ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԻԲՐԵՒ ԱՐԺԷՔ

ԻՒՆԷՍՔՕ-ի «Ոչ նիւթական, մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագրի` Փարիզի մէջ տեղի ունեցած 15-րդ առցանց նստաշրջանին ընթացքին, դեկտեմբեր 17-ին, արձանագրուած է Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան հետ պատրաստուած «Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքի ուխտագնացութիւնը» նիւթով Հայաստանի դիմումը: Սուրբ Թադէոսի (Թադէի) վանքը կը նկատուի պատմական Հայաստանի տարածքին քրիստոնէութեան հաստատման առաջին վկայութիւններէն մէկը:

Պատմական Արտազ գաւառի՝ ժամանակակից Իրանի Մակու շրջանին մէջ գտնուող վանքը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հիմնադիր առաքեալներէն՝ Թադէոսի յիշատակին կառուցուած նշանաւոր կոթողներէն մին է:

2008 թուականին, Իրանի ներկայացմամբ, Թադէի վանքը Ս. Ստեփանոս եւ Ծործորի վանքերուն հետ «Հայկական եկեղեցիները Իրանի մէջ» անունով արձանագրուած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ:

Այս անգամ վանքին շուրջ ծաւալող ուխատագնացութիւնն է, որ արժանացած է ԻՒՆԷՍՔՕ-ի գնահատականին: ՄԱԿ-ի Կրթական, գիտական եւ մշակութային կազմակերպութեան գնահատմամբ Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքը եւ անոր շուրջ ծաւալուած ուխտագնացութիւնը Իրանի մէջ հայկական դարաւոր մշակութային ներկայութեան եւ շարունակականութեան, մշակութային, կրօնական ինքնատիպութիւնը պահպանելու ջանքերուն ու յաջողումներուն առանձնայատուկ երկխօսութեան վկայութիւնն է: Ան յատուկ նշանակութիւն ունի ողջ հայութեան համար: Ամէն տարի յուլիս ամսու նախանշուած օրերուն կը կազմակերպուի Թադէոս առաքեալին նուիրուած եռօրեայ ուխտագնացութիւն եւ բազմաթիւ հայ քրիստոնեաներ Իրանէն, Հայաստանէն ու զանազան երկիրներէ կը մասնակցին այդ ուխտագնացութեան: Երեք օրերու ընթացքին կը մատուցուի պատարագ, կը կատարուին մատաղի արարողութիւններ, մկրտութիւններ, ժողովրդական երգ ու պար: Այս ուխտագնացութիւնը իբրեւ մարդկութեան ոչ-նիւթական արժէք հաստատելու դիմումը պատրաստուած է Հայաստանի Կոտայքի մարզի Սոլակ եւ Գեղարքունիքի մարզի Դդմաշէն համայնքներուն կողմէ, իբրեւ այդ ուխտագնացութեան մշակոյթը կրողներ, ինչպէս նաեւ Երեւանի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցւոյ ուխտաւորներու համայնքին մասնակցութեամբ, որոնց միացած են Իրանի ԻՒՆԷՍՔՕ-ի ազգային յանձնախումբը, Իրանի Մշակութային ժառանգութեան, զբօսաշրջութեան եւ ձեռարուեստի նախարարութիւնը, Իրանի Պատմական եկեղեցիներու կեդրոնը, Հայաստանի պետական կառոյցներէն՝ Արտաքին գործոց, Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարարութիւնները, Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ Հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկն ու Յովհաննէս Շարամբէեանի անուան ժողովրդական արուեստներու թանգարանը:

Հայաստանեան կողմը կը յայտնէ, որ «Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքի ուխտագնացութիւնը» խորագրով դիմումին արձանագրութիւնը կ՚արժեւորուի այն հանգամանքով, որ կը ներկայացնէ նիւթական եւ ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան համատեղ պահպանութիւնն ու կենսունակութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ՝ հայ-իրանական մշակութային համագործակցութիւնը:

