ՄՇՏԱԿԱՆ ՈՐՈՆՈՒՄ՝ ԿԵԱՆՔԻ ԻՄԱՍՏԻՆ ՄԱՍԻՆ -Բ-

Կը շարունակենք մեր խորհրդածութիւնները կեանքի իմաստին եւ արժէքին մասին։

Մարդ բարիին եւ երջանկութեան կը տիրանայ մասամբ շրջապատի ազդեցութեամբ։ Իսկ ապականած համակարգը լուսաւորութեան թշնամին է, որովհետեւ ան բարիին թշնամին է: Այնտեղ անհատները չունին մտքի, արտայայտուելու եւ միաւորուելու ազատութիւնը։ Անհատը որքա՞ն եւ ինչպէ՞ս կ՚իմաստաւորէ իր կեանքը հասարակութեան մը մէջ, ուր չկայ հաւասար, արդար եւ համընդհանուր օրէնք, չկայ կեանքի անվտանգութիւն, կ՚ոտնահարուին իրաւունքները, կը գերիշխեն շահագործումը, ճնշումը: Ո՞ւր է նման հասարակութեան մը մէջ ապրելու ուրախութիւնը: Անհատի ներաշխարհը, մշակութային սկզբունքները, մտքի աշխարհը տուեալներ են, որոնք կ՚ուղղորդեն եւ կ՚որոշեն անհատի կեանքին որակը։ Ուստի, եթէ այդ տուեալները կը գտնուին այդ արտաքին աշխարհի ճիրաններուն մէջ, ապա այդ հասարակութիւնը խնդրայարոյց հասարակութիւն մըն է, որ բաղկացած է ընդհանրապէս ճնշուած անհատներէ:

Այստեղ խնդիրը միայն տնտեսական չէ։ Հասարակութիւնը կրնայ ըլլալ տնտեսապէս թոյլ, բայց կ՚ունենայ կեանքի բերկրանք եւ յոյս՝ քանի դեռ կայ համակարգ մը, ուր կայ ազատութիւն, համընդհանուր օրէնք, արդարութիւն եւ անհատներու ապագայ։ Ուրախութիւնը՝ որ կեանքի բերկրանքի ցուցիչն է, կը ծերանայ գետերու պէս՝ իր պարունակութեամբ ու նման հասարակութիւններու եւ անհատներու մէջ ծաղկած ծաղիկներու հոտով։ Երբ մենք այս տեսանկիւնէն կը նայինք այն համակարգին, որուն մէջ մենք կ՚ապրինք, մեր կեանքին եւ մեր կեանքի ուրախութեան մակարդակին, աւելի մօտէն կը տեսնենք այս երեքի փոխյարաբերութիւնները եւ կը ստանանք յստակ արդիւնքներ։

Երբեմն կեանքը անիմաստ կը համարենք: Սա մարդկային կեանքի ժամանակաւոր ելեւէջներէն մին է: Սակայն այս վիճակը հոգեկան փլուզման նշան է։ Գոյութեան անիմաստութեան, աննպատակութեան հասած մարդուն համար անարժէք է կեանքը, ան չ՚ուզեր ապրիլ։ Սա այն դատողութիւնն է, որով մարդ կեանքը անիմաստ կը համարէ, ինչ որ կրնայ յանգեցնել ինքնասպանութեան հակումներու։ Այս պատճառով է, որ ինքնասպանութեան միտում ունեցողները աւելի շատ են՝ քան անոնք որոնք ինքնասպանութիւն կը գործեն:

Արդարեւ, կեանքի իմաստը ուղղակիօրէն կապուած է մեր գոյութեան հետ: Մեր աշխարհ գալը նպատակ կամ իմաստ ունի՞: Մենք պէտք է ապրինք աշխարհի մը մէջ ու աշխարհ գալէ յետոյ մեր շարժառիթները կ՚ապահովեն մեր գոյութեան շարունակականութիւնը: Այնպէս որ, եթէ մեր աշխարհ գալը նպատակ չունի, հնարաւոր չէ կեանքը իմաստաւորել։

Այն բաները, որոնք արժէքաւոր կը դարձնեն կեանքը մարդու համար, նոյնպէս այդ մարդու կեանքի իմաստը կը կազմեն։ Օրինակ՝ մէկու մը համար աշխատանքը կրնայ ըլլալ այն միակ բանը, որ կ՚իմասնաւորէ կեանքը, իսկ ուրիշի մը համար ալ՝ իր զաւակներու գոյութիւնն ու առողջութիւնը։ Կեանքին իմաստը ենթակայական է: Այս բոլորը կեանքի նկատմամբ տարբեր հեռանկարներ կը ստեղծեն իւրաքանչիւրի մօտ։ Վաղ թէ ուշ, անպայման կը կանգնինք կեանքի իմաստի հարցման դէմ յանդիման։ Երբ մենք երիտասարդ ենք, կրնանք չմտածել մահուան մասին, որովհետեւ այդ մէկը մեզի կրնայ թուիլ հեռաւոր, նոյնիսկ գրեթէ անիրական: Ժամանակի ընթացքին մենք աւելի կը գիտակցինք մեր մահկանացու ըլլալու իրողութեան, ինչ որ մեզ կը մղէ առերեսուիլ վերոյիշեալ անյեղլի օրէնքին հետ։

Կեանքը իմաստալից դարձնող բազմաթիւ հանգամանքներ կան. ընտանիք, արուեստ, գիտութիւն, կրթութիւն, անձնական քմահաճոյքներ, ժամանց եւ այլն: Բաց աստի, մենք կրնանք ամէն ինչ կասկածի տակ դնել հոգեկան կամ այլ պարագաներու փլուզման եւ մահուան պայմաններու մէջ։ Լեւ Թոլսթոյ հրատարակած էր «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն»ը եւ «Աննա Քարենինա»ն եւ յիսուն տարեկանին կը վայելէր իր ընտանիքի սէրը, հարստութիւն եւ համբաւ: Ան հասած էր իր փափաքած դիրքին, բայց ծանր ընկճուածութեան մէջ էր։ Թէ ինչո՞ւ։ «Իմ խոստովանութիւնները» գիրքին մէջ ան գրած է հետեւեալը. «Եթէ ոչ այսօր, ապա վաղը հիւանդութիւնն ու մահը կը հասնին իմ սիրելիներուն կամ ինծի։ Մեզմէ ոչինչ կը մնայ, բացի գարշահոտութենէն եւ որդերէն: Վաղ թէ ուշ, այն ամէն ինչ, որ ես ըրած եմ այս աշխարհի վրայ, կը մոռցուի եւ ես գոյութիւն պիտի չունենամ: Հետեւաբար, ինչո՞ւ փորձել, ջանք թափել։ Ինչպէ՞ս կարելի է սա չտեսնել եւ ինչպէ՞ս կարելի է շարունակել ապրիլ: Զարմանալին ա՛յս է: Մարդը կրնայ ապրիլ միայն կեանքէն հարբած վիճակով, իսկ սթափուելէ անմիջապէս յետոյ անհնար է չտեսնել, որ ան պարզապէս խաբէութիւն է, նոյնիսկ հեգնալի»: Յուսահատութեան մէջ Թոլսթոյ հարցուց, թէ ինչպէ՞ս ուրիշները կը վերաբերուին կեանքի իմաստի հարցին: Ան աւելի վերջ անդրադարձաւ, որ մարդիկ ունին կեանքի բոլոր հարցերուն եւ տառապանքներուն դիմակայելու միջոց մը՝ հաւատքը: Անոնք կը հաւատային ուժի մը, որ վեր է Թոլսթոյի ըմբռնումներէն։ Աստուծոյ հաւատալով մարդիկ կը մխիթարուէին այն գաղափարով, թէ իրենց գոյութիւնը ունի նպատակ մը։

Մարդիկ չեն կրնար ապրիլ առանց այլ կենդանի էակներու: Բոլորս ունինք հասարակաց նպատակ մը՝ շարունակել կեանքը: Կեանքը մեզ կը պարգեւատրէ, երբ ընդունինք կեանքը եւ կը պատժէ, երբ մերժենք զայն: Կեանքը մեզ կը խրախուսէ նաեւ հոգ տանիլ այլ կենդանի էակներու մասին:

Կայ խոր արմատներով հասկացողութիւն մը, որ իւրաքանչիւրի կեանքը արժէքաւոր է եւ պէտք է պաշտպանուած ըլլայ յանուն բոլորի շարունակականութեան: Այն, ինչ որ կ՚արմատաւորուի մեր մէջ, ոեւէ էակի նկատմամբ մեր սէրն է: Սէրը, որպէս բարօրութիւն ու անդորրութիւն փնտռելու ջանք, կը գտնուի մեր բոլոր ցանկութիւններու կեդրոնին։ Մենք կը զգանք, որ պէտք է հոգ տանինք եւ պաշտպանենք բոլորի կեանքը, որպէսզի կեանքը շարունակուի: Եսակեդրոն մղումները կը մրցին մեր սիրոյ հետ, բայց հակառակ մարդոց եւ այլ արարածներու նկատմամբ չարաշահումներու, նոյնիսկ բռնութիւններու բազմաթիւ օրինակներու, մարդկային տեսակի ընդհանուր նպատակը կը շարունակէ մնալ կեանքի շարունակականութիւնը ապահովելը։

Մենք չենք կրնար յստակ կերպով բացատրել կեանքի նպատակը, նաեւ չենք կրնար խուսափիլ զայն փնտռելէ: Մենք հակուած ենք գնահատելու կեանքը, ուստի կեանքը ընդունելու մասին արտայայտութիւնները մեզ կը հանգստացնեն։ Մենք կը հաւատանք, որ կեանքը լաւ է եւ պէտք է շարունակուի։

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

•վերջ

Ուրբաթ, Յունիս 28, 2024