ԿԻՐԱԿՄՈՒՏՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ. ՄԵՐԺԵԼ ԲԱՀԱՂԸ ԵՒ ԸՆՏՐԵԼ ԶԱՍՏՈՒԱԾ

Վաղը, կիրակի, 4 յունիս 2023-ին, Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին պիտի յիշատակէ Սուրբ Եղիա մարգարէին տօնը: Եղիա մարգարէն Հին կտակարանի ամենէն կարկառուն դէմքերէն մէկն է, եւ այն քիչերէն մէկը, ով երկինք վերացուած առանց մահանալու:

Վաղուան ճաշու ընթերցուածները հետեւեալներն են.

Գ. Թագաւորացէն 18.29-46:
Դ. Թագաւորացէն 2.1-15:
Յակոբոս առաքեալի ընդհանրական թուղթէն 5.16-20:
Ղուկասի Աւետարանէն 4.25-30:

Նոր կտակարանեան ընթերցումներուն մէջ յիշատակութիւն կը կատարուի Եղիա մարգարէի մասին: Սուրբ Յակոբոս առաքեալ կը գրէ. «Եղիա մեզի նման կիրքերու ենթակայ մարդ էր. բայց երբ աղօթեց որ անձրեւ չգայ, երեքուկէս տարի չանձրեւեց երկրի վրայ: Ապա դարձեալ աղօթեց, եւ երկինքը անձրեւ տեղաց ու երկիրը իր բերքը տուաւ» (Յհ 5.17-18): Իսկ Ղուկասի Աւետարանին մէջ կը կարդանք Տէր Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը. «Ձեզի օրինակներով խօսիմ: Իսրայէլի մէջ բազմաթիւ այրիներ կային Եղիայի օրերուն, երբ երեքուկէս տարի երկինքը չանձրեւեց եւ ամբողջ երկրին մէջ սաստիկ սով տիրեց: Բայց Եղիա անոնցմէ ոեւէ մէկուն չղրկուեցաւ, այլ ղրկուեցաւ Սիդոնի մօտիկ Սարեփթա գիւղը բնակող այրի կնոջ մը» (Ղկ 4.25-26) (այս մասին կարդալ Գ. Թագաւորաց 17.8-24):

Յակոբոս առաքեալին յիշած անձրեւ գալու դէպքը դարձեալ կը գտնենք Գ. Թագաւորաց գիրքին մէջ: Եղիա մարգարէն Բահաղի մարգարէներուն հետ տեսակ մը մրցակցութեան կը մտէ անձրեւի, մարտահրաւէր կարդալով անոնց: Գ. Թագաւորացին մէջ կը կարդանք.

Եղիա Բահաղի մարգարէներուն ըսաւ. «Ձեզի զուարակներէն մէկը ընտրեցէք, վասն զի դուք շատուոր էք ու ձեր աստուծոյն անունը կանչեցէք, բայց կրակ մի՛ դնէք»: Անոնք իրենց զուարակը առին ու պատրաստեցին եւ առաւօտէն մինչեւ կէսօր Բահաղին անունը կանչեցին ու ըսին. «Ո՛վ Բահաղ, մեզի պատասխան տուր». բայց ձայն չկար: Պատասխան տուող չկար: Անոնք իրենց շինած սեղանին քով կը ցատկռտէին: Երբ կէսօր եղաւ, Եղիա զանոնք ծաղր ընելով ըսաւ. «Բա՛րձր ձայնով կանչեցէք, քանզի անիկա աստուած է. թերեւս խօսակցութիւն մը ունի կամ զբաղած է, կամ ճամբորդութիւն կ՚ընէ, կամ թերեւս քնացած է ու պէտք է որ արթննայ»: Անոնք բարձր ձայնով կը պոռային ու իրենց սովորութեանը պէս դանակներով ու գեղարդներով իրենց մարմինները կը կտրտէին, մինչեւ որ իրենց վրայէն արիւն սկսաւ վազել: Երբ կէսօրը անցաւ, մինչեւ իրիկուան զոհին ատենը մարգարէութիւն ըրին ու ձայն չկար ու մտիկ ընող չկար:

Այն ատեն Եղիա բոլոր ժողովուրդին ըսաւ. «Ինծի մօտեց՛էք»: Բոլոր ժողովուրդը անոր մօտեցաւ: Անիկա Տիրոջ փլած սեղանը նորոգեց: Եղիա տասներկու քար առաւ Յակոբի որդիներուն ցեղերուն թիւովը, որուն՝ Տիրոջ խօսքը եղաւ՝ ըսելով. «Քու անունդ Իսրայէլ ըլլայ»: Այն քարերով Տիրոջ անուան սեղան շինեց ու սեղանին բոլորտիքը փոս մը փորեց, որ երկու գրիւի չափ հունտ կ՚առնէր: Փայտերը շարեց ու զուարակը կտոր-կտոր ըրաւ եւ փայտերուն վրայ դրաւ, ու ըսաւ. «Չորս սափոր լեցուն ջուր բերէք եւ ողջակէզին վրայ ու փայտերուն վրայ թափեցէք»: Ու ըսաւ. «Երկրորդ անգամ այպէս ըրէք» ու երկորդ անգամ այնպէս ըրին ու ըսաւ. «Երրորդ անգամ այնպէս ըրէք» ու երրորդ անգամ այնպէս ըրին: Եւ ջուրը սեղանին բոլորտիքը քալեց ու փոսն ալ ջուրով լեցուեցաւ:

Եւ իրիկուան զոհ մատուցանելու ատենը Եղիա մարգարէն մօտեցաւ ու ըսաւ. «Ո՛վ Եհովա Աստուած Իբրահամի, Իսահակի եւ Իսրայէլի, այսօր թող գիտցուի թէ Իսրայէլի մէջ Դո՛ւն ես Աստուած ու ես Քու ծառադ եմ եւ այս բոլոր բաները Քու խօսքովդ ըրի: Ինծի պատասխան տուր, ո՛վ Տէր, ինծի պատասխան տուր ու այս ժողովուրդը թող գիտնայ թէ Դո՛ւն ես Աստուած, ո՛վ Տէր եւ թէ անոնց սիրտը ետ դարձնողը Դո՛ւն ես»: Այն ատեն Տիրոջմէն կրակ իջաւ եւ ողջակէզն ու փայտերը եւ քարերն ու հողը այրեց ու փոսին մէջի ջուրն ալ լափեց: Բոլոր ժողովուրդը այս բանը տեսնելով՝ երեսի վրայ ինկան ու ըսին. «Եհովան է Աստուած, Եհովան է Աստուած»:

Ու Եղիա անոնց ըսաւ. «Բահաղին մարգարէները բռնեցէք ու անոնցմէ մարդ մը թող չազատի»: Զանոնք բռնեցին ու Եղիա զանոնք Կիսոն հեղեղատը իջեցուց եւ հոն զանոնք մեռցուց:

Եղիա Աքաաբին ըսաւ. «Վե՛ր ելիր, կեր ու խմէ՛, վասն զի անձրեւի ոտնաձայն կայ»: Աքաաբ ուտելու ու խմելու ելաւ: Եղիա Կարմեղոս լեռը ելաւ ու գետինը ծռեցաւ ու երեսը ծունկերուն մէջ դրաւ եւ իր մանչուն ըսաւ. «Հիմա ե՛լ ու ծովուն կողմը նայէ»: Անիկա ելաւ նայեցաւ ու ըսաւ. «Բան մը չկայ»: Եղիա եօթը անգամ՝ «նորէն գնա՛» ըսաւ, ու եօթներորդ անգամին մանչը ըսաւ. «Ահա ծովէն մարդու թաթի չափ պզտիկ ամպ մը կ՚ելլէ»: Եղիան ըսաւ. «Ելի՛ր, Աքաաբին ըսէ՝ "կառքդ լծէ՛ ու իջի՛ր, որպէսզի անձրեւի չբռնուիս"»: Մինչդեւ ասդին անդին դառնալը երկինք ամպերով սեւցաւ ու հով կար ու սաստիկ անձրեւ եկաւ: Աքաաբ հեծաւ, Յեզրայէլ գնաց: Տիրոջ ձեռքը Եղիային հետ եղաւ ու անիկա իր մէջքը պնդեց ու մինչեւ Յեզրայէլին մուտքը Աքաաբին առջեւէն վազեց (Գ. Թգ 18.25-46):

Ոմանց համար հետաքրքրական, ոմանց համար զարմանալի, որոշներու համար ալ անհաւատալի կրնայ թուիլ այս հատուածը: Իրականութիւնը, սակայն, այն է, որ այս դէպքը պատահած է եւ դարերով շարունակ որպէս դաս ու պատգամ տարուէ տարի, օրէ օր կը փոխանցուի ամբողջ մարդկութեան:

Այսօր եւս կան բազմաթիւ Բահաղներ ու անոնց ծառայողներ, որոնք հեռացած ըլլալով Ճշմարտութենէն, լքած ըլլալով Կենդանի Աստուածը մեռելոտի բաներու, մահ բուրող բաներու ետեւէն կը վազեն, իրենց հետ վազեցնելով նաեւ շա՜տ շատերուն:

Այսօրուան մեր կեանքը եթէ նայինք, ուշի ուշով սերտենք ու քննենք, ապա պիտի նկատենք ու գիտակցինք, որ մեր ունեցած ամէն տեսակի կախուածութիւնները, ստրկութիւնները՝ գիտակից կամ անգիտակից, մեզի համար մէկական Բահաղներ են, որոնք կ՚արգիլեն, կը խոչընդոտեն մեր ընթացքը առ Աստուած, արգելք կը հանդիսանան մեր ապրելակերպի բարելաւումին ու առաքինի կեանքով ապրելուն: Հեռուները պէտք չէ՛ փնտռել հետեւաբար Բահաղին կամ Բահաղներուն, այլ՝ նախ եւ առաջ մեր մէջ, մեր ներսիդին, ապա միայն մեզ շրջապատող ընկերութեան մէջ:

Մեր կախուածութիւնները մէկական Բահաղներ են ըսի, որովհետեւ Բահաղի եւ անոր ծառայակիցներուն «առաքելութիւն»ը ի՞նչ էր, եթէ ոչ մարդիկը հեռացնել ճշմարիտ ճանապարհէն, մարդոց թոյլ չտալ հասնելու համար Ճշմարիտ Աստուծոյ գիտութեան, այլ խօսքով՝ անոնց պարտականութիւնը մարդիկը մոլորեցնելն էր: Այսօր, մեր կախուածութիւնները նոյնպէս, եթէ ուշադրութեամբ զննենք զանոնք, պիտի գիտակցինք ու հասկնանք, թէ նոյն պարտականութիւնն է որ կը կատարեն, մեզ՝ Աստուծմէ հեռացնելու, մեզ դատարկելու մեր մարդկայնութենէն, վերածելով անբան անասուններու, որոնք ո՛չ նպատակ, ո՛չ կոչում եւ ո՛չ ալ որեւէ մէկ տեսակի հետաքրքրութիւն ունի թէ՛ այս կեանքի եւ թէ՛ ալ հանդերձեալ կեանքի նկատմամբ:

Կարեւորը, սակայն, Բահաղներու եւ անոր ծառայակիցներուն ներկայութիւնը չէ՛ մեր կեանքին մէջ, այլ՝ կարեւորը մեր պատրաստակամութիւնն ու գիտակցութիւնն է բահաղներէն ազատելու մեր կամքին:

Արդեօք գիտակցելէ ետք մեր ունեցած կախուածութիւններուն ու թերութիւններուն՝ կը փորձե՞նք անոնցմէ ձերբազատիլ, թէ՞ անտարբերութեամբ կը վարուինք, ձգելով, որ այդ արատը երթալով աճի ու մեծնայ, վերածուելով մեծ պալարի, որմէ ձերբազատիլը ահագին դժուար ու տանջալից կ՚ըլլայ:

Արդեօք նկատելէ ետք, որ գերին դարձած ենք որեւէ մէկ տեսակի սովորութեան, կ՚աշխատի՞նք՝ ինչքան ալ ծանր ըլլայ այդ աշխատանքը հեռո՛ւ վանել մեզմէ այդ սովորութիւնը, եւ կամ՝ նուազագոյնը, այդ սովորութիւնը ենթարկեցնենք մեզի, եւ փոխանակ մենք անոր գերին ըլլալու, զայն մեր հպատակը դարձնենք:

Արդեօք հասկնալէ ետք, որ Բահաղի ծառայ ու ստրուկ դարձած ենք, պահուան մը համար կը մտածե՞նք մեզի սպասելիքին մասին, ու կը ջանանք անմիջապէս մերժել անոր ստրկատիրութիւնը, ու անդամագրուիլ եւ զինուորագրուիլ Աստուծոյ Թագաւորութեան:

Ի վերջոյ, արդեօք մեղքի, անասնական, պղծութեան կեանքը մեզի համար աւելի նախընտրելի ու հաճելի՞ է, քան մարդկային, բարոյական, մաքուր ու առաքինի կեանքը, ուր կ՚արտացոլուի Աստուծոյ պատկերն ու նմանութիւնը, որով մարդ իր ապրած կեանքով կ՚ըլլայ տիպար մը ո՛չ միայն ինքն իր համար, այլեւ՝ իր շրջապատին ու իր ապրած ընկերութեան համար:

Հետեւաբար, ջանանք ու փորձենք, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ներսիդիէն արմատախիլ ընէ Բահաղը ու անոր բերած վատ ու յոռի սովորութիւնները, եւ տեղ տայ Աստուծոյ, որպէսզի գայ ու բնակի մեր ներսիդին ու մեզ զարդարէ Իր Սուրբ Հոգիին շնորհներով, որպէսզի Անով զօրացած համարձակութեամբ կարենանք ըսել.

Ո՜վ մեր Աստուած, Հայր Ամենակալ, Աստուածը բոլորին, որոնք Քու կամքդ կը կատարեն ու Քեզ կ՚ընդունին իրենց յարկերէն ներս՝ թագաւորելու: Լուսաւորէ՛ մեր միտքերը, որպէսզի գիտնանք թէ Դո՛ւն միայն ես Աստուած, եւ Քեզմէ զատ ուրիշ չկայ: Պայծառացո՛ւր մեր հոգիները, որպէսզի վերանանք այս նիւթական աշխարհէն, ձերբազատին այն բոլոր կախուածութիւններէն ու սովորութիւններէն, որոնք մեզ կը նիւթականացնեն, ու դառնանք հոգիի մարդ, հոգեպէս ապրող, որովհետեւ Դուն երբ մեզ ստեղծեցիր մեր մէջ հոգի փչեցիր, ինչպէս նաեւ տուիր մեզի Քու պատկերդ ու նմանութիւնդ, ապա սորվեցուր մեզի հաւատարիմ մնալ այդ պատկերին ու նմանութեան: Ուժ տուր մեզի, որպէսզի կարենանք մեզմէ վանել Բահաղներն ու ամէն բահաղային երեւոյթները, Քեզ ճանչնանք մի միայն Տէր ու Աստուած ու Քեզմով առաջնորդուելով կարենանք յաղթահարել Բահաղին ու անոր պատճառած փորձութիւններուն ու նեղութիւններուն: Այս բոլորը կարենալ ընելու համար, Տէ՜ր, սորվեցուր մեզի սիրել, սիրել այնպէս ինչպէս Դուն մեզ սիրեցիր, սիրել անմնացորդ, սիրել առանց փոխարէնը սպասելու, որպէսզի կարենանք մեր ունեցած սիրով յաղթահարենք աշխարհը ու հասնինք Քեզի, փառաւորելու համար յաւիտեան Քեզ, Որդիիդ ու Սուրբ Հոգիիդ հետ միասին, յաւտեանս յաւիտենից: Ամէն:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

28 մայիս 2023, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունիս 3, 2023