Հայաստանը «Ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» ԻՒՆԷՍՔՕ-ի 2003 թուականի համաձայնագիրը վաւերացուցած է 2006 թուականին եւ  մինչ օրս ԻՒՆԷՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ-նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ արձանագրած է հետեւեալը. «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը» (2008), «Հայկական խաչքարի արուեստ. խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» (2010), «Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ էպոսի կատարողական դրսեւորումները» (2012), «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» (2014), «Քոչարի. աւանդական խմբապար» (2017), «Հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները» (2019): Կը սպասուի, որ «Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքի ուխտագնացութիւնը» նիւթը պիտի ըլլայ ԻՒՆԷՍՔՕ-ի յաջորդ հաստատումը:

Ս. Թադէի վանքին կառուցման թուականը յայտնի չէ, կը կարծուի, թէ ան կառուցուած է 6-9-րդ դարերուն: Քարին փորագրուած գրութիւնը կը վկայէ, որ վանքը 1814 թուականին վերանորոգուած է Աբբաս Միրզայի հրամանով։ Վանքը մի քանի անգամ երկրաշարժէն աւերուած եւ կրկին վերանորոգուած է։ 1946 թուականին վերանորոգուած է Թաւրիզի հայոց առաջնորդարանի ջանքերով, եւ 1954 թուականին առաջին հայ ուխտաւորները, 50-60 հոգինոց խումբով, Ս. Թադէոս առաքեալի նահատակութեան օրը, ուխտագնացութիւն կազմակերպած են Թաւրիզէն դէպի Ս. Թադէի վանք։ Այդ ժամանակ կառուցուած է 60 քիլօմեթր ճանապարհ՝ Ղարազիաէտինէն մինչեւ վանք։

Վանքը ունի երկու երկնասլաց գմբէթներ, որոնք կը խորհրդանշեն Մեծ ու Փոքր Մասիսները: Եկեղեցւոյ պատերը շինուած են սեւ ու ճերմակ սրատաշ քարերով: Խորանները զարդարուած են գեղեցիկ խաչաքանդակներով, հայ արքայական զինադրօշներով, բարձրաքանդակ նկարներով, առաքեալներու, սուրբերու եւ թագաւորներու պատկերներով, իսկ վանքը շրջապատուած է քարաշէն շէնքերով եւ բարձր պարիսպներով: Վանքը կոչուած է նաեւ «Սեւ վանք», քանի որ կառուցուած է սեւ գոյնի հրաբխային քարէ, այն կառուցուած է աւելի հին եկեղեցւոյ տեղը, որը աւերուած է երկրաշարժէն: Առասպելի համաձայն, սուրբի շիրմին վրայ առաջին մատուռը կառուցուած է 38թ.: Վանքի մասին առաջին տեղեկութիւնները կը թուագրուին 7-րդ դարուն: Հիմնական վանքի մերօրեայ շէնքը կառուցուած է 1329 թուականին: Վանքի ժամանակակից կառոյցներուն մեծ մասը կը դասուի 19-րդ դարու սկզբին, երբ զայն վերակառուցուեցաւ պարսից փոխարքայ Աբբաս Միրզայի աջակցութեամբ:

Անժխտելի է վանքին կրօնական նշանակութենէն զատ անոր պատմական արժէքը, մանաւանդ՝ 1918 թուականի Առաջին աշխարհամարտէն առաջ: Թադէի վանքը հայ յեղափոխական գործունէութեան ընթացքին նշանաւոր կեդրոն մը եղած էր։

Նշուած ուխտագնացութեան ընթացքին ուխտաւորներ կ՚այցելեն նաեւ Իրանի մէջ գտնուող Սուրբ Ստեփանոսի վանքի համալիրը եւ Ծործորի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին:

2000 թուականին, հայոց քրիստոնէութեան ընդունման 1700-ամեակին առթիւ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը մեծ շքախումբով հովանաւորեց ուխտագնացութիւնը եւ անձամբ այցելեց Թադէի վանք, այդ ժամանակ պատարագին ընթացքին կատարուեցաւ նաեւ ջրօրհնէքի արարողութիւն՝ Ս. Թադէոս առաքեալի աջով:

