ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԻՒՆ
Երեւանի քաղաքապետարանի ճեմասրահին մէջ տպաւորիչ ցուցահանդէս մը կազմակերպուած է… Մինչ ցուցադրուած լուսանկարներուն, գիրքերուն եւ միւս ցուցանմոյշներուն հասնիլը, այցելուներ մեծ պաստառներու վրայ կը տեսնեն Արցախի պատմամշակութային վայրերուն մասին տեսահոլովակ մը, որուն սրտաշարժ երաժշտութիւնը տակնուվրայ կ՚ընէ այցելուներուն ներաշխարհը, ուր Արցախի եւ հայութեան վերջին ցաւերը թարմ են տակաւին:
Պաստառին վրայ կը ցուցադրուի Դադիվանքի, Ծիծեռնավանքի, Ս. Ամենափրկիչ (Ղազանչեցոց) եկեղեցւոյ, Տիգրանակերտի, Կատարոյի վանքի, ինչպէս նաեւ Գանձասարի եւ Մայրաբերդի մասին տեսահոլովակ մը… Այս վայրերուն մեծ մասը Ատրպէյճանի տիրապետութեան տակ է եւ դժուար է հաւատալ, որ ընդամէնը եօթ ամիս առաջ, այս գանձերը ներդաշնակ խաղաղ ու ծաղկուն բնութեան մէջ, կ՚ընդունէին ուխտաւորներ եւ կեանքը ուրիշ հմայք ունէր անոնց կողքին…
«Վտանգուած ժառանգութիւն․ Արցախ» այսպէս խորագրուած է ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ աւելի քան 120 լուսանկար, ինչպէս նաեւ Շուշիի մէջ տպագրուած գիրքեր, բացառիկ ձեռագրեր եւ գորգեր: Այս ցուցահանդէսը քաղաքական եւ դիւանագիտական վերնախաւին համար բացուեցաւ ապրիլի 24-ին, իսկ միւս այցելուներուն համար բաց է ապրիլի 25-էն եւ պիտի գործէ մինչեւ մայիսի 2-ը ներառեալ:
Ցուցադրութեան հիմքը կը կազմէ դիւանագէտ, Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Դիւանագիտական դպրոցի տնօրէն, նախկին դեսպան Վահէ Գաբիէլեանի լուսանկարները, որոնք ան լուսանկարած է 2006-2019 թուականներուն միջեւ ինկած ժամանակահատուածին ընթացքին՝ պարբերաբար այցելելով Արցախ եւ վաւերագրելով կեանքը, բնութիւնը, յուշակոթողները, եկեղեցիները, կամուրջները, ամրոցները… Վահէ Գաբրիէլեան նաեւ այս ցուցահանդէսին համակարգողն է: Ցուցահանդէսը կազմակերպուած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ մէկ ամիս առաջ հիմնադրուած կառոյցի մը՝ Մշակութային դիւանագիտութեան յանձնախումբին կողմէ:
ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Արտաքին գործոց նախարարութեան կազմին մէջ վերջերս ստեղծուած այս յանձնախումբը նպատակ ունի մշակոյթի ճամբով աշխարհին ներկայացնել հայկական ժառանգութիւնը, նոր կապեր հաստատել, ընդլայնել ստեղծուած կապերն ու յարաբերութիւնները: Դիւանագիտական աշխատակազմէն զատ հայ դիւանագէտները նոր դիմում ներկայացուցած են աշխարհին՝ մեր մշակոյթը ներկայացնելով իբրեւ դիւանագիտական զինանոցի կարեւոր գործիք: Շատեր զայն կը նկատեն ամենաարդիւնաւէտ գործիքը՝ երկիրներուն միջեւ բնականոն յարաբերութիւններ հաստատելու առումով:
