ԱՆԳՆԱՀԱՏԵԼԻ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Հայ գրական աշխարհը մեծ յուզումով, ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ կու տայ նորոգ հանգուցեալ գրող Պերճ Զէյթունցեանի, որ արդի ժամանակներու կարեւոր մտաւորական դէմքերէն մին էր։ Երէկ, Երեւանի մէջ, Սենեկային երաժշտութեան տան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Պերճ Զէյթունցեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը։ Մեծանուն գրողին նկատմամբ իր վերջին յարգանքը արտայայտելու փութաց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան՝ իր հետն ունենալով բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Մշակութասէր հասարակութիւնը եւս փութացած էր հրաժեշտ տալու Պերճ Զէյթունցեանին։
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, որ կը գլխաւորէ յուղարկաւորութեան կազմակերպման համար ստեղծուած պետական յանձնաժողովը, երէկուան սգահանդէսին ընթացքին զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։ Արմէն Ամիրեան այս առթիւ յայտարարեց, որ Պերճ Զէյթունցեանի ստեղծագործութիւնները միշտ պիտի կրթեն սերունդները։ Իր խօսքերով՝ գրողի ստեղծագործութիւնները կը մատնանշեն հայ ժողովուրդի ողնաշարը։ «Մեր կորուստը շատ մեծ է, բայց մենք զայն պէտք է փարատենք նկատելով՝ որ ան մեզի թողած է մեծ եւ անգնահատելի գրական ժառանգութիւն մը», ըսաւ նախարարը։
Նախարար Արմէն Ամիրեան աւելցուց նաեւ հետեւեալը. «Խոր ցաւով կ՚արձագանգեմ Պերճ Զէյթունցեանի կորուստին։ Ան կարողացաւ իր գրական գործունէութեան ընթացքին կենդանացնել մեր պատմութիւնը, միս ու արիւն տալ մեր պատմութեան, զայն վերածել թատրոնի, ժապաւէնի։ Համոզուած եմ, թէ իր ստեղծագործութիւնները մեզի, ապագայ սերունդին պիտի տան կեանքը ճշմարիտ ապրելու հնարաւորութիւն։ Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ կային ազնիւ քաղաքացիի կերպարը, մեր պատմութեան առանցքը»։
Պերճ Զէյթունցեանի անշունչ մարմինը ծափահարութիւններու ներքեւ առաջնորդուեցաւ դէպի Երեւանի քաղաքային պանթէոնը, ուր ամփոփուեցաւ դագաղը։ Օր մը առաջ ալ իր հոգեհանգիստը տեղի ունեցած էր Երեւանի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։