ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԱՏՐՊԱՏԱԿԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԷՆ ՆԵՐՍ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅՈՒՇԱՐՁԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏՔԵՐՈՎ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ատրպատականի Թեմէն ներս վերջերս կեանքի կոչուած է հրատարակչութեան կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, Թեմակալ Առաջնորդ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի հեղինակութեամբ հրատարակուած է՝ «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմէն ներս հայկական յուշարձաններու հետքերով» գիրքը։ Թաւրիզի մէջ բոլորովին վերջերս լոյս տեսած է այս գործը, որ Իրանի տարածքէն ներս գտնուող հայկական հարուստ ժառանգութեան վրայ լոյս կը սփռէ բազմակողմանիօրէն։
Ինչպէս ծանօթ է, Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան վերջին տարիներուն ստանձնած է թեմակալ առաջնորդի պաշտօնը եւ զուգահեռաբար Ատրպատականի Թեմէն ներս սկիզբ առած է աշխոյժ շրջան մը։ Նորին սրբազնութիւնը վերջին տարիներուն բռնած է հետքը հայկական այն սրբավայրերուն եւ յուշարձաններուն, որոնք կը գտնը-ւին իր հոգեւոր իշխանութեան սահմաններէն ներս։ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան այս գործը յառաջ տարած է մեծ եռանդով, պատասխանատուութեամբ, նաեւ պաշարով։ Իւրաքանչիւր շրջագայութեան մասին ան գրի կ՚առնէր տպաւորութիւններ։ Այդ ուղեգրութիւնները ոչ միայն լոյս կը սփռէին անցեալի հարուստ ժառանգութեան վրայ, այլ նաեւ վաւերագրական նշանակութիւն ունէին՝ ներկայ կացութիւնը առարկայական եւ ամբողջական ձեւով ցոլացնելու առումով։ Հայ աշխարհի զանազան զանգուածային լրատուութեան միջոցներ արձագանգ հանդիսացան Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանի այդ ուղեգրութիւններուն։ Ի լրումն այդ բոլորին, նորին սրբազնութիւնը եկած է գրասէր-հետաքրքիրներու տրամադրութեան տակ դնել այս գիրքը, որ ունի նաեւ գիտական նշանակութիւն։ Սա «Ուղեւորութիւն Ատրպատականի Հայոց Թեմէն ներս հայկական յուշարձաններու հետքերով» խորագրեալ գործի առաջին հատորն է, որ կը բաղկանայ 546 էջէ։ Թեմի աւելի քան 200 եկեղեցիներէն 95-ին մասին նորագոյն տեղեկութիւններ, լուսա-նըկարներ եւ պատմական ծանօթութիւններ կը բովանդակէ գիրքը, որ կ՚ընդգրկէ նաեւ հնագիտական եւ այլ բնոյթով հետազօտութիւններ։ Որպէս հեղինակ՝ Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեան բաւական կարեւոր գործ մը տեսած է, իսկ որպէս առաջնորդ՝ իր կատարած գործին նշանակութիւնը, բնականաբար, բարձր կը գնահատուի՝ իրեն յանձնուած հօտին նկատմամբ, անոր ժառանգութեան նկատմամբ տածուած գիտակցութեան տեսակէտէ։
Մինչ այդ, շաբաթավերջին, Ս. Թադէի պատմական վանքին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ այս գիրքի շնորհանդէսը։ Թեմական խորհուրդի հովանաւորութեամբ գինեձօնը կազմակերպուած էր Թաւրիզի Հայ համալսարանականներու միութեան վարչութեան կողմէ։ Նկատի ունենալով, որ Ս. Թադէի վանքը պատմական սրբավայր մըն է, ուխտավայր մը ու իսկապէս խորհրդանշական կոթող մը՝ շնորհանդէսին համար ընտրուած վայրը լիուլի կը համընկնէր այն զգայնութիւններուն հետ, որոնք այս գիրքի հրատարակութեան ծնունդ տուած են։ Հաւաքոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Տքթ. Վարդան Սիմոնզ, Անահիտ Յակոբեան եւ յանուն թեմի իշխանութիւններուն՝ Ռուբիկ Ջանանեան։
Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Տ. Գրիգոր Եպսկ. Չիֆթճեանը եւ իրեն յաջողութիւն կը մաղթենք՝ սոյն շարքի ապագայ հատորներու հրատարակութեան համար։