2020 թուականին առաջին անգամ չեղարկուեցաւ դէպի վանք ուխտագնացութիւնը՝ նկատի ունենալով թագավարակի համաճարակը: «Նկատի ունենալով COVID-19-ի համաշխարհային համավարակը եւ յատկապէս Ատրպատականի Արեւելեան եւ Արեւմտեան նահանգներուն մէջ յիշեալ հիւանդութեան տարածման նոր թափը, ի հետեւումն Արամ Ա. Կաթողիկոսի հայրական յորդորին եւ առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինութեան, Ատրպատականի հայոց թեմի ազգային իշխանութիւնը չեղարկեց յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք ուխտագնացութիւնը:

«Ապաւինելով Աստուծոյ օգնականութեան, կ՚աղօթենք, որ Տէրը ընդունէ բոլոր անոնց ուխտը, որոնք ցանկութիւն ունէին այս տարի աշխարհի զանազան երկիրներէ ուխտաւորաբար ըլլալ Ս. Թադէի վանքին մէջ: Տայ Աստուած, որ սոյն վարակիչ հիւանդութեան պատուհասը շուտով վերանայ մարդկութեան կեանքէն, եւ Ս. Թադէի վանքը դաձեալ դառնայ հայ ուխտաւորին սուրբ ժամադրավայրը», նշուած էր ուխագնացութեան թուականէն առաջ տարածուած հաղորդագրութեան մէջ:

2021 թուականին կը լրանայ ուխտագնացութեան 67-րդ տարին եւ հայ ուխտաւորները յոյս ունին, որ կրկին գոյնզգոյն վրաններ կը լարեն վանքին շուրջը: 1954 թուականին, երբ հոն գացած է ուխատաւորներու առաջին խումբը, ո՛չ ճանապարհ եղած է, ոչ ալ որեւէ յարմարութիւն: Մարդիկ այդ ժամանակ հոն հասած են ջորիներով: Այսօր ճանապարհը կը հատեն ինքնաշարժներով:

Ուխտագնացութեան երեք օրերուն ընթացքին հայկական միջավայր մը կը ձեւաւորուի Իրանի տարածքին, որ զերծ կը մնայ երկրին մէջ գործող օրէնքներէն: Կիները իրաւունք կը ստանան առանց գլխաշորերու մնալ, բոլոր մասնակիցները ազատօրէն կ՚երգեն, կը պարեն, կը մասնակցին խրախճանքի: Խանդավառ յայտագիրը՝ երգերու, նուագներու եւ ասմունքներու կատարումով ամէն տարի աւելի ու աւելի շատ մարդիկ կը գրաւէ ներկայ գտնուելու պատմական Հայաստանի տարածքին կատարուող այդ ձեռնարկին:

Ուխտագնացութենէն ետք վանքը կը վերադառնայ իր սովորական առօրեային եւ կ՚ընդունի նաեւ այլակրօններ: Յաճախակի առիթներով օտարները կ՚այցելեն եւ հաղորդ կը դառնան մեր ժողովուրդի հաւատքին եւ հոգեմտաւոր ստեղծագործութեան:

ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԸ՝ ՎԱՆՔԻՆ ԵՒ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ս. Թադէի Վանքը մեր եկեղեցւոյ ու ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ ունի իր խոր արմատները, որպէս մեր հաւատքի շօշափելի արտայայտութիւն եւ զայն մեր հաւաքական կեանքէն ներս հոգեմտաւոր արժէքներով թարգմանող առաքելութիւն: Այսպէ՛ս եղած է Ս. Թադէի պատմական վանքը ու հաւատքի զօրութեամբ մնացած է կանգուն պատմութեան փոթորիկներուն դիմաց:

«Հոգեպէս կը հրճուինք ի տես Վանքի աղօթաբոյր միջավայրին մէջ մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակներուն համախումբ ներկայութիւնը: Մեր սուրբերուն ու նախնիներուն աղօթքով ու խունկով օծուն Ս. Թադէի վանքը կը շարունակէ մնալ հայ ժողովուրդի հաւատքի կարեւոր ամրոցներէն մէկը: Հետեւաբար, մասնակից դառնալ աւանդական այս ուխտագնացութեան, կը նշանակէ ամրացնել մեր հաւատքը, հաղորդուիլ մեր պապերու հոգեմտաւոր արժէքներուն եւ վերանորոգել մեր հոգեւոր ու ազգային պատկանելիութիւնը»:

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2020