Մշակոյթը մեղմացնող, խորհելու մղող եւ կոշտ եզրեր հարթող յատկութիւն մը ունի, այն «փափուկ» դիւանագիտութիւն է եւ դարեր շարունակ օգնած է զանազան մշակոյթներ եւ սովորութիւններ ունեցող, հեռաւոր ժողովուրդներու մերձեցման, իրարու մօտ գալուն: Մշակութային երկխօսութեան վրայ, ի վերջոյ, աւելի դիւրին կը ձեւաւորուին համագործակցութեան եւ փոխըմբռնման կամուրջները:
Հայերը դարաւոր հարստութիւն ունին մշակութային զինանոցին մէջ: Հայ մշակոյթի, արուեստի մնայուն արժէքները միշտ ալ մաս կազմած են համամարդկային մշակութային ժառանգութեան մէջ: Հայ արուեստագէտները իրաւացի կերպով կոչուած են Հայաստանի ոչ-պաշտօնական դեսպաններ, որոնք մեր երկիրը ներկայացուցած են աշխարհի տարածքին՝ իրենց ստեղծագործութիւններով, կատարումներով եւ այլ գործերով: Անոնք նուաճած են նշանաւոր բեմեր, ցուցասրահներ, թանգարաններ, մրցոյթներ ու փառատօներ…
Մէկ ամիս առաջ ստեղծուած Մշակութային դիւանագիտութեան յանձնախումբին պատուոյ նախագահ ընտրուած է երգահան Տիգրան Մանսուրեան, որ այս յանձնախումբի ստեղծման ժամանակ իր խօսքին մէջ ըսած է. «Իրօք, որ շատ տարօրինակ իրադրութիւն է, երբ դիւանագիտութիւն եւ արուեստ բառերը կու գան միաւորուելու՝ իբրեւ մէկ ամբողջութիւն։ Ահաւասիկ այդպիսի իրողութեան առջեւ ենք մենք բոլորս. երէկ մեր տան մէջ, մեր աշխատանքային հոգերուն մէջ էինք, հիմա պէտք է նաեւ մտնենք դիւանագիտութեան աշխարհ։ Այս է հրամայականը այսօրուան իրողութեան, եւ ես ամբողջութեամբ կ՚ողջունեմ Արտաքին գործոց նախարարութեան այս աշխատանքային ծրագիրը եւ իր հետապնդած նպատակները։ Ի սրտէ կ՚ողջունեմ բոլորս եւ վստահ եմ, որ մեր կարելին եւ թերեւս աւելին պէտք է ներդնենք այս ուղղութեամբ՝ թէ՛ անհատապէս եւ թէ՛ բոլորս միասին»:
Դիւանագիտական յանձնախումբի յանձնաժողովին աշխատանքներուն մեկնարկը ողջունած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արարողակարգի եւ արտաքին յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արքեպիսկոպոս Յովհաննիսեան, որ ներկայ գտնուելով մեկնարկային նիստին՝ ըսած է. «Մեր մշակոյթը իրապէս մեր ամենակարեւոր զէնքը եղած է, եւ այսօր կարիք կայ, որ այդ զէնքը գործածենք խաղաղ նպատակներով»:
Իրականութեան մէջ այս յանձնախումբը ստեղծուեցաւ այն տագնապալի իրողութենէն ետք, երբ Արցախի վերջին պատերազմէն ետք Ատրպէյճան քանի մը անգամ, զանազան քայլերով փորձեց վերացնել Արցախի պատմամշակութային ժառանգութեան հայկական հետքերը եւ զայն ներկայացնել իբրեւ աղուանական կամ ատրպէյճանական: Յանձնախումբը առաջնային նպատակ ունի՝ կանխել այդ ժառանգութեան պղծումը, ոչնչացումը եւ անոր պատկանելիութեան նենգափոխումը:
«Վտանգուած ժառանգութիւն․ Արցախ» ցուցահանդէսը այդ ուղղութեամբ կատարուած առաջին քայլն է:
