ՊՕՂՈՍՆ ՈՒ ՊԵՏՐՈՍ

Վաղը՝ դեկտեմբերի 27-ին, Հայ Առաքելական Եկեղեցին պիտի տօնէ Յիսուս Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն՝ Ս. Պետրոսի ու Ս. Պօղոսի յիշատակութեան օրը։ Ամէն տարի վերոշիյեալ սուրբերուն յիշատակի օրը կը տարբերի. կը նշուի Սուրբ Ծնունդին նախորդող աւագ տօներուն ժամանակ։ Ս. Պօղոսն ու Ս. Պետրոսը Քրիստոսի տասներկու առաքեալներէն էին։

Ս. Պետրոս Յիսուսի ձերբակալման գիշերը երիցս ուրացած էր զինք, ի վերջոյ խորապէս զղջացած։ Ականատես եղած էր Քրիստոսի Պայծառակերպութեան։ Անոր կարեւորագոյն ջանքերէն մին էր՝ հեթանոսներու ներգրաւումը եկեղեցիի մէջ։ 

Ս. Պօղոսի վկայութեան համաձայն՝ ան նախապէս փարիսեցի մը եղած էր։ Խստօրէն կը պահպանէր օրէնքի տարրն ու կը հալածէր քրիստոնեաները։ Սակայն օր մը, Դամասկոսի ճանապարհին Յիսուս երեւցաւ իրեն։ Այդ ճակատագրական օրուընէ ետք դարձած էր Աւետարանի ամենէն եռանդուն քարոզիչներէն մին։

Օրերս կը թերթէի հայկական օրացոյցի էջերը, երբ ուշադրութիւնս գրաւեց Ս. Պետրոսի ու Ս. Պօղոսի յիշատակման տօնը։ Վայրկենապէս դէմքիս պայծառ ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ ու զիս հաճելիօրէն ստիպեց տեղափոխուիլ խոր անցեալ եւ վերապրիլ մանկութեանս տաքուկ ու յիշարժան օրերէն մին։ Վերյիշեցի ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի 1898 թուականին գրուած նոյնանուն՝ Պօղոս-Պետրոս ամեասիրելի հէքեաթս։

Ամառնային լուսապայծառ գիշերներուն կամ իրիկնամուտին, մեր փողոցի տղոց հետ բաւականաչափ խաղալէ ետք, ուժասպառ տուն կը վերադառնայինք։ Անկողին մտնելէ առաջ շատ կը սիրէի, երբ մայրս կամ մեծ մայրս ինծի համար զանազան հէքեաթներ ու պատմութիւններ կը պատմէին։

Ամառնային օր մը, ընկերներէս սովորականէն կանուխ զատուեցայ ու տուն եկայ։ Իրիկնամուտ էր։ Մայրս ամառնային պատըշ-գամին առանձին նստած կ՚ունկնդրէր թռչուններու ձայները։ Խօսուն լռութեան մէջ Աստուծոյ ստեղծած անմեղ կենդանիներու՝ թռչուններու դայլայլը սինֆոնիի կը նմանէր։ Սակայն կար մինչ այդ զիս անծանօթ թռչունի տեսակ մը, որ այդ համերգի ընթացքին երբեմն մելամաղձոտ ձայն մը կը հանէր։ Այնուհետեւ լռութիւն կը տիրէր, եւ բեմ կը բարձրանար խորհրդաւոր թռչունը։ Արտասովոր ելեւէջներով լեցուն ձայնը միաձուլուելով աղջամուղջին, անոր նոր երանգներ կը հաղորդէր։ Մարդ արարածը ակամայ կը սկսի խորհիլ կեանքի զանազան երեսակներու մասին։

