ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ «ԿԱՐԻՆ» ՊԱՐԱԽՈՒՄԲԸ ԵԼՈՅԹ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՒ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Հայաստանի «Կարին» պարախումբը նախընթաց երեկոյեան խանդավառ ելոյթով մը հանդէս եկաւ Պաքըրգիւղի մէջ։ Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ այս ելոյթը, որ անմոռանալի դարձաւ մասնակիցներու յիշողութեան մէջ։ «Կարին» պարախումբի այս ելոյթը կազմակերպուեցաւ «Մեր պարերը եւ մենք»ի պարուսոյցներուն՝ Յակոբ եւ Նարօտ Կիւլէչ ամոլին կողմէ։ Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր, Տատեան վարժարանի տնօրէնուհի Ալիս Պայրամ, Գարակէօզեան Տան տնօրէնուհի Արուսեակ Քոչ-Մոնէ, Տատեան վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Հերմինէ Պենլիօղլու եւ բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ Երեկոյթի սկիզբին ողջոյնի խօսքերով հանդէս եկան Սեւան Աթաօղլու եւ Ալիս Պայրամ։ Պաքըրգիւղի ընտանիքին կողմէ յատկացուած էր դահլիճը, իսկ Գարակէօզեան Տան խնամակալութիւնն ալ զօրակցութիւն բերած էր այս ձեռնարկի իրագործման համար։
«Կարին»ի գեղարուեստական ղեկավար Գագիկ Կինոսեան եւս ներկաներուն ուղղեց իր սրտի խօսքը։ Ան այս առթիւ բացատրութիւններ տուաւ պարախումբի ներկայացուցած պարերու շրջաններուն մասին։ Այս համոյթը տասնհինգ տարիէ ի վեր կը ծաւալէ բեղուն գործունէութիւն։ Երեկոյթի յայտագրին մաս կազմեցին զանազան աւանդական պարեր՝ հայաբնակ երբեմնի գաւառներէն կամ շրջաններէն։ Որպէս նուագախումբ եւ պարախումբ՝ «Կարին» գեղաուեստասէրներուն ներկայացաւ քսանհինգ հոգիէ բաղկացեալ կազմով մը։ Բոլոր հանդիսատեսները հրաժեշտ առին խորապէս տպաւորուած։
Հարկ է նշել, որ «Կարին» պարախումբը Իսթանպուլէն անցաւ՝ դէպի Իտալիա ճամբորդելու ճանապարհին։ Իտալիոյ մէջ համոյթը յառաջիկայ օրերուն պիտի մասնակցի փառատօնի մը։ Վերադարձի ճանապարհին ալ «Կարին» պիտի անցնի Իսթանպուլէն եւ յառաջիկայ 12 Մարտին նախատեսուած է ուրիշ ելոյթ մը եւս։