ԲԵԹՂԵՀԷՄԻ ՄՍՈՒՐԷՆ ԵԿԱԾ ՋԵՐՄՈՒԹԻՒՆԸ

Դարեր առաջ Երուսաղէմի մէկ խուլ անկիւնը, պարզ ու պաղ քարայր մը յանկարծ ջերմացաւ: Այդ ջերմութիւնը տարբեր էր ուրիշ ջերմութիւններէ, որովհետեւ տակաւին մինչեւ այսօր այդ ջերմութիւնը կը զգան բոլոր անոնք, որոնք հաւատացին այդ ջերմութիւնը բերող Փրկիչին՝ Յիսուս Մանուկին:

Այդ ջերմութիւնը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ աստուածային սէրը, որով Աստուած մարդացաւ, որպէսզի մարդկութիւնը փրկէ իր անկեալ վիճակէն:

Աստուածային սէր, որ մղեց Փրկիչին յանձն առնել մերկանալ Իր Աստուածութենէն, մարդկային բնութիւն ստանալ, որպէս մարդ ծնիլ եւ ապրիլ մարդոց մէջ, կրել անոնց նեղութիւններն ու տառապանքները, ուրախակից ըլլալ անոնց ուրախութիւններուն եւ ցաւակից՝ անոնց ցաւերուն, ինչպէս նաեւ համբերութիւն ունենալ դիմանալու անոնց ծաղրին ու պատճառած չարչարանքներուն, եւ նոյնիսկ՝ խաչելութեան:

Աստուածային սէր, որ ամբողջ երեք տարիներ միմիայն օրհնութիւն բաշխեց մարդոց եւ մինչեւ այսօր կը շարունակէ բաշխել:

Աստուածային սէր, որ մարդոց հիւանդութիւններուն ո՛չ միայն դարման տուաւ, այլ ցոյց տուաւ ճամբան այդ հիւանդութիւններէն մէկ անգամ ընդ միշտ ձերբազատելու:

Աստուածային սէր, որ սորվեցուց մեզի մեզմէ խոնարհ եղողներուն ոտքերը լուալ, ծառայել բոլորին, օգնութեան ձեռք մեկնել կարօտեալին, հացի կտոր մը երկարել՝ սովածին, գաւաթ մը ջուր՝ ծարաւին, հագուտ տալ՝ հագուստի կարիք ունեցողին, մեր յարկերէն ներս ընդունիլ ընտանեկան սիրոյ եւ ջերմութեան կարիք ունեցողներուն:

Այսօր մարդկութիւնը աւելի քան երբեք կարիք ունի Բեթղեհէմի մսուրէն եկած ջերմութեան, որովհետեւ սիրոյ պապակ կը զգացուի ամէնուր:

Այսօրուան մարդը կարիք ունի Յիսուս Մանուկի բերած ջերմութեան, որովհետեւ իր հոգին սառած է եւ զգացումները անզգայացած:

Այսօր մարդկութիւնը սիրոյ՝ աստուածային սիրոյ յեղափոխութեան կարիք ունի, որպէսզի կարենայ վերջ դնել մարդկային արեան բաղնիքներուն, որ յանուն շահի, իշխանութեան եւ նիւթական անխնայ կերպով կը հոսին աշխարհով մէկ:

Այսօրուան մարդը կարիք ունի Յիսուս Մանուկի բերած սիրոյն, որպէսզի կարենայ ճշմարտապէս սիրել իր նմանը, որովհետեւ միայն այդպիսով կարելի է վերջ դնել մարդկային վայրագութիւններուն, որոնց մասին ականջալուր կը դառնանք գրեթէ ամէն օր:

Ի՞նչ պէտք է ընել սակայն, որպէսզի կարենանք Բեթղեհէմի մսուրէն եկած ջերմութեան հետ հաղորդակից դառնանք: Պատասխանը պարզ է. հետեւիլ մեր Արարիչի օրինակին, որ «ա՛յնքան սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի Անոր հաւատացողը չկորսուի, այլ յաւիտենական կեանք ունենայ» (Յհ 3.16):

Մեր Արարիչը սիրեց մեզ եւ Իր Միածինը ղրկեց, Իր սէրը անվերապահօրէն բաշխեց բոլորիս, եթէ կ՚ուզենք այդ սիրոյն հաղորդակից ըլլալ, ուրեմն մե՛նք եւս պէտք է սիրենք զԻ՛նք՝ ինչպէս Ինք մեզ սիրեց, այսինքն՝ Աստուծոյ համար ո՛չ մէկ բան խնայենք՝ ինչպէս Ինք չխնայեց նոյնիսկ Իր Միածին Որդին:

Երբ մարդ կարենայ այս գիտակցութեան հասնիլ եւ պատրաստ ըլլայ ամէն ինչ զոհել յանուն Աստուծոյ, ապա Բեթղեհէմի մսուրէն եկած ջերմութեամբ պիտի ողողուի իր սիրտը, եւ այդ ջերմութիւնը պիտի սկսի տարածել իր շրջապատին մէջ, զայն փոխանցելով բոլոր անոնց, որոնք ո՛չ միայն այդ ջերմութեան կարիքը ունին, այլեւ՝ կը փնտռեն այդ ջերմութիւնը:

Մենք յաճախ մեր աղօթքներուն մէջ մեր կարիքներուն մասին կը խօսինք եւ կը յայտնենք, թէ այսինչ կամ այնինչ բանին կարիքը ունինք, կամ կարիքը ունինք Աստուծոյ այցելութեան, ողորմութեան եւ օրհնութեան, սակայն այդ բոլորը խօսքի եւ խնդրանքի սահմանէն անդին չեն անցնիր: Այլ խօսքով, մենք կ՚ըսենք, թէ Աստուծոյ այցելութեան կարիքը ունինք, բայց գործնականօրէն ո՛չ մէկ պատրաստութիւն կը տեսնենք՝ դիմաւորելու համար զԻնք:

Կ՚ըսենք, թէ Աստուծոյ ողորմութեան կարիքը ունինք, բայց կը զլանանք մեր աւելցուքով իսկ օգնել մեր նմանին՝ ով ինք եւս ողորմութեան կարիք ունենալով կը մօտենայ մեզի:

Կ՚ըսենք, թէ Աստուծոյ օրհնութեան կարիքը ունինք, բայց կը մերժենք օրհնել մեր նմանները, որոնք օրհնութեան խնդրանքով յաճախ կը մօտենան մեզի:

Ի վերջոյ, կը փափաքինք Բեթղեհէմի մսուրէն եկած ջերմութեան, բայց մոգերուն եւ հովիւներուն նման չե՛նք երթար փնտռելու եւ գտնելու համար այդ մսուրը, ուրկէ կու գայ այդ ջերմութիւնը: Արդարեւ, մոգերը չբաւարարուեցան միայն փնտռելով մսուրը, այլեւ նուէրներ մատուցին նորածին Արքային (տե՛ս Մտ 2.1-12): Հովիւները լսելէ ետք հրեշտակներուն տուած աւետիսը, նախ անոնց հետ սկսան զԱստուած օրհնաբանել ըսելով.

«Բարձունքներուն մէջ Աստուծոյ փա՜ռք,
խաղաղութի՜ւն երկրի վրայ
եւ մարդոց միջեւ հաճութիւն»
(Ղկ 2.14):

Ապա, հրեշտակները երկինք բարձրանալէ ետք, իրարու ըսին. «Եկէք Բեթղեհէմ երթանք եւ տեսնենք պատահածը, այն ինչ որ Տէրը մեզի յայտնեց» (Ղկ 2.15):

Եկէք այսօր մենք եւս հովիւներուն նման դիմենք Բեթղեհէմի մսուր, երթանք այդ մսուրին հետքերով, գտնենք զայն, որպէսզի անկէ եկող ջերմութեան հաղորդակից ըլլանք, որովհետեւ այդ ջերմութիւնն է, որ պիտի կարենայ մեր վէրքերուն սպեղանի, մեր խնդիրներուն լուծում, մեր հիւանդութիւններուն ապաքինում եւ մեր ցաւերուն դեղ ու դարման ըլլալ:

Չտկարանանք դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն դիմաց, այլ՝ մսուրէն ստանալիք ջերմութեան՝ աստուածային սիրոյ նկատմամբ հաւատքով վառուած դիմենք այնտեղ, որպէսզի կարենանք ստանալ այդ ջերմութիւնը եւ ցնծութեամբ յատարարել ամբողջ աշխարհին, թէ՝

ՔՐԻՍՏՈՍ ԾՆԱՒ ԵՒ ՅԱՅՏՆԵՑԱՒ
ՁԵԶԻ ՄԵԶԻ ՄԵԾ ԱՒԵՏԻՍ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

3 յունուար 2025, Վաղարշապատ

Շաբաթ, Յունուար 4, 2025