Երբ մայրիկս զիս տեսաւ, քովը կանչեց. «Աղջիկս կ՚իմանա՞ս սա թռչուններու ձայնը», ինծի հարցուց. «Այո, շատ աղուոր է։ Սակայն առաջին անգամ կ՚իմանամ», պատասխանեցի ես։ Մայրս ժպտաց ու շարունակեց. «Գիտես աղջիկս, այս թռչունի անունը՝ յոպոպ է։ Ամէն օր չէ, որ մեզի բախտ կը վիճակի վայելելու սա գեղեցիկ թռչնակի ձայնը։ Յոպոպը գրեթէ տատրակի մեծութեամբ, 68-72 կրամ ծանրութեամբ, վառ գոյնի թըռ-չուն մըն է։ Երկար ու նեղ կտուցով, փուփուլանման կատարով, որ երբեմն կը բացուի հովհարի պէս։ Քանզի ըստ աւանդոյթի, սա գեղեցիկ թռչունները նախապէս երկու որբ եղբայրներ եղած են, անուննին՝ Պօղոս ու Պետրոս, չեն խուսափիր մարդոց ներկայութենէ։ Յոպոպի ձայնը իրեն այցեքարտը կը հանդիսանայ։ Ի շնորհիւ իր խուլ «ուպ-ուպ-ուպ» ձայնին՝ ստացած է յոպոպ անուանումը։ Այդ հաճելի ձայնը յոպոպը գարնան ու ամրան ամիսներուն վայրկեանի մը մէջ կը կրկնէ երեսուն անգամ։ Կ՚ուզե՞ս քեզի պատմեմ յոպոպի իրական պատմութիւնը»։ «Անշուշտ մայրիկ, շատ հետաքրքրական է» ոգեւորուած պատասխանեցի ես։ Մայրս իրիկնամուտին համահունչ երանգաւորուած ձայնային ելեւէջներով սկսաւ պատմել.

Վաղո՛ւց, երբ մօտ էր երկրին երկինքը,
Ու լըսում էր դեռ մարդկանց տէրն-ինքը,
Էն լաւ ժամանակ երկու մանուկներ
Ունէին մի չար, մի անսիրտ խորթ մեր:
-Կորէ՜ք, գընացէք, աշխատանք ըրէք,
Աշխատանք ըրէք ու եկէք կերէք.
Ի՞նչ էք վեր թափել անգործ ու անբան,
Հասած տըղերք էք հինգ-վեց տարեկան...
Էսպէս բարկացաւ մի օր խորթ մերը,
Ճիպոտներ տըւաւ, ղըրկեց հորթերը:
Անհանգիստ հորթե՛ր, ամառուան շոգ օր
Կէտ արին, փախան, ընկան սար ու ձոր
Նըրանց ետեւից՝ լալով, հեւալով,
Փոքրիկ որբերը՝ քարէքար գալով,
Վազ էին տալիս անտառի միջում,
Վազ էին տալիս ու իրար կանչում.
-Պօղո՜ս, գտա՞ր:
-Չէ՛է՛:
-Պետրո՜ս, գտա՞ր:
-Չէ՛է՛:
-Վա՛յ-վա՛յ, վո՛ւյ-վո՜ւյ,
-Վա՛յ-վա՛յ, վու՛յ-վո՛ւյ...
Շատ որ ման եկան՝ խեղճերն յոգնեցին,
Եկան՝ խորթ մօրը լալով պատմեցին.
-Նա՜նի, ա՜յ նանի, կորան հորթերը...
-Վա՛յ, գետինն անցնէք,- ճըչաց խորթ մերը
Թող դուք կորչէիք հորթերի տեղակ,
Անտակ ձորի մէջ, անժաժ քարի տակ:
Մի արջ պատահէր, մի գազան, մի գել,
Որ չէի տեսել ձեր շուքը մէկ էլ...
Դէ՜, ետ գընացէք, գընացէք, կորէ՜ք,
Մինչեւ չըգըտնէք հորթերը բերէք՝
Աչքիս չերեւաք, ա՜յ աչքիս փըշեր,
Թէ չէ՝ կը սպանեմ ես ձեզ էս գիշեր...
Ու ճիպոտն էլ ետ իրենց թաթերին,
Յոգնած ու սոված, արցունքն այտերին,
Փոքրիկ որբերը՝ անտառի միջում
Գիշերուան կէսին լալիս են, կանչում.
-Պօղո՜ս, գըտա՞ր:
-Չէ՛է՛:
-Պետրո՜ս, գըտա՞ր:
-Չէ՛է՛:
-Վա՛յ-վա՛յ, վո՛ւյ-վո՛ւյ,
-Վա՛յ-վա՛յ, վո՛ւյ-վո՛ւյ:
Անտէր հորթերը չըկան ու չըկան:
Ճարները կըտրած՝ խեղճերը եկան,
Լալով չոքեցին.
-Տէ՛ր աստուած, ըսին,
Ի՞նչ կը լնի, գըթաս՝
Գոնէ թեւեր տաս,
Թեւեր տաս՝ թըռչենք,
Թըռչենք ու կորչենք,
Որ էլ չտեսնի մեզ մեր խորթ մերը.
Մինչեւ որ գըտնենք կորած հորթերը...
Հենց ասին-չասին անմեղ բերանով,
Աստուած որոտաց իր գըթոտ ձայնով.
-Ահա ձեզ թեւե՛ր, սիրուն երեխէ՛ք,
Թըռչուններ դառէք. թըռած ման եկէք,
Որ էլ չըտեսնի ձեզ ձեր խորթ մերը,
Մինչեւ որ գըտնէք կորած հորթերը:
Գիշերը քնեցէ՜ք ծառերի ճիւղին,
Ծեղն ու ծղօտը ըրէք անկողին,
Ապրուստ էլ կերէք իմ լի սեղանից,
Երբ որ դադարկուն եղաք ձեր տանից...
Էսպէս վերեւից հենց կանչեց Աստուած,
Փոքրիկ որբերը փոխուեցին յանկարծ
Ու թեւեր առան,
Թըռչուններ դառան:
Ու թեւեր առած՝
Թըռչուններ դառած
Դեռ մինչեւ էսօր.
Ընկած սար ու ձոր,
Ծըվում են, մընչում,
Մէկմէկու կանչում.
-Պօղո՜ս, գըտա՞ր:
-Չէ՛է՛:
-Պետրո՜ս, գըտա՞ր:
-Չէ՛է՛:
-Վա՛յ-վա՛յ, վո՛ւյ-վո՛ւյ:
-Վա՛յ-վա՛յ, վո՛ւյ-վո՛ւյ։

Մայրս այնքան պատկերաւոր պատմեց, սա հրաշք հէքեաթը, որ պատմութեան վերջին այլեւս ի զօրու չեղայ արցունքներս զսպելու եւ սկսայ բարձրաձայն հեկեկալ։ Ես ալ՝ փոքրիկ, միամիտ ու փափկասիրտ աղջնակ մը ըլլալով, բաւականաչափ ազդուեցայ ու հէքեաթը որպէս իրականութիւն ընկալեցի։ Մայրիկիս աղիողորմ աղաչեցի, որպէսզի գայ ժամ առաջ Պօղոսին ու Պետրոսին օգնութեան փութանք։ Մօրմէս մեծ ջանքեր պահանջուեցան զիս համոզելու, թէ այդ ընդամէնը Յովհաննէս Թումանեանի կողմէ յօրինուած հէքեաթներէն մին է։

Երբ մեծցայ, դպրոցական ու տառաճանաչ դարձայ, առաջին գիրքը, որ կարդացի՝ Պօղոս-Պետրոսն էր։ Այդ ժամանակ հասկցայ, թէ մայրս Թումանեանի հէքեաթը ինծի քիչ մը փոփոխուած պատմած էր։ Իրականութեան մէջ Ամենայն հայոց բանաստեղծը իր «Անիծած հարս» հէքեաթի մէջ կը խօսէր յոպոպի մասին։ Սակայն մայրս այդ անմոռանալի օրը որոշած էր դէմքերն ու դէպքերը փոխել։ Մինչ օրս ես աւելի շատ սիրեցի մայրիկիս տարբերակը, որ անգին յուշ ըլլալով կը պահեմ յիշողութեանս մէջ ու ամէն անգամ երբ կ՚իմանամ յոպոպի ձայնը, աչքիս առջեւ կու գան Պօղոս-Պետրոսը։

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2018