ՎԵՆԵՏԻԿԵԱՆ ՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի «Երուանդ Քոչար» թանգարանի հաւաքածոն վերջերս համալրուեցաւ հետաքրքրական նմոյշով մը։ Այսպէս, քանդակագործ Երուանդ Քոչարի կարեւոր ստեղծագործութիւններէն մին նուիրաբերուեցաւ իր անունով հաստատուած թանգարանին։ Սա դարձեալ քանդակագործ Ժորժ Զաքարեանի դիմաքանդակն է։ Ժորժ Զաքարեան եղած էր Երուանդ Քոչարի ընկերը։ Ժամանակին Քոչար պատրաստած էր իր ընկերոջ դիմաքանդակը։ Այս վերջինը Երեւանի «Երուանդ Քոչար» թանգարանին նուիրաբերուեցաւ Ժորժ Զաքարեանի որդւոյն՝ Փաոլօ Զաքարեանի կողմէ։ Այս վերջինը կը բնակի Իտալիոյ մէջ։ Այս դիմաքանդակը Երուանդ Քոչարի Վենետիկի մէջ ստեղծագործած ժամանակաշրջանի (1922-1923) եզակի ստեղծագործութիւններէն մին է։
Այդ դիմաքանդակը Վատիկանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան, Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութեան, «Ապաւէն» ընկերութեան տնօրէն Արսէն Ղազարեանի եւ «Անտարես» հրատարակչութեան տնօրէն Արմէն Մարտիրոսեանի ջանքերով տեղափոխուեցաւ Երեւան։ Բոլորովին վերջերս, Երեւանի մէջ, յիշեալ թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ դիմաքանդակի ցուցադրութիւն-շնորհանդէսը։ «Երուանդ Քոչար. Վենետիկեան քանդակի յայտնութիւնը» խորագրով կազմակերպուած էր այս ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Արմէն Ամիրեան, Փաոլօ Զաքարեան, թանգարանի տնօրէնուհի Կարինէ Քոչար, Հայաստանի Հանրային ռատիոյի տնօրէն Մարք Գրիգորեան եւ այլ դէմքեր։
«Ես շատ ուրախ եմ, որ քանդակը վերջապէս ճիշդ տեղը հասած է։ Ես համոզուած եմ, թէ ան շատ աւելի լաւ պիտի պահպանուի թանգարանին մէջ, քան եթէ պահուէր իմ տղաներու կամ թոռներու տան մէջ ապագային։ Համոզուած եմ՝ քանդակը ապահով ձեռքերու մէջ է», յայտնեց Փաոլօ Զաքարեան, որու խօսքով հայրը իրեն շատ պատմած է Երուանդ Քոչարի հետ ունեցած երկար տարիներու ընկերութեան մասին։