

Արցախի մէջ ստեղծուած է նաեւ խմելու ջուրի սուր տագնապ: Ելեկտրականութեան անջատումներու պատճառով մղիչ սարքերը կանոնաւոր չեն աշխատիր, եւ ամրան այս տապին այդ մէկը նոյնպէս սարսափելի է, այնպէս, ինչպէս ձմրան ցուրտին՝ կազի անջատումը…

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գուրգէն Ներսիսեան օրերս, ֆէյսպուքի իր էջով ուղիղ եթերի միջոցով, անդրադառնալով Արցախը արտաքին աշխարհին կապող միակ ճանապարհի՝ Պաքուի կողմէ ամբողջութեամբ շրջափակման՝ նշած է, որ Արցախի պետական համակարգը ամբողջութեամբ անցած է խնայողութեան ռեժիմի, հանրային սպասարկումը ապահովող կազմակերպութիւններուն տրուած են համապատասխան յանձնարարութիւններ, կը կիրառուին սահմանափակումներ:

Դիմելով հանրութեան՝ պետական նախարարը խնդրած, յորդորած, պահանջած է առաւելագոյն կերպով խնայել: Ան պահանջներ ուղղած է նաեւ գործարարներուն՝ պատասխանատուութեամբ վերաբերիլ նաեւ խանութներու մէջ մնացորդ ապրանքներու իրացումը կատարելու ժամանակ, զայն կազմակերպել հնարաւորութիւններու գնահատման ու հաւասարաչափ բաշխման սկզբունքով:

ՎԻՃԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃԱԿԱՏԱԳՐԵՐ…

Արցախի տեղեկատուական շտապը այս օրերուն պարբերաբար կը ներկայացնէ վիճակագրութիւն: Վիճակագրական բոլոր թուանշաններուն տակ մարդկային ճակատագրեր են:

Ըստ վերջին տուեալներու, Արցախի բոլոր առողջապահական հաստատութիւններու մէջ ոչ շտապ, բայց անհրաժեշտ վիրահատութիւններու դադրեցման պատճառով շուրջ 1460 քաղաքացի զրկուած է վիրահատուելու միջոցով առողջական խնդիրներու լուծման հնարաւորութենէն, իսկ յունիսի 17-էն 20-ը այդ թիւը աճած է շուրջ 25 դէպքով։

Մինչ այսօր Կարմիր խաչի Միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Արցախէն Հայաստան տեղափոխուած է 492 հիւանդ, իսկ ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ՝ եւս 70-ը՝ համապատասխան բուժում ստանալու համար: Կարմիր խաչի գործունէութեան հանդէպ յարուցուած ատրպէյճանական լրացուցիչ խոչընդոտներու պատճառով գրեթէ մէկ ամիս դադրեցուած ըլլալէ յետոյ վերջերս վերականգնուած տեղափոխումները յունիսի 14-էն սկսեալ լրիւ կրկին դադրած են:

Շրջափակման հետեւանքով իրենց տուները չեն կրնար վերադառնալ ընդհանուր առմամբ շուրջ 3900 անձեր, որոնց մէջ՝ հարիւրաւոր երեխաներ:

Ստեփանակերտ-Գորիս մայրուղիով (Լաչինի միջանցքով) մինչեւ հիմա ոչ մէկ քաղաքացի ազատօրէն երթեւեկած է, եւ մարդոց երկկողմանի տեղաշարժի դէպքերը նուազած են շուրջ 206 անգամով, եղածն ալ՝ միայն Կարմիր խաչի ու Ռուսաստանի խաղաղապահներու աջակցութեամբ կատարուած է:

Արգելափակուած ճանապարհով Արցախի քաղաքացիներու ոչ մէկ ինքնաշարժ անցած է, իսկ ինքնաշարժներու ընդհանուր շարժը 191 օրուան ընթացքին գրեթէ 61 անգամ աւելի քիչ եղած է, քան պէտք է ըլլար առանց շրջափակման:

Շուրջ 13 անգամ աւելի քիչ կենսական նշանակութեան ապրանք ներկրուած է, այն ալ՝ միայն Կարմիր խաչի եւ ռուս խաղաղապահներու կողմէ, քան իրականութեան մէջ պէտք է ըլլար առանց շրջափակման:

Շրջափակման ընթացքին Ատրպէյճանը հանրագումարային 125 օր շարունակ լրիւ կամ մասնակիօրէն ընդհատած է Հայաստանէն Արցախ կազամատակարարումը, իսկ ելեկտրամատակարարումը լրիւ խափանուած է արդէն 162 օր շարունակ: Այդ մէկը յանգեցուցած է ամենօրեայ հովհարային ու լրացուցիչ վթարային անջատումներու եւ բազմաթիւ հիմնարկներու գործունէութեան փակման կամ կրճատման:

Տնտեսութիւն վարող 860 ընկերութիւն շրջափակման պայմաններու ներքոյ աշխատելու անհնարինութեան պատճառով կասեցուցած է իր գործունէութիւնը, իսկ մնացած ընկերութիւնները կը գործեն մասնակի ծաւալով կամ պետական աջակցութեամբ։

Շրջափակման եւ կենսական ենթակառուցուածքներու խափանման պատճառով շրջափակման սկիզբէն առ այսօր փաստացի աշխատանքը եւ եկամուտի աղբիւրը կորսնցուցած է նախնական հաշուարկներով շուրջ 11 հազար մարդ (ներառեալ՝ պետական աջակցութեամբ աշխատատեղի ժամանակաւոր պահպանման դէպքերը): Ասիկա մասնաւոր հատուածին մէջ կը կազմէ աշխատողներու աւելի քան 50 տոկոսը։

Դադրած են 32.6 քիլօմեթր ճանապարհի, տասնեակ քիլօմեթր ջրագիծի, հազարաւոր մեթրերով հողատարածքներու ոռոգման համակարգերու, երեք հազարէն աւելի բնակարաններու, աւելի քան 40 ընկերային եւ արտադրական ենթակառուցուածքներու շինարարական աշխատանքները։

Շրջափակման ընթացքին Արցախի Հանրապետութեան տնտեսութեանը հասցուած է շուրջ 363 միլիոն ամերիկեան տոլարի վնաս:

Շրջափակումը կը շարունակուի… Արցախը միայնակ մնացած է իր ճակատագրին հետ…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Հինգշաբթի, Յունիս 22, 2023