Բացի Վահէ Գաբրիէլեանի լուսանկարներէն, ներկայացուած են նաեւ լուսանկարներ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի արխիւէն, Հայկական ճարտարապետութիւնը ուսումնասիրող հիմնադրամէն, յուշարձանագէտ Սամուէլ Կարապետեանի արխիւէն, Մաշտոց Մատենադարանէն: Ցուցադրուած են նաեւ անհատ լուսանկարիչներու՝ Անուշ Ղաւալեանի, Վլատիմիր Գէորգեանի, Դաւիթ Յակոբեանի, Դաւիթ Ղահրամանեանի, Լեւոն Եպիսկոպոսեանի, Սասուն Դանիէլեանի, Վահրամ Թաթիկեանի եւ միջազգային ճանաչում ունեցող լուսանկարիչ Փոլ Մելորի աշխատանքներէն. անոնք զանազան տարիներ նկարած են Արցախի հարստութիւնները: Բոլոր լուսանկարներուն մէջ, ինչպէս կը վկայեն ցուցահանդէսի կազմակերպիչները, կ՚երեւի, որ Արցախը ունեցած է հայկական հնագոյն պատմութիւն եւ այդ պատմութեան խօսուն վկաները մշակութային ժառանգութիւնն է, որուն տէր պէտք է կանգնին ոչ միայն հայերը, այլեւ՝ աշխարհը ընդհանրապէս, քանի որ այդ ժառանգութիւնը համամարդկային հարստութիւն է:
Արցախի ժառանգութեան մասին գրուած կան հարիւրաւոր գիրքեր, որոնց մեծ մասը թարգմանուած է օտար լեզուներու:
Օտար վաւերագրողներ, դարերէ ի վեր, Արցախի մէջ ըլլալով, միշտ արձանագրած են անոր հարստութիւնը, անոր հայկական դրոշմը: Վկայութիւնները կը պահուին թանգարաններուն մէջ, Արցախը ինքը բացած էր իր պատմութիւնը ներկայացնող թանգարաններ:
Վերջին պատերազմին հետեւանքով, դժբախտաբար Արցախի թանգարաններէն շատերը՝ Շուշիի բոլոր թանգարանները, Հադրութի թանգարանը անցած են Ատրպէյճանի վերահսկողութեան տակ: Ատրպէյճանին անցած են անոնց մէջ պահուող մեծարժէք թանգարանային նմոյշները, եզակի հաւաքածոները, որոնց կազմումին համար տարիներ եւ գումարներ ներդրուած են: Հայկական կողմը մինչ օրս տեղեկութիւն չունի, թէ Ատրպէյճան ի՛նչ ըրած է թանգարանային հարստութիւնը: Հայկական կողմը տեղեկութիւն չունի նաեւ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ են Տիգրանակերտ հնագոյն քաղաքը, Ազոխի եւ Քարինտակի քարանձաւները, այլ կառոյցներ…
Ցուցահանդէսին զուգահեռներ գծուեցան անցեալ դարասկիզբին պատմական Հայաստանի մէջ հայերուն ձգած պատմամշակութային ժառանգութեան հետ, որ նոյնպէս աւերումի եւ քանդումի զոհ գացած է…
Այս ցուցահանդէսով հայ դիւանագիտական ողջ անձնակազմը լծուած է աշխարհին ներկայացնելու աղաղակող ճշմարտութիւնը… Ցուցահանդէսը նախատեսուած է ներկայացնել նաեւ արտասահմանի մէջ:
ՇՈՒՇԻԻ ԳԻՐՔԵՐԸ
Լուսանկարներն ու գորգերը՝ իրենց կարգին, բայց առանձնակի ուշադրութեան արժանի են Շուշիի մէջ տպուած առաջին գիրքերը, որոնք ներկայացուած էին ցուցահանդէսին: Հնատիպ հայկական գիրքերը կը փաստեն, որ Շուշին հայաշունչ եղած է ամենահին ժամանակներուն: Հայ մարդը, ուր որ ալ ապրած է, ապաւինած է գիր ու գրականութեան եւ այդ հաւատքը ներդրած է նաեւ Շուշիի մէջ, ուր հիմնած է տպարաններ, ուր լոյս տեսած են գիրքեր, թերթեր եւ այլ արժէքաւոր հրատարակութիւններ:
Հայ գիրքի տպագրութիւնը հայրենիքէն հեռու սկզբնաւորուած է՝ Վենետիկ (1512) եւ հասած ուրիշ օտար ափեր (Մատրաս, Կալկաթա, Վիեննա, Պոլիս, Զմիւռնիա եւ այլուր), իսկ հայրենիքէն ներս 1771 թուականին տպագրական գործը հասած է Էջմիածին: Հայաստանի տարածքին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմածինի տպարանէն ետք երկրորդ տպարանը, որ գործած է, Շուշիի մէջ հիմնուած է 1827 թուականին, զոր հիմնած են զուիցերացի բողոքականները, եւ այս տպարանին մէջ լոյս տեսած է աւելի քան քսան գիրք։
Մեսրոպատառ առաջին գիրքը, որ հրատարակուած է Շուշիի մէջ՝ «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց» խորագրով գիրքն է, որ զուիցերացի քարոզիչներուն բացած առաջին տպարանին մէջ լոյս տեսած է 1828 թուականին: Զուիցերացի բողոքականներու գործունէութիւնը Շուշիի մէջ տեւած է եօթ-ութ տարի։ Ղարաբաղի մետրապոլիտ Պաղտասար Հասան Ճալալեանը բողոքականներէն գնած է տպարանը եւ զայն 1885 թուականին վերակոչած է «Տպարան հայոց հոգեւոր տեսչութեան»: Կրթութեան յարգը գիտցող այս գործիչը գումար տրամադրած է՝ Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան հրատարակութիւններէն մէկական օրինակ ձեռք ձգելու համար եւ զանոնք սեփական տպարանին մէջ վերահրատարակելու եւ տարածելու նպատակով։ Հասան Ճալալեանի անմիջական եւ հետեւողական ղեկավարութեամբ տպարանը գործած է կանոնաւորապէս, Մոսկուայէն գնած են նոր տառատեսակներ ու տպագրական պարագաներ։ Թեմակալ առաջնորդն ալ հանդէս կու գար նաեւ որպէս գիրքերու տպագրութեան հովանաւոր։ Այստեղ լոյս տեսած են թարգմանական եւ գեղարուեստական գործեր։
1854 թուականին տպարանը ղեկավարած է Թեմակալ առաջնորդ Գէորգ Եպիսկոպոս Վեհապետեան, որ շարունակած է տպարանի բարենորոգութիւնը, ձեռք բերած է նոր տպագրական սարքեր ու տառատեսակներ, պատրաստած է գրաշար ու տպագրիչ վարպետներ։ Տպագրութեան գործի աշխուժացման նպաստած է բացումը թեմական, օրիորդաց, մասնաւոր դպրոցներուն, որոնց աշակերտութեան համար անհրաժեշտ էին դասագիրքերու ու ձեռնարկներու բաւականաչափ տպաքանակներ։
1862-1864 թուականներուն տպարանը վարձակալած է Մինաս Տարղլիճեանց։ Հոգեւոր թեմական դպրոցի տեսուչ Խորէն Վարդապետ Ստեփանէն 1874 թուականին հոս տպագրած է իր «Հայկական աշխարհ» ամսագիրը։ Այս տպարանին մէջ լոյս տեսած են Եսայի Հասան Ճալալեանի «Պատմութիւն կամ յիշատակ ինչ-ինչ անցից՝ դիպելոց յաշխարհին Աղուանից», «Ծիսարան, որ կոչի Մաշտոց», «Տետր այբբենական» եւ «Կրօնագիտութիւն» գիրքերը: 1864 թուականին հոս լոյս տեսած են Պերճ Պռոշեանի «Ղարաբաղու տիրամայր Սուրբ Մարիամու օրիորդաց ուսումնարանի բացուիլը» գրքոյկը, ինչպէս նաեւ անոր թարգմանութեամբ Կ. Եզեանցի «Ներքին կեանք Հին Հայաստանի» աշխատութիւնը, իսկ 1866 թուականին՝ Հ. Թերճիմանեանի «Համառօտ պատմութիւն հայոց» աշխատութիւնը: 1888 թուականին տպագրուած է Մանուկ Աբեղեանի «Նմոյշները» բանաստեղծութիւններու ժողովածոն:
Տպարանին գործունէութիւնը կ՚ընդհատուի 1920 թուականին, Ատրպէյճանի կողմէ Շուշիի գրաւումով: Տպարանին գոյքը կը թալանուի, շէնքը կը հրդեհուի: Խորհրդային իշխանութեան տարիներուն տպարանին շէնքը կը վերակառուցուի 1950-ականներուն, մասնաւոր անձանց ուժերով՝ երկու քիւրտ եղբայրներու կողմէ՝ շէնքին մաքրման ժամանակ գտնուած ոսկիով:
Շուշիի ազատագրման ժամանակ, նահանջող Ատրպէյճանի բանակը կը հրդեհէ շէնքը: Հայերը կրկին կը նորոգեն զայն եւ մինչեւ Արցախի վերջին պատերազմը հոգեւոր տեսչութեան տպարանը կը գործէր որպէս արուեստի ցուցասրահ:
Շուշիի մէջ այլ տպարան մը՝ Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի տպարանը, գործած է իր տան կից կառոյցի մը մէջ, ուր կ՚աշխատէին իր որդիները: 1879-1905 թուականներուն ամենաշատ գիրքերը՝ 54 անուն, տպագրուած են այս տպարանին մէջ: Առաջին հրատարակութիւնը եղած է «Պատմութիւն մտաւոր զարգացման Եւրոպիոյ» գիրքին առաջին հատորը՝ Սուրբ Էջմիածինի միաբան Արիստակէս Սեդրակեանի թարգմանութեամբ եւ այս տպարանին մէջ իրենց աշխատանքային մկրտութիւնը ստացած են սրբագրիչ, յետագային՝ մեծ պատմաբան Լէոն, Աբէլ Ապրեսեանը, Տիգրան Նազարեանը։ Այս տպարանին մէջ, 1881 թուականին լոյս տեսած է Րաֆֆիի «Խենթը»։ Տպարանը գործած է մինչեւ 1905 թուականը՝ Շուշիի մեծ հրդեհը։
Պատմական ուրիշ տպարան մը՝ Մելքում Պապաճանեանի տպարանը, գործած է 1910-1919 թուականներուն, ուր լոյս տեսած են ոչ միայն մէկ տասնեակէ աւելի գիրքեր, այլեւ՝ պարբերականներ։
1874-1920 թուականներուն միջեւ Շուշիի մէջ լոյս տեսած է 28 անուն թերթ եւ հանդէս, որոնցմէ 25-ը՝ հայերէն, 3-ը՝ ռուսերէն: 1891 թուականին Շուշիի մէջ գործած է երեք գրախանութ:
Այս բոլոր թիւերն ու փաստերը կը վկայեն այն մասին, որ հայերէն գիրքերը եւ թերթերը աննպատակ լոյս չէին տեսներ՝ Շուշին ունեցած է զարգացած, կրթուած եւ ուսեալ հասարակութիւն, ընթերցասէր հայ բնակչութիւն:
1912 թուականին, Հայ գիրերու գիւտի 1500-ամեակին եւ Հայ տպագրութեան 400-ամեակին առթիւ Թէոդիկը Պոլսոյ մէջ կը տպագրէ իր նշանաւոր «Տիպ ու տառ» շքեղ հատորը, ուր ժամանակագրական կարգով կը նկարագրէ աշխարհի բոլոր երկիրներուն մէջ հիմնադրուած հայկական տպարաններուն մասին: «Տիպ ու տառ»ը ուշագրաւ փաստեր կը պարունակէ նաեւ Շուշիի տպարաններուն, անոնց գործունէութեան եւ հիմնադիրներուն մասին:
«Վտանգուած ժառանգութիւն․ Արցախ» ցուցահանդէսին ներկայացուած գիրքերուն մէջ կայ նաեւ հնագոյն Արցախի պատմութիւնը: Գիրքերը, իբրեւ պատմութիւնը ներկայացնող խօսուն վկաներ, այս ցուցահանդէսի ամենաուշագրաւ նմոյշներն են…
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան