ԱՌՈՂՋԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՄԻՇՏ ԱՐԴԻԱԿԱՆ

Օսմանեան արքունի բժշկական դպրոցի բժիշկ-աշակերտ եւ «Կիլիկիա» հանդէսի խմբագիր Մանուէլ Իւթիւճեան թէ՛ իր հրատարակած «Կիլիկիա» հանդէսին միջոցով, թէ՛ տարբեր հրատարակութիւններով մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է հանրային առողջապահութեան հարցերուն, մանաւանդ դպրոցական առողջաբանութեան՝ նոր սերունդի առողջութիւնը նկատելով առողջ հասարակութեան մը գլխաւոր գրաւականը: Առողջաբանութիւնը հնագոյն գիտութիւն է, որ ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կ՚ուսումնասիրէ շրջակայ միջավայրին ազդեցութիւնը մարդուն կազմուածքին վրայ եւ անոր հիման վրայ կը մշակէ միջոցառումներ՝ միջավայրին վնասակար ազդեցութեան եւ հիւանդութիւններու յառաջացման կանխարգելման նպատակով: Առողջաբանութեան խթանումը հիւանդութիւններու նուազեցման ամենէն արդիւնաւէտ գործողութիւնն է:

Բոլոր ժամանակներուն այս հարցերը եղած են ուշադրութեան տակ, բայց այսօր, երբ զարգացած է գիտութիւնը, բաց է համացանցը եւ հասանելի են տեղեկատուական աղբիւրները, առողջաբանութիւնը, ճիշդ սննդակարգը, մարզանքը, հիւանդութիւններէն պաշտպանուիլը դարձած են ժամանակակից մարդու թիւ մէկ խնդիրը:

Առածը կ՚ըսէ. «Առողջութիւնը մարմնի երջանկութիւնն է»: Եւ իրա՛ւ, որքան ճշմարիտ է այս մէկը: Իսկ մարմինը կը սնուցանէ հոգին, ուստի, առողջութիւնը ոչ միայն մարմնոյն, այլ նաեւ՝ հոգւոյ երջանկութիւնն է միաժամանակ:

1864 թուականին, Մանուէլ Իւթիւճեան գիրք մը կը հրատարակէ Պոլիս։ Ան այդ գիրքը կը խորագրէ «Առողջաբանութիւն» եւ որուն նիւթերը ան կը թարգմանէ ֆրանսերէնէ՝ այդ տարիներուն Եւրոպայի մէջ ընդունուած առողջաբանական մօտեցումները մատչելի դարձնելով հայ ընթերցողին: Զարմանալիօրէն կարելի է նկատել, որ առողջութեան պահպանման հարցին մէջ այսօր ալ նոյն մօտեցումներն են, ինչ որ էր 1800-ական թուականներուն: Մանուէլ Իւթիւճեան, բացի հրատարակութիւններէ, սկսած է առողջաբանութեան դասախօսութիւններու, տակաւին 1842 թուականին՝ նպատակ ունենալով այդ օգտակար ասպարէզի մասին ամենապարզ լեզուով խօսիլ ժողովուրդի հետ եւ պատասխանել անոնց հարցումներուն: Ան մեծ ուշադրութիւն կը դարձնէ շնչառութեան, հանգիստի, քայլքի, նոյնիսկ՝ զուրաճանքի համար յատկացուած ժամերուն, որոնք պէտք է ըլլան կանոնաւոր:

Իր ֆրանսերէնէ թարգմանած գիրքէն կը ներկայացնենք հատուածներ:

ՇՆՉԱՌՈՒԹԻՒՆ

Մարդս կրնայ ապրիլ որեւիցէ ժամանակ առանց ուտելու եւ քնանալու, բայց չի կրնար ապրիլ առանց շնչելու: Ուսկից կը հետեւի, որ շնչառութիւնը կենաց ամենահարկաւոր պիտոյքներէն մէկն է, եւ որովհետեւ մեր շնչածը օդն է, կը հետեւի, որ մարդուս գոյութեանը հետ յարաբերութիւն ունեցող ամէն տեսակ մարմնոց ամենէն պիտանին եւ կարեւորագոյնն է օդը: Օդին բաղադրութիւնը կրնայ ապականիլ՝ անոր քիմիական բաղադրութեան մէջ զանազան տեսակ կազեր մտնելով, որոնք ոչ միայն մարդուս կը վնասեն, այլ նաեւ՝ ամէն տեսակ անասուններու, միանգամայն եւ տնկիներու: Շնչառութեան միջոցով օդին հետ զանազան փոշիներ եւ կազեր կը մտնեն թոքերուն մէջ, որոնց ամէն մէկը իր տեսակին համեմատ կ՚ազդէ մարդուս առողջութեան:

Թէ որ մարդուս շնչած օդը մաքուր է, կեանքն ալ կրնայ անվտանգ մնալ, ապա թէ ոչ՝ եթէ իր քիմիական յատկութիւններուն մէջ փոփոխութիւն մտած է, եթէ իր մէջ փոշի, շոգի, թունաւոր տեսակ-տեսակ կազեր պարունակէ, այն ժամանակ թէ՛ մարդուս առողջութեան, թէ՛ կեանքին կը վնասէ:

Պէտք է զգուշանալ այն ամէն պարագաներէն, որոնք արգելք կ՚ըլլան ազատապէս օդը թոքերուն մէջ մտնելուն, ինչպէս կրնայ պատահիլ ըսածնիս, երբ երկար ժամանակ ջուրի մէջ լողալու ըլլանք, նոյնպէս երբ բերաննիս գոց կամ բոլոր գլուխնիս վերմակով ծածկուած քնանալու ըլլանք, ինչպէս որ շատ երիտասարդներ եւ գործաւորներ այս ցաւալի սովորութիւնը ունին մանաւանդ ձմեռ ժամանակ: Երբ հագուստնիս շատ նեղ ըլլայ, ոչ միայն շնչառութեան կը վնասենք, այլեւ կուրծքին մէջ գտնուած ամենակարեւոր անդամներու մեծնալուն եւ կանոնաւոր եւ ազատօրէն գործելուն արգելք կ՚ըլլանք: Միեւնոյն զգուշութիւնը ընելու է նաեւ նեղ վզնոց կապելէն, վասնզի այն ալ դարձեալ ազատ շնչառութեան արգելք կ՚ըլլայ:

Հնդկաստանի մէջ օր մը գիշերուան մօտ անգլիացիք, 146 հոգի 20 քառակուսի ոտք տարածութիւն եւ միայն երկու փոքրիկ պատուհան ունեցող սենեակի մէջ բանտարկելով, դեռ չլուսցած անոնցմէ 96-ը մեռան, եւ առաւօտուն ժամը երկուքին միջոցները, երբ բանտը բացուեցաւ՝ հազիւ 23 հոգի գտան ողջ, բայց անոնք ալ՝ ամենաթշուառ վիճակի մէջ:

Այս ցաւալի դէպքը, որ բոլոր առողջաբանական գրութիւններու մէջ նշանակուած է, կ՚ապացուցանէ եւ կը սորվեցնէ, թէ ամէն զգուշութիւն պէտք է ընել՝ օդին մաքրութեան ու փոփոխութեան համար, սոյն օրինակէն կը հասկցուի նաեւ, թէ փոքրիկ սահմանի մը մէջ, երբ շատ մարդիկ ժողվելու ըլլան՝ ի՛նչ աստիճան կ՚ապականի օդը:

Որո՞ւն միտքէն կ՚անցնի արդեօք թատրոններու նստման տեղեր գտնուած ժամանակնիս ծծած օդերնուս ի՛նչ ըլլալը, որոնց մէջ 5-6 ժամ կ՚անցընենք, եւ գտնուած օդը զանազան կերպով կ՚ապականի, նախ ներկայ եղողներուն շնչառութենէն, որուն կ՚ընկերանայ այն մեծ սրահները լուսաւորելու համար վառուած կազերէն յառաջ եկած ածխային թթուն, ուստի այս թունաւոր կազը, շնչառութեան պաշտօնով թոքերէն ելածին հետ միանալով, մի տարակուսիք երբեք, որ այն սրահները, ամենավատառողջ կը յօրինուին, մանաւանդ անոնց վերին յարկերը:

Թատրոններուն եւ ասոնց նման տեսարան ներկայացնելու տեղերու վրայ խօսածնիս, կրնայ յարաբերութիւն ունենալ այն մեծ սրահներուն, որոնց մէջ գտնուողներէն ոմանք կը պարեն, ոմանք կը խմեն, ոմանք կ՚ուտեն եւ այլն: Ահա որչափ երիտասարդներ արդեօք այս կերպով կը հաւաքուին շատ գիշեր, մանաւանդ ձմեռները, չգիտնալով, որ իրենց մարմինը ապականեալ օդի դէմ գալով, նոյնինք, արիւնը կ՚ապականի, աւելի պակաս կարմիր կը դառնայ սրտին մէջ, եւ միանգամայն անդամները սնուցանող կատարեալ յատկութիւն ունեցող արիւն մը կ՚ունենան, եւ որովհետեւ երիտասարդները ի բնէ աւելի հարուստ արեան կարօտ են մարմնոյն կատարելագործութեան համար, ընդհակառակը այնպէս անխոհեմ եւ վատառողջ ընթացքով, իրենց արիւնը հարստացնելու տեղ, աւելի կ՚աղքատացնեն:

Մարդուս բնակութիւնը իր առողջութեան մեծ ազդեցութիւն ունի. տուներու դիրքը, սենեակներուն մէջ օդին երթեւեկութիւնը, պատուհաններուն բարձրութիւնը, մինչեւ անգամ զանոնք շինելու համար գործածուած նիւթերու տեսակը, որոնք իրենց տեսակին համեմատ անշուշտ կամ առողջարար կամ վատառողջ բնակութիւն մը կը յօրինեն:

Դաշտերու մէջ շինուած տուներուն շատերը խիստ ցած՝ խոնաւ ու մութ, եւ հետեւաբար՝ ամէն տեսակ վնասակար կազմերու ծնունդ տուող զանազան նիւթերով պատած ըլլալնուն, միանգամայն օդին այս տեսակ շէնքերու մէջ ըստ բաւականի շրջան չընելուն՝ ցաւալի հիւանդութեանց պատճառ կու տան, ինչպէս տենդերու (սըթմայ):

Քաղաքներու մէջ շատ կողմեր, տուները մէկ մէկու քով մութ՝ նեղ եւ խոնաւ փողոցներու մէջ շինուած ըլլալով, անոնք ալ նոյնպէս կը վնասեն առողջութեան:

Դաշտի մէջ բնակողը առաւօտէ մինչեւ երեկոյ բաց տեղերը աշխատելով, եւ ասով շարունակ 12 ժամ մաքուր օդ ծծելով, իր բնակութենէն յառաջ եկած գէշութեանց դէմ քիչ շատ նախազգուշական միջոց առած կը սեպուի, բայց քաղաքացիք առաւօտէ մինչեւ երեկոյ աշխատած տեղերնուն մէջ կ՚անցընեն նաեւ գիշերն ալ, ուստի ամենէն աւելի քաղաքացին պէտք ունի զգուշութեան եւ հետեւաբար առողջարար բնակութիւն մը ընտրելու ստիպեալ է:

ԿԵՐԱԿՈՒՐ

Անասուններէ յառաջ եկած կերակուրները աւելի սննդարար են բուսականներէն: Անասունի միսը աւելի շատ եւ կազդուրիչ արտադրեալ կու տայ մարսողութեամբ, սակայն եւ այնպէս, բոլոր անասունները եւ անոնց ամէն կողմերը միեւնոյն սնունդը չեն կրնար տալ, ինչպէս՝ եզն, խոյ, ձի, խոզ, նապաստակ, այծեամն, բադ, սագ եւ կաքաւ աւելի սննդարար են, բայց աւելի ծանր: Ընդհակառակը՝ հորթը, վառեակը, գառը, ուլը աւելի թեթեւ՝ փափուկ եւ քիչ սննդեան պէտք ունեցողներուն կը յարմարին: Շատ կարելի է, որ ոմանք զարմանան, թէ ի՛նչ պատճառաւ ձիու միսը աւելի սննդարար կերակրոց կարգը դասած ենք, վասնզի դեռ եւրոպացիներու մէջ սովորութիւն չէ եղած, սակայն երեւելի Շառէյ փորձած է, որ այս անասունին միսը առանց փոքր-ինչ վնաս մը բերելու, եզին մսին նման սննդարար կերակրով գլխաւորներէն մէկը կրնայ համարուիլ: Ոչ թէ միայն անասուններու միսը կ՚ուտուի, հապա նաեւ զանազան անդամները, ինչպէս՝ ուղեղը, թոքերը, որոնք բաւական դիւրամարս կրնան կոչուիլ, նոյնպէս լեարդը, երիկամը, որոնք աւելի դիւրամարս ըլլալու համար պէտք է կակուղնան: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ ասոնցմէ զատ այս երկու տեսակ անասնուններու շատերուն ձուն եւ կաթը, այս երկու թանկագին կերակուրները, որոնցմէ առաջինը, որ կատարելապէս կը մարսուի, շատ սնուցիչ է, եւ միանգամայն ամէն ստամոքսներու կը յարմարի՝ առողջին եւ հիւանդութենէ նոր ելլողներուն:

ՁՈՒԿԵՐ

Ձուկերն ալ նոյնպէս մարդուս իբրեւ կերակուր կրնան ծառայել, որոնք առողջ, զով եւ դիւրամարս են, ձուկերը նաեւ սա աղէկութիւնն ունին, որ թէ՛ աղքատի եւ թէ՛ հարուստի կը յարմարին, որովհետեւ լիճերը՝ գետերը եւ ծովերը մարդուս սնունդ մատակարարող խումբ մը ձուկեր, յառաջ կը բերեն: Ինչ որ խօսեցանք մսեղէն կերակուրներու վրայ, միեւնոյնը կրնանք ըսել ասոնց համար. այն ձուկերը, որոնց միսը փափուկ է, դիւրամարս, աւելի կը յարմարին հիւանդութենէ նոր ելլողներուն: Ընդհակառակը, դժուարամարս են անոնք, որոնց միսը կարծր է, զորօրինակ՝ փիսի, լեզուաձուկը, վահանաձուկը, կարմրախայտը, ոսկեձուկը եւ ասոնց նման գետի եւ լիճի ձուկերը դիւրամարս են, իսկ երկրորդ կարգէն են օձաձուկը, սպիտակ խարակաձուկը եւ այլն: Այս ձուկերը երբ աղուած են՝ վատառողջ եւ դժուարամարս են: Խեցգետինը եւ ասոր նմանները դժուարամարս են, որովհետեւ միսերնին շատ կարծր է: Թարմ ոստրէները դիւրամարս են եւ մարդուս ախորժակը կը բանան, իսկ ուլականջները աւելի դիւրամարս են, բայց շատ անգամ՝ մանաւանդ ամառ ատեն ընդհանուր թուլութիւն եւ գլխու ցաւ պատճառելէն զատ, մորթին վրայ զանազան վէրքերու ծնունդ կու տան:

ԵՓԵԼՈՒ ԵՂԱՆԱԿԸ

Եփելու կերպը կերակուրներու մարսելուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ունի. պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ սնանալու համար մինակ աղէկ տեսակ կերակուր մը առնել չի բաւեր, որովհետեւ պատրաստելու կերպը շատ ազդեցութիւն ունի. այսինքն ըսել կ՚ուզեմ, որ աղէկ տեսակ կերակուր մը պատրաստելու կերպէն գէշ յատկութիւն մը կրնայ վաստկիլ:

Միսին եփելու ամենապարզ կերպն է լոկ ածուխի վրայ դնելով խորովել: Այս կերպով եփուած միսը շատ սննդարար է, բայց այրելու չափ եփելն ալ աղէկ չէ, վասնզի մուխ հոտելէն զատ կը դժուարամարսուի: Ուստի միսը խորովելու համար տեսակ մը գործիք ունենալու է, որով եփած ժամանակ կրակին մէջ իւղ չթափելով ո՛չ հոտ կ՚ունենայ եւ ո՛չ միսին իւղը կը կորսուի: Ոմանք ալ քիչ մը ջուրով գոց ամանի մէջ կ՚եփեն: Այս կերպով, այսինքն ջուրի շոգիով եփուած միսը կը կակուղնայ, որով առանց իր սնուցիչ յատկութիւնները կորսնցնելու փափուկ եւ դիւրամարս կ՚ըլլլայ:

Խորովեալ միսերը շատ փափուկ եւ դիւրամարս են, ընդհակառակը շատ խորովածը դժուարաւ կը մարսուի, աղածն ու ծխեալը բորբոքում կը պատճառեն, վերջապէս քիչ մը ջուրով կտոր մը միս սանի մը մէջ դնելով պատուական կերակուր մը կ՚ըլլայ: Միսը բաւական ժամանակ ջուրին մէջ եփելով՝ իր որպիսութեան համեմատ սննդարար եւ դիւրամարս արգանակ մը յառաջ կու գայ: Երբ միսը հաւու ըլլայ, արգանակը թեթեւ եւ զովացուցիչ կ՚ըլլայ: Փափուկ ստամոքսներուն եւ հիւանդութենէ նոր ելլողներուն կը յարմարի, որոնց կերակուրը պէտք է թեթեւ եւ քիչ սննդարար ըլլայ:

ՋՈՒՐ

Ամէնուն շուրջը գտնուող հեղուկներուն ամենէն բնականը, առողջը եւ առողջարարն է ջուրը, բայց պէտք է ըլլայ պայծառ, մաքուր, անհոտ, անգոյն եւ անուշահամ: Պէտք է պարունակէ քիչ մը օդ: Աղէկ յատկութիւն ունեցող ջուր մը շուտով եփելու, չոր կանաչեղէնները եւ օճառը հալեցնելու է: Եթէ խմուելու ջուր մը պղտորեալ է, չխմած մաքրելու կամ կերակուրի գործածելու է: Ջուրը պիտոյից առաջինն ըլլայով, մաքուր, գոց եւ կարելի եղածին չափ մաքրուելու դիւրութիւն ունեցող ամաններու մէջ պահելու է:

Ջուր խմելը շատ զուարճալի է. մանաւանդ երբ գաղջ եւ մաքուր է, այն ժամանակը կ՚օգնէ մարսողութեան եւ ծարաւը կը յագեցնէ: Երբ քիչ մը տաք է՝ ծանր եւ դժուարամարս է եւ երբեմն ալ մինչեւ անգամ կը փսխեցնէ: Շատ տաքն ալ դիւրամարս եւ քրտնեցուցիչ է: Ցաւալի հիւանդութիւններ կրնան սնունդ առնել, երբ պաղ ջուր խմուի շատ յոգնած եւ քրտնած ժամանակ: Զինուորական վիրաբոյժ մը կը պատմէ, թէ Իտալիոյ պատերազմին մէջ թշնամիին կրակէն այնքան զինուոր չէ մեռած, որքան՝ քրտնած ատեն պաղ ջուր խմելէն: Կրնաք նաեւ անձրեւի ջուր գործածել՝ շատ մաքուր ըլլալուն, բայց առաջին անգամ եկած անձրեւի ջուրերը եւ փոթորիկի ժամանակ եկածները այնպէս չեն, որովհետեւ այս ետքինները օդին մէջ գտնուած զանազան օտար մարմինները իրենց հետ կ՚առնեն:

Եռացեալ ջուրը տերեւներու եւ ծաղիկներու վրայ լեցնելով տեսակ մը խմելիք կը շինուի, որուն կ՚ըսուի օշարակ, որ գործածուած տերեւին, ծաղիկին տեսակին եւ քանակութեան համեմատ կակղացուցիչ, քրնտեցուցիչ, զօրացուցիչ եւ այլն, յատկութիւն մը կ՚ունենայ:

Սուրճն ալ գրգռիչ է եւ գրեթէ ամէն մարդու կը յարմարի, ստամոքսի տկարութիւն ունեցողներուն մարսողութիւնը կը դիւրացնէ, բայց կը վնասէ, երբ չափէն աւելի եւ թանձր խմուի: Եթէ սուրճին մէջ ոգելից ըմպելիք աւելցուին՝ գէշութիւնն ալ կ՚աւելնայ:

ՔԱՅԼՔ

Կրթութեանց մէջ ամենէն առաջինն ու պարզն է քալելը: Այս կրթութեան համար գլխաւորաբար վարի անդամները կը շարժին, ինչպէս ոտքը, սրունքը, ազդրը, բայց միայն ասոնք չեն, որովհետեւ վերի անդամներն ալ միեւնոյն միջոցին մէջ կը շարժին: Արդարեւ եթէ դէմդ քալող մէկուն վրայ աղէկ ուշադիր ըլլաս, պիտի տեսնես, որ թեւերն ալ տեսակ-տեսակ երթեւեկութեան եւ շարժման մէջ են, մէկ մը աջ թեւը ձախ ազդրին հետ առաջ, եւ յետոյ ձախ թեւը աջ ազդրին հետ. ահաւասիկ կը հետեւի, որ քալելու մէջ ընդհանուր շարժում մը կայ, որու միջոցաւ մարմնին բոլոր միսերն ալ նոյն շարժման ենթակայ են, բայց եւ այնպէս, ամենայն բարեխառնութեամբ:

Այս տեսակ կրթութիւն մը օրուան ամէն վայրկեաններուն մէջ կրնայ ըլլալ: Շատ յարմար կու գայ կերակուրէն յետոյ, որովհետեւ քալելը ստամոքսին մէջ բարեխառն տաքութիւն մը կը պատճառէ, որով մարսողութիւնը կը դիւրանայ:

Եթէ քալելը հարթ տեղի վրայ ըլլայ, մարմնին ներքին անդամները գրեթէ ամենեւին չեն շարժիր կամ թէ բոլորովին անզգալի կերպով կը շարժին, եւ ասոր հակառակ՝ շատ աւելի կը նեղուին, երբ տեղը ծուռումուռ է:

ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ 

Մարդիկ անտարակոյս չեն գիտեր մաքրութեան բարի յատկութիւնները իրենց առողջութեան համար, եթէ ոչ՝ այնքան պիղծ եւ անմաքուր մարդիկ պիտի չգտնուէին: Մաքրութեան առաջին նպատակն է մարմինը մաքուր պահել, ինչպէս որ ձիավարը՝ ձիերը եւ հովիւը իր շունը կը մաքրէ, ասով կը հասկցուի, որ այն բանը որ անասուններու պէտք է եւ օգտակար, որչափ առաւել մարդոց:

Շատ անգամ մաքուր մարդիկ բամբասանքի տակ կ՚իյնան, բայց աւելի աղէկ կ՚ըլլար, որ զանոնք բամբասելու տեղ անոնց հետեւէին բամբասողները՝ հետեւելով միանգամայն առողջաբանութեան օգտակար խրատները: Չեմ ուզեր նաեւ խօսիլ անանկներուն վրայ, որոնք առաւօտէ մինչեւ երեկոյ բան գործ ըրած են զարդարանքը՝ ուրիշները որսալու կամ խաբելու համար:

Երբ բժիշկ մը որեւիցէ հիւանդ գործաւորի մը սենեակ մտնէ, թէ՛ ամեն բան տեղը գտնէ, թէ՛ սենեակը մաքուր, թէ՛ հոն բնակողները պարզ, բայց մաքուր հագուած, պարկեշտ են, շուտով կը հասնկայ, որ բնակող գործաւորները համեստ, աշխատասէր, տնտես են, իսկ եթէ ընդհակառակը, սենեակին կարասիքը ասդին, անդին ցիր ու ցան տեսնէ, ամէն բան խառն ի խուռն, մէկին տաբատը պատռած, միւսին ձեռուըները եւ դէմքը պիղծ եւ անմաքուր, կնոջ մազերը չսանտրուած, անկողինները մէկ կողմ, ո՜հ, ի՛նչ մեծ տխրութիւն պիտի իմանայ, զի ընդհանրապէս այս տեսակ վիճակ մը թշուառութեան եւ աղքատութեան հետեւանք չէ, այլ՝ մոլութեան, ծուլութեան եւ անմաքրութեան: Առաջինին եւ երկրորդին եղած ծախսերու տարբերութիւնը մեծ է եւ հետեւաբար ահռելի տարբերութիւն ահանգստութեան մէջ, վերջապէս, առաջնին մէջ կը տիրէ կարգ ու կանոն, տնտեսութիւն եւ խաղաղութիւն, երկրորդին մէջ՝ անմաքրութիւն եւ ծուլութիւն եւ հետեւաբար՝ անհանգստութիւն: Ասոցմէ զատ պիտի տեսնես, որ երկրորդին մէջ հիւանդութիւնները բազում անգամ պիտի յաճախեն, որովհետեւ մաքրութիւնը, տնտեսական ճշմարիտ առաքինութիւնը մարդուս առողջութիւնը պահելու ամենահարկաւոր կէտն է. զի ուր որ մաքրութիւն չկայ, հոն շատ տեսակ հիւանդութիւններ կը յաճախեն…

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Երեւան

Երկուշաբթի, Օգոստոս 28, 2023