ՄԻՆԱՍ ԱՒԵՏԻՍԵԱՆԻ 90-ԱՄԵԱԿԸ

Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը Յովհաննէս Այվազովսքիի 200-ամեակին նուիրուած «Արարում» խորագրով ցուցահանդէսէն յետոյ արուեստասէրներուն նոր տօն կը պարգեւէ: Կը նախատեսուի 20-րդ դարու երկրորդ կէսի հայ կերպարուեստի ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ գեղանկարիչ Մինաս Աւետիսեանի 90-ամեակին նուիրուած յետահայեաց ցուցահանդէս իրականացնել:

«Արմէնփրէս» լրատուական գործակալութեան թղթակցին հետ զրուցելու ընթացքին պատկերասրահի տնօրէն Արման Ծատուրեանն ըսաւ, որ Մինաս Աւետիսեանի գեղանկարներու մեծ ցուցահանդէս վաղուց չէ կազմակերպուած: «Կ՚ուզենք կազմակերպել շքեղ, գեղեցիկ «Արարում»ին ոչինչով զիջող ընդգրկուն ցուցահանդէս մը, ուր կը ներկայացուին ինչպէս պատկերասրահի, այնպէս ալ՝ մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ գտնուող աշխատանքներ», նշեց ան եւ յաւելեց, որ ցուցահանդէսը կը նախատեսուի Ապրիլին, բայց գուցէ չհասցնեն, քանի որ լայնածաւալ աշխատանքներ կ՚իրականացուին:

Ծատուրեանի խօսքով՝ ցաւօք, Մինաս Աւետիսեանի գլուխ գործոցներու զգալի մասը կը գտնուի մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ: Տնօրէնը կը բանակցի հաւաքորդներու հետ՝ անոնց մօտ եղած արժէքաւոր կտաւները ցուցահանդէսին մէջ ներառելու համար:

«կ՚աշխատինք ցուցադրել նկարներ, որոնք նախապէս երբեւէ չեն ներկայացուած: Վերջերս տեսայ Մինասի նաթիւրմորթներէն մէկը, որ շշմեցուցիչ էր, մոգական ուժ ունէր, իսկական գլուխ գործոց: Կ՚ընեմ իմ կարելին, որպէսզի ան նոյնպէս ընդգրկուի ցուցահանդէսին մէջ», նշեց ան:

Արման Ծատուրեան ընդգծեց, որ նախքան ցուցահանդէս կազմակերպելը կը ձգտին ներկայացնել նկարիչի կեանքը. ո՞վ եղած է, ինչպէ՞ս ապրած է, ինչի՞ մասին երազած է, ի՞նչ ուզած է ըսել իր արուեստով, երջանի՞կ եղած է իր անձնական կեանքին մէջ, երջանկութիւնը կամ դժբախտութիւնը ազդա՞ծ են իր արուեստի վրայ, թէ՞ հակառակը: Ըստ Ծատուրեանի՝ ճիշդ եւ ազդեցիկ ցուցադրութեան համար հրաշալի եւ բացառիկ կտաւները պէտք է համատեղել վերոնշեալ երեւոյթներու հետ: «Մինասի կեանքը ինքնին առեղծուածային էր. ինչպէ՞ս ապրեցաւ ան, ինչպէ՞ս մահացաւ՝ գաղտնիք է», շեշտեց ան:

Տնօրէնը վստահ է, որ Մինաս Աւետիսեանին նուիրուած վառ, գունեղ, խոր ու հետաքրքրական ցուցահանդէսը կ՚ըլլայ իւրայատուկ մշակութային իրադարձութիւն մը, որու մասին երկար կը խօսուի:

Երկուշաբթի, Փետրուար 26, 2018