ԿԻՐՔԵՐ՝ ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՐՁԱՆԻ ՇՈՒՐՋ
Ինչպէս արդէն յայտարարուած է՝ 2024 թուականին մեծանուն ֆրանսահայ երգիչ, Հայաստանի ազգային հերոս Շարլ Ազնաւուրի ծննդեան 100-ամեակին նուիրուած միջոցառումներու ծիրին մէջ Երեւան քաղաքի Ֆրանսայի հրապարակին վրայ կը տեղադրուի Շարլ Ազնաւուրի յուշարձանը: Ֆրանսայի հրապարակը Երեւանի Սայաթ-Նովայի ու Մեսրոպ Մաշտոցի պողոտաներու հատման կէտի վրայ է՝ Օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնի շէնքի դրացնութեամբ: Այդ անունով կոչուած է 2006 թուականին՝ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի օրերու առթիւ, նաեւ հրապարակի բացումին ալ բազմաթիւ հիւրերու կարգին մասնակցած են Ֆրանսայի այդ շրջանի նախագահ Ժաք Շիրակ եւ Շարլ Ազնաւուր։ Մտաւորականները կը քննարկեն արձանի տեղադրման փաստը, ըսելով, որ Ազնաւուրի մասնակցութիւնը Ֆրանսայի հրապարակի բացումին, տակաւին բաւարար հիմք չէ, որ այդ հատուածին վրայ դրուի իր արձանը, մաւանանդ, որ հոն արձան մը արդէն կայ դրուած: Ֆրանսայի հրապարակին վրայ 2011 թուականին տեղադրուած է 19-րդ դարու ֆրանսացի նշանաւոր արձանագործ Ռոտենի հեղինակած մէկ արձանը՝ նուիրուած ֆրանսացի նկարիչ Ժիւլ Պաստիէն-Լըփաժին: Ըստ Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ կնքուած համաձայնագրին, Ռոտենի հեղինակած այդ արձանը Ֆրանսայի հրապարակին վրայ ալ պիտի դրուէր, ուստի տեղափոխութիւնը համաձայնագրի խախտում կը սեպուի: Եւ որպէսզի համաձայնագիրը շատ չխախտուի, քաղաքապետարանը որոշած է ֆրանսացիներու նուէր այդ արձանը շատ հեռու չտանիլ իր տեղէն. կը դիտարկեն շատ մօտ վայր մը՝ կա՛մ Սարեանի պուրակին կամ Պետական երաժշտանոցին մերձ տեղ մը կը դրուի Ֆրանսայի նուիրուած այդ քանդակը: Իսկ ինչո՞ւ Ֆրանսան որոշեց Ռոտենի արձանը նուիրել Հայաստանին: Օրին յայտարարուած է, որ Ռոտեն բարեկամութեան խորհրդանիշ է, սերտ կապեր ունէր Հայաստանի հետ. ան կը պատկանի Ֆրանսայի այն մտաւորականներու խումբին, որոնք ծանօթ էին «Հայրենասէր» անունով: Այդ խումբի անդամ փիլիսոփաները, արուեստագէտները, քաղաքական գործիչները իրենց ուժերը համատեղած են՝ դատապարտելու անցեալ դարասկիզբի դէպքերը, որոնց զոհ գացած են նաեւ հայեր:
Շարլ Ազնաւուրի արձանը տակաւին չէ շինուած. յուշարձանի նախագիծի ընտրութեան համար յայտարարուած է բաց մրցոյթ, որու ընթացքին ստացուած է 37 յայտնախագիծ: Այդ նախագիծերը ներկայացուցած են տասներկու հոգիէ բաղկացեալ մասնագիտական յանձնախումբի մը քննարկման: Յանձնախումբի կազմին մէջ ընդգրկուած են Երեւանի քաղաքապետարանի պատասխանատուներ, Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներ, ոլորտի հեղինակաւոր մասնագէտներ: Անոնց որոշումին պիտի գումարուի նաեւ հանրային քուէարկութեան արդիւնքը:
Հանրութիւնը արձանի քուարկէութեան մասնակից դարձնելու որոշմամբ քաղաքապետարանը փորձած է թափանցիկութիւն ապահովել եւ «Աքթիւ քաղաքացի» հարթակին վրայ 37 նախագիծի նկարներն ալ դրած է: Քաղաքացիները ոչ միայն աշխոյժ քուէարկութեան չեն ուղղուած, այլեւ ներկայացուած 37 գործին շուրջ մեծ աղմուկ հանած են՝ մէկը միւսէն անյաջող նկատելով: Երեւանցիները, մանաւանդ արուեստագէտները, դէմ են ներկայացուած նախագիծերուն, կը պնդեն, թէ քանդակներէն ոչ մէկը կը բնորոշէ մեծ հայը: Արձաններու մանրակերտերը պատրաստուած են զանազան ոճերով. անոնցմէ ամէն մէկը ցոյց կու տայ Ազնաւուրը՝ զանազան կերպարներով, դիրքերով, հիմնականը՝ երաժշտութեան, բեմի հետ կապուած գաղափարներ ներառուած են գործերու մէջ, կան նաեւ վերացական արձաններ, որոնց մէջ յայտնի չէ արձանին տիրոջ ո՛վ ըլլալը: Ազնաւուրի արուեստի սիրահարները շատ սուր ընդունած են բոլոր կերպարները, անոնք երգիչը չեն պատկերացներ նման կերպարներու մէջ, մանաւանդ՝ անդէմ:
Մինչ արձանը ընտրելը, մեծ ընդդիմութիւն կայ արձանը Օփերայի շրջակայքը տեղադրելու առումով: Կը նշուի, որ Երեւանի մէջ կայ Շարլ Ազնաւուրի հրապարակ, եթէ անոր յիշատակը պիտի յարգուի եւ անունն ալ յաւերժացուի, կ՚առաջարկեն իր անունը կրող հրապարակի վրայ դնել Ազնաւուրի արձանը: Քաղաքապետարանը մերժած է այս առաջարկը՝ ըսելով, թէ Ազնաւուրի հրապարակի տարածքը՝ Աբովեան փողոցի վրայ, փոքր է, իսկ նախատեսուող արձանը մեծ պիտի ըլլայ եւ այդ տարածքին համապատասխան չէ: Արուեստագէտներ կը հակադարձեն, որ պայման չէ մարդու մեծութիւնը ցոյց տալու համար մեծ յուշարձան դնել, փոքր արձանը նոյնիսկ կրնայ բնորոշել երգիչը, եթէ զայն սարքուած է տաղանդով: Կը յիշեցնեն, որ Ազնաւուր փոքրամարմին էր, եւ չափով մեծ արձանը դէմ պիտի ըլլայ իր կերպարին:
Խումբ մը արուեստագէտներ այն կարծիքին են, որ Ազնաւուրի արձանը առհասարակ պէտք չէ դնել Երեւանի մէջ, քանի որ անոր արձանը Հայաստան տեղ մը արդէն կայ: Այդ տեղը Կիւմրին է, ուր 2011 թուականին դրուեցաւ մեծ երգիչին յուշարձանը՝ Կիւմրիի Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ: Ժամանակին այդ արձանը նոյնպէս անյաջող որակուած է, հակառակ որ Ազնաւուր ինքը մանրակերտը տեսած եւ հաւնած է:
Ինչ կը վերաբերի երեւանեան արձանին, ապա Ազնաւուրի ընտանիքի երեւանաբնակ անդամները (կրտսեր որդին եւ հարսը) աշխոյժ կերպով ներգրաւուած են այս գործընթացին եւ կարծես թէ ունին նախընտրած քանդակագործ մըն ալ, որ մասնակցած է մրցոյթին: Մրցոյթէն առաջ Երեւանի քաղաքապետի թեկնածու Տիգրան Աւինեան Ազնաւուրի ընտանիքի անդամներուն հետ այցելած է քանդակագործ Դաւիթ Երեւանցիի երեւանեան արուեստանոց, հաւնած են անոր պատրաստած Ազնաւուրի արձանի մանրակերտը, նախնական միայն այդ տարբերակը քննարկուած է: Անոնք յայտարարած են այդ մասին, բայց մեծ քննադատութիւններու արժանացած են՝ նախ առանց մրցոյթի արձան ընտրելու, երկրորդ՝ իրենց կողմէ հաւանութեան արժանացած քանդակագործը քաջալերելու կապակցութեամբ: Մեծ աղմուկ բարձրացաւ, որ առանց քննարկումներու քաղաքի կեդրոնը դրուելիք կարեւոր արձան կ՚ընտրուի, ատկէ ետք յայտարարուեցաւ մրցոյթ, որուն յայտ ներկայացուցած է նաեւ Դաւիթ Երեւանցին: Յուշարձանի վերջնական ընտրութեան արդիւնքը պարզ կը դառնայ մօտ օրերս: Ընտրուելէ ետք, նոյն արձանէն հատ մըն ալ նախատեսուած է դնել Փարիզի մէջ:
Արուեստաբան Լիլիթ Սարգսեան ներկայացուած արձաններու մասին ըսած է. «Շարլ Ազնաւուրը փոքրամարմին էր, բայց արուեստի մեջ կայ խնդիր՝ ցոյց տալ անոր անձին մեծութիւնը, եւ քանդակագործը պէտք է այնքան տաղանդաւոր ըլլայ, որ կարողանայ շրջանցել արուեստագէտին բնորոշ մարմնական առանձնայատկութիւնները ու այնպիսի հնարքներու դիմէ, որ ցոյց տայ անձին մեծութիւնը։ Ես ամենայն պատասխանատուութեամբ, որպէս արուեստաբան կ՚ըսեմ, որ Դաւիթ Երեւանցին այդ մէկը իրականացնելու ունակ չէ. Երեւանի մէջ անոր հեղինակած Ուիլիըմ Սարոյեանի արձանը՝ ձեզի օրինակ»:
Դաւիթ Երեւանցին Փարիզի մէջ ապրող հայաստանցի քանդակագործ մըն է: Յայտնի է Փարիզի, Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ իր դրած քանդակներով: Երեւանի մէջ Ուիլիըմ Սարոյեանի, Վատիկանի մէջ Գրիգոր Նարեկացիի եւ Փարիզի մէջ ալ Կոմիտասի արձաններու հեղինակն է: Անոր բոլոր արձանները միշտ օրին զանազան քննադատութեան կ՚արժանանան, ապա կամաց-կամաց կ՚ընդունուին, բնակչութիւնը կը վարժուի ատոնց…
Նկարիչ Յաղթանակ Շահումեան վստահ է, որ Ազնաւուրի արձանի նախատեսած տեղւոյն վրայ արձան չի դրուիր, քանի առկայ է փոխադրամիջոցներու խիտ հանգոյց, եւ նպատակայարմար չէ տեղադրել արձանը՝ երթեւեկելի խաչմերուկի կեդրոնը:
Նոյն կարծիքին է նաեւ լուսանկարիչ Սամուէլ Սեւադա, ան կ՚ըսէ, որ այնպիսի վայր մը ընտրուած է, որ անհնար պիտի ըլլայ մօտենալ եւ արձանը մօտէն տեսնել կամ ծաղիկ դնել: Սամուէլ Սեւադա դիմելով փոխ-քաղաքապետ Տիգրան Աւինեանին՝ ըսած է.
«Առհասարակ, այդ տեղը պարտադիր չէ որեւէ արձան դնել: Ուղղակի արձանի տեղ չէ, ո՛չ դիտման կէտ ունի, ո՛չ ալ հնարաւոր է մօտենալ, ըսենք ծաղիկ դնելու, կամ որեւէ ձեռնարկ կազմակերպելու համար, որովհետեւ ինքնաշարժներու հոսքը օրուան բոլոր՝ 24 ժամերուն ահաւոր է այդ տեղը: Երկրորդը՝ եթէ շատ-շատ կ՚ուզէք ատոր համար Ազնաւուրի հրապարակը աւելի յարմար է՝ «ԿինոՄոսկուա»ի եւ Նկարիչներու միութեան շէնքին մէջտեղը, բայց ի հարկէ՝ ո՛չ այս ներկայացուած մահարձաններէն որեւէ մէկը:
«Երրորդ՝ Կիւմրիի մէջ արդէն կայ Ազնաւուրի արձանի խայտառակ նախադէպը, որ յուսով եմ՝ շուտով կը հանեն՝ ահաւոր անճաշակութեան պատճառով:
«Չորրորդ՝ կը բաւէ մայրաքաղաքն ու ընդհանրապէս երկիրը մեղմ ըսած՝ «արձանախեղդ » ընէք:
«Հինգերորդ՝ հետաքրքրական ու ժամանակակից մտածողութեամբ յագեցած քանդակային ծաւալներ տեղադրելու համար կան այգիներ, ուր շատ աւելի լաւ կը նայուին մեր շնորհալի ու տաղանդաւոր քանդակագործներուն գործերը, որոնք կը մնան արուեստանոցներու մէջ ու ժամանակի հետ կը կորսուին անհետ»:
Նկարչուհի Լիլիթ Մանարեան ներկայացուած մանրակերտերուն արձագանգած է հետեւեալ խօսքերով. «Բացի վերջինէն, բոլորն ալ ունին մարմնական անհամաչափութիւն, բայց վերջինն ալ հաստ, ճնշող, խորհրդային ու առհասարակ գերեզմանաքար կը յիշեցնէ։ Ոչ մէկը հաւնած եմ։ Լաւ, այս մարդիկ տեսա՞ծ են Ազնաւուրի գոնէ մէկ կենդանի կատարում՝ հեգնալից թեթեւութիւնը, որ կը թաքցնէր ողբերգութիւնը, բայց ասիկա արդէն երկրորդ շերտն է...»։
Քննարկումները եւ կիրքերը արձանի մրցոյթի շուրջ կը շարունակուին:
ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ
Կիւմրիի մէջ Շարլ Ազնաւուրի արձանի բացումին, ի դէպ, ներկայ եղած է ինք՝ Շարլ Ազնաւուր: Այդ ժամանակ բացառիկ երեւոյթ կը դիտուէր, որ մարդու մը ողջ եղած ժամանակ կը դրուի անոր արձանը: Քանդակագործը կիւմրեցի արձանագործ Սամուէլ Պետրոսեանն է, որ պատմած է, թէ ողջ մարդու արձան կերտելու ժամանակ անպայման պէտք է անոր կարծիքը նկատի առնել: Այդ մէկը ընդունուած կարգ է: Քանդակագործը քանի մը մանրակերտեր սարքած է եւ ցոյց տուած Ազնաւուրին, ան հաւնած էր այն մէկը, որու հիմքի վրայ ալ Կիւմրիի արձանը պատրաստուած է: «Երբ կը քանդակէի՝ հարցուցի՝ պարոն Ազնաւու՛ր, ինչպէ՞ս է: Ըսաւ՝ շատ լաւ է: Ստուգելու համար երկրորդ անգամ հարցուցի, ըսաւ՝ լաւ է, քանի որ արձանը աւելի երիտասարդ է», պատմած է Սամուէլ Պետրոսեան, յիշելով նաեւ, որ Ազնաւուրը իր արձանի բացումին օրը քաղաքի մուտքէն մինչեւ արձանի մօտ ոտքով գացած է, եւ կիւմրեցինեը 13 տեղ կեցուցած են անոր՝ 13 տեղն ալ մատաղի միս հիւրասիրած են: Երբ Ազնաւուրը մօտեցած է արձանին, կատակած է՝ առաջին անգամ պիտի հանուիմ ժողովուրդին առջեւ: Յետոյ սաւանը քաշած է արձանի վրայէն եւ ըսած. «Ես փոքրամարմին եմ, բայց իմ հսկայ արձանս ձեզի կը ձգեմ»:
ԱԶՆԱՒՈՒՐԻ ԱՐՁԱՆՆԵՐ
Շարլ Ազնաւուրի միւս արձանները դրուած են արդէն անոր մահէն ետք: 2021 թուականին Փարիզի քաղաքապետարանը Փարիզի Օտէոն հրապարակը, Շարլ Ազնաւուրի սկզբնական տարիներուն ապրած Մէօսիէօ լը Փրենս փողոցին վրայ տեղադրեց Ալիս Մելիքեանի՝ 1964-ին քանդակած կիսանդրիի պրոնզաձոյլ տարբերակը: Ի դէպ, այդ արձանը նոյնպէս տեսած է Ազնաւուր եւ հաւնած: Հայաստանի մէջ 1964 թուականին, երեք օրերու ընթացքին բուռն եւ անկեղծօրէն ստեղծուած այդ քանդակը այսօր Փարիզը կը զարդարէ: «Ազնաւուր» հիմնադրամի եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Վառնայի ներկայացուցչութեան միջեւ համագործակցութեան շնորհիւ Պուլկարիայի Վառնա քաղաքին մէջ 2022 թուականին դրուեցաւ Ազնաւուրի եւս մէկ արձան:
Ազնաւուրի արձան մըն ալ դրուած է Արցախի մայրաքաղաքը՝ Ստեփանակերտի մէջ: Հեղինակը արցախցի քանդակագործ Եուրի Յովհաննիսեանն է: Այդ արձանը Ստեփանակերտի մէջ դրուեցաւ վերջին պատերազմէն ետք՝ 2021 թուականին: Արցախցիները այդ կերպով իրենց երախտիքի խօսքը ըսին ֆրանսացի ժողովուրդին, որ միշտ Արցախի հետ եղած է: Այսօր ալ, Արցախի համար ծանր օրերուն, Ֆրանսան Արցախի կողքին է: Ստեփանակերտի մէջ Ազնաւուրի կիսանդրիի բացման առթիւ անոր որդին՝ «Ազնաւուր» հիմնադրամի համահիմնադիր եւ տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Նիքոլա Ազնաւուրը իր եւ ընտանիքի անունով շնորհակալութիւն յայտնած եւ ողջոյնի խօսքեր յղած է, մասնաւորապէս նշելով.
«Իմ հայրս՝ Շարլ Ազնաւուրը, շատ կը սիրէր Արցախը, ան շատ հաճելի յիշողութիւններ ունէր Գանձասար, Վանք եւ այլ գեղեցիկ վայրեր այցելութիւններէն։ 2020-ի սեպտեմբերին «Ազնաւուր» հիմնադրամը նախաձեռնած է մարդասիրական օգնութեան ծրագիրներ՝ ուղղուած Արցախի պատերազմէն տուժած բնակիչներուն, ինչ որ կ՚ընէր Ազնաւուրը, եթէ ողջ ըլլար»:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւան