ՎՐԱՍՏԱՆԻ ՊԵՏԱԿԱՆ ԱԿԱԴԵՄԱԿԱՆ «ՌՈՒՍԹԱՎԻ» ԵՐԳԻ-ՊԱՐԻ ՀԱՄՈՅԹԸ ԵԼՈՅԹՈՎ ՄԸ ՀԱՆԴԷՍ ԵԿԱՒ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Վրաստանի Պետական ակադեմական «Ռուսթավի» ժողովրդական երգի եւ պարի համոյթը վերջերս ելոյթով մը հանդէս եկաւ Երեւանի մէջ։ Օփերայի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակի յոբելեանին։

Գեղարուեստասէրները մօտիկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուին այս ելոյթին նկատմամբ, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Հայ հանդիսատեսին համար հետաքրքրական էր հարեւան ժողովուրդի բարձրորակ արուեստին հաղորդ դառնալը եւ նմանութիւններուն ականատես ըլլալը։ 

Ուրբաթ, Յուլիս 28, 2017