ՄՈՆԱՔՈՅԻ ՄԷՋ ՎԱՐԴԵՐՈՒ ՓԱՌԱՏՕՆ

1954 թուա­կա­նէն ի վեր Մո­նա­քո­յի մէջ տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Վար­դե­րու տօ­նա­հան­դէս բա­րե­գոր­ծա­կան ե­րե­կոն, զոր պար­տա­դիր ի­րենց ներ­կա­յու­թեամբ կը պա­տուեն Մո­նա­քո­յի իշ­խա­նա­կան տոհ­մի  ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը:

Այս տա­րուան մի­ջո­ցառ­ման ներ­կայ էին Մո­նա­քո­յի իշ­խան Ալ­պերթ Բ., ար­քա­յա­դուստր Գա­րօ­լին, ա­նոր զա­ւակ­նե­րը` ար­քա­յազն Փիէռն ու ար­քա­յա­դուստր Շար­լո­թը:
 Սա­կայն հարկ է նշել, որ բարձ­րաշ­խար­հիկ հիւ­րե­րու ու լու­սան­կա­րիչ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին էր Փիէ­ռի կո­ղա­կի­ցը` Փաթ­րիս Պո­րո­մէօ, որ բո­լոր ներ­կա­նե­րը շլա­ցուց իր կար­միր ե­րե­կո­յեան զգես­տով։

Վար­դե­րու տօ­նա­հան­դէ­սի ձե­ւագծ­ման եւ ձե­ւա­ւոր­ման հար­ցե­րով զգա­ղած էր Chanel նո­րա­ձե­ւու­թեան տան գլխա­ւոր ձե­ւագ­ծող Քառլ Լա­ճըր­ֆիլտ, որ այս տա­րի նա­խա­պա­տուու­թիւ­նը տուած էր Քու­պա­յի վառ, էկ­զո­թիք թե­մա­յի­ն։

Չորեքշաբթի, Մարտ 